Բոլորս Ալ Քիչ Մը Փոխուած Ենք Հրանդէն Ետք

[ A+ ] /[ A- ]

Սայաթ Թէքիր

ժուար է հաւատալ որ տասը տարիներ անցան այն դէպքէն ետք, ուր ականատես եղանք մարդասպանութեան մը: Ծրագրուած կանխապատրաստուած ոճիր մըն էր գործուածը: Բայց կանխատեսումները սխալ դուրս եկան: Մարդկային հեղեղ մը գոյացաւ դէպքէն ետք: Այսօր կարօտով յիշուած «Կէզիի ոգին» առաջին անգամ այդտեղ տեսանելի դարձաւ: Տարբեր ինքնութիւններով, տարբեր մտայնութիւններով բիւրաւոր մարդիկ առաջին անգամ այդ ոճիրը դատապարտելու համար մէկտեղուեցան: Հրանդի մահով բոլորս ալ քիչ մը փոխուած էինք:
ԺԹ դարու վերջերէն սկսելով Օսմանեան երկրի մէջ կեանքը հետզհետէ անտանելի դարձած էր հայոց եւ այլ ժողովուրդներուն համար: Ծանր ճնշումը կոտորածներով զարգացաւ ու 1915 թուի ցեղասպանութիւնով հասաւ իր գագաթնակետին:

Ցեղասպանութիւնը միայն մէկ տարեթիւով չէր սահմանուած հայոց համար: Հանրապետութեան շրջանին տասնամեայ հերթականութեամբ շարունակուող ճնշումները, մարդասպանութիւնները, թալանները եւ յարատեւ խտրականութիւնը ալաւելի կը դժուարացնէին հայոց կեանքը: Անշուշտ որ այս բռնութիւնը միայն հայերով սահմանուած չեր:
Հասարակական յիշողութիւն ունեցող իւրաքանչիւր ժողովուրդ ուրիշներուն ուղուած հալածանքէն ինք ալ ազդուեցաւ:
Այլընտրանք մըն էր երկիրը լքել, եւ շատեր դիմեցին այդ այլընտրանքին: Իսկ մնալ կը նշանակէր հաւատարիմ ըլլալ հայրենի երկրին: Հայոց պատմութիւնը կը վկայէ թէ երթալն ու մնալը հայու յատուկ երեւոյթներ են: Մնացողներս, այսինքն թրքահայերս մերթ ընդ մերթ համեմատաբար աւելի խաղաղ շրջաններ ապրեցանք թէեւ, բայց պետական ճնշումը յարատեւ էր մեր վրայ:
Ի դէմ այդ ճնշումին, թրքահայութիւնը ամբողջ հանրապետութեան շրջանին յաջողեցաւ ընկերային կամ քաղաքական իր կամքը դրսեւորել տարբեր կուսակցութիւններու կամ կառոյցներու միջոցաւ:
Հայոց փոփոխութիւնը
Մօտ անցեալին, յատկապէս 1980-ի զինուորական բռնատիրութեան տարիներուն, ԱՍԱԼԱ-ի գործողութիւններէն ծագաց հալածանքին դիմաց, հայ համայնքը անգամ մը եւս ինք իր մէջ ամփոփուեցաւ: Կայսրութեան տարիներէն ի վեր համայնքային դրութեան մէջ ապրող հայերու համար նորութիւն մը չէր այս երեւոյթը: Զինուրական կառավարութեան անհետացումը, ապա 24 Յունուարի որոշումներով կեանքի կոչուած նէօլիպերալ տնտեսական քաղաքականութիւններու զուգահեռ ձեւաւորուած ընկերատնտեսական կեանքէն ազդուեցան նաեւ հայերը: Երկրի հասարակութեան հետ հայերն ալ դուրս եկան իրենց փակ համակարգէն: Մանաւանդ 1915-ի ցեղասպանութեան սարսափը, 1955-ի 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը, 20 դասակարգ զինուորութեան արհաւիրքը, ունեւորութեան տուրքը, Աշքալէի ճամբարները չապրած նոր սերունդի համար պայքարի նոր դաշտ մը գոյացած էր: Այդ նոյն շրջանին «Արաս» հրատարակչութեան եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի կեանքի կոչուելով հայերու ձայնը լսելի դարձաւ երկրի ժողովուրդներուն:
2000-ական տարեթիւերուն հայոց ցեղասպանութեան նիւթի շուրջ բանավէճերը, օրէնքի նախագծերը, ոգեկոչումները, բանախօսութիւնները ազդեցին հայոց երաքաղաքականացման: 2001-ին Ֆրանսայի խորհրդարանի ընդունած ցեղասպանութեան նախագիծը, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կայացող 90 ամեակի ոգեկոչումները, Ատոմ Էկոեանի «Արարատ» ֆիլմը, բազում դժուարութիւններով իրականացած «Օսմանեան Հայերը Կայսրութեան անկման շրջանին» գիտաժողովը, «6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն յիսնամեակը» ցուցահանդէսը, ապա ցուցասրահին վրայ կատարուած յարձակումը այդ շրջանին կարեւոր իրադարձութիւնները եղան: Այդ շրջանին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հնչող ցեղապաշտ ճառերով հայերը դարձեալ օրակարգի եկան: Այդ տարիներուն ձեւաւորուեցաւ նաեւ հայոց միակ քաղաքական կազմակերպութիւնը՝ «Նոր Զարթօնք» շարժումը: Պէտք չէ անտեսել նաեւ ցեղասպանութեան 90 ամեակին ձօնուած միջոցառումները:
Ափսոս որ այդ ղրջանին Հրանդ Տինք իր կատարած յայտարարութիւններով հայոց հրապարակի վրայ տեսանելի միակ կերպարն էր: Իր մասնակցած հեռուստազրոյցները յաջորդ օր հայոց միջեւ խօսուած գլխաւոր նիւթը կը կազմէր: Տինքի հասարակութեան մէջ համարձակ ելոյթները թէ հպարտութիւն եւ թէ մտահոգութիւն կը յարաջացնէին հայոց մօտ: Միւս կողմէ հայ երիտասարդութիւնը մեծ յարգանք կը տածեր իր նկատմամբ:
Թոթափել մեռելի հողը
Ի վերջոյ հասաւ այն սեւ օրը եւ մեր բոլորին աչքերուն առջեւ գործուեցաւ ազգային համաձայնութիւնով պատրաստուած ոճիռը: Ինչպէս որ 2 Յուլիս 1993-ին ժամեր շարունակ դիտելու դատապարտեցին Սեբաստիա, հրկիզուած Մատըմաք հիւրանոցի բոցերուն մէջ 34 մտաւորականներու զոհաբերութիւնը, 19 Յունուար 2007-ին ալ դատապարտուեցանք մայթին վրայ ինկած Հրանդ Տինքի անշունչ մարմինը դիտելու:
23 Յունուարին կատարուած թաղման թափորին մասնակցող բազմազգի եւ բազմակրօն զանգուածը աննախադէպ բազմութիւն մը կը կազմէր: Թաղման ծէսը հայոց վերաքաղաքականացման խթանը եղաւ: Համայնքի անդամները խղճի խայթ կը զգային Տինքը առանձին թողած ըլլալու պատճառաւ: Յաջորդող ինը տարիներու ընթացքին 19 Յունուար թուականը հասարակութեան տարբեր խաւերը մէկտեղող զօրակցութեան օրի մը վերածուեցաւ:
Իսկ հայ երիտասարդութեան համար այս ոճիրը, նախապէս ընտանիքի երեց անդամներուն բերնէն լսուածներուն մարմնաւորումն էր: Տինքի սպանութենէն ետք Սեւակ Պալըքճը եւ Մարիցա Քիւչիւքի ատելութեան թրթումով գործուած ոճիռներու զոհ դառնալը թէ կը յիշեցնէին հայ մնալու դժուարութիւնը եւ թէ կը թոթափէր համայնքին վրայ մաղուած հարիւրամյա մեռելի հողը: Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան ոգեկոչումները, դարադարձի յատուկ բանախօսութիւնները կը նպաստէին այդ հողին թոթափման եւ որոշ զարմանքով կը դիտուէին Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի կողմէ:
Համաշխարհային զարգացումներ եւ անոնց Թուրքիոյ ցոլացումը
Հայերու մօտ նկատուած այս վերաքաղաքականացումը համաշխարհային զարգացումներէն անջատ չեն եղած: Համաշխարհային գետնի վրայ Խորհրդային Միութեան տարանջատումէն ետք առաջարկուած «Աշխարհի նոր համակարգը» համայնավարութեան փոխարէն կը ներկայանար նէօլիպերալ քաղաքականութեամբ: Թուրքիոյ հայերը բնականաբար կ’ազդուէին երկրի քաղաքական զարգացումներէն: Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք հասարակական բողոքի ալիքներու մասնակցութիւնը յատկապէս «Կեզի» զբոսայգիի դիմադրութեան օրերուն տեղի ունեցաւ: Հայ երիտասարդներ այդ օրերուն հայ ինքնութիւնը տեսանելի դարձուցին նման զանգուածային միջադէպի մէջ:
Բացի այդ, հայ ինքնութեան հասարակութեան մէջ տեսանելի դառնալուն ծառայող չեզոք գործողութիւններ ալ նկատուեցան նոյն տարիներուն: Օրինակի համար հեռուստաէկրանի վրայ դիտողներուն ձայներով ճշդուած մրցումներուն, կամ Եւրոտեսիլի քուէարկութիւններու հայեր իրենց տուներուն ապահովութեան մէջ, լոկ SMS-ի դրութեամբ զօրակցեցան հայ մրցորդներուն եւ նպաստեցին հայու ինքնութեան տեսանելի դառնալուն:
100 տարի ետք դիմադրութեան փորձ մը
Ցեղասպանութեան հարիւրամյակը մեծ նշանակութիւն ունէր համայն հայութեան համար: Թրքահայերը հակասող զգացումներով դիմաւորեցին դարադարձը: Թէ անցեալի ուրուականը կը պատկերանար իրենց առջեւ, եւ թէ կը ճնշէր «ալ կը բաւէ» զգացումը: 2015-ի Ապրիլեան միջոցառումներէ անմիջապէս ետք, 6 Մայիսին սկիզբ առաւ Քամփ Արմէնի դիմադրութիւնը: Նոր Զարթօնք շարժումին շուրջ համախմբուած հայ երիտասարդութիւնը Կեզիի փորձառութեամբ 175 օր դիմադրեցին հայապատկան ճամբարի յափշտակման դէմ եւ հասան յաղթանակի: Յաղթանակը ճամբարին վերատիրանալէն աւելի խորունկ նշանակութիւն մը ունի՝ հայ ժողովուրդի որոշ մէկ հատուածին քաղաքական պայքարի մը համար կամք դրսեւորելը: Ինչպէս որ Կեզիի ապստամբութիւնը միայն մէկ խմբակի վերագրել կարելի չէ, Քամփ Արմէնի դիմադրութիւնն ալ յաղթանակի հասաւ զանազան ժողովուրդներու Հրանդ Տինքի աւանդը պաշտպանելու համար մէկտեղումով: Բոլորս ալ քիչ մը փոխուած էինք Հրանդէն ետք, եւ ան անգամ մը եւս մէկտեղած էր մեզ:
Եւ այսօր
Հարկ է նշել թէ թրքահայոց մօտ վերջերս նկատուած քաղաքականացումը վերջին տարիներուն որոշ նահանջ մը կ’ապրի: Երկրի հետզհետէ մենատիրական բռնակալութեան մը տանող ճանապարհին մէջ երբ բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ բանտարկուած են, մամուլը ծանր ճնշումներու կ’ենթարկուի, հայերն ալ սմքած են բոլորին հետ: Անգամ մը եւս օրակարգի եկած է երթալու եւ մնալու ընտրութիւնը: Լքել երթալու խորհուրդը ինքնին արգելք մըն է քաղաքականացման դէմ:
Վերջապէս 19 Յունուարը ճակատագրական թուական մըն է մեզ՝ բոլորիս համար:
:

Նոր Զարթոնք շարժումին շուրջ համախմբուած հայ երիտասարդութիւնը Կեզիի փորձառութեամբ 175 օր դիմադրեցին հայապատկան այգիի յափշտակման դէմ եւ հասան յաղթանակի: Յաղթանակը ճամբարին վերատիրանալէն աւելի խորունկ նշանակութիւն մը ունի՝ հայ ժողովուրդի որոշ մէկ հատուածին քաղաքական պայքարի մը համար կամք դրսեւորելը:

23 Յունուարին կատարուած թաղման թափորին մասնակցող բազմազգի եւ բազմակրօն զանգուածը աննախադէպ բազմութիւն մը կը կազմէր: Թաղման ծէսը հայոց վերաքաղաքականացման խթանը եղաւ: