«Ես Հայկական թաղի մը մէջ մեծնալէ վերջ հասկցայ թէ Հայերը ինչպիսի խտրականութեան ենթարկուած են»

[ A+ ] /[ A- ]

unnamed

Մարմարա

Հէ-Տէ-Փէ Կուսակցութեան Համանախագահ եւ Հանրապետութեան Նախագահութեան թեկնածու Սէլահատտին Տէմիրթաշ Իսթանպուլ՝ Կալաթասարայի Ճէզայիր հաւաքասրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ, Յոյն, Հրեայ եւ Ասորի համայնքներէն հրաւիրուած անձերու հետ եւ ընդգծեց մէկզմէկու հետ միասնութիւն պահելու, ամէն տեսակ խտրականութեան դէմ գալու հրամայականները։

Տէմիրթաշ բաւական աշխոյժ ընտրապայքար մը յառաջ կը տանի այս օրերուն եւ կրցաւ Հանրապետութեան Նախագահութեան թեկնածու երեք անձերէն մէկը հանդիսանալ։ Անկախաբար այն հարցէն թէ ան որքա՞ն բախտ ունի ընտրուելու, կասկած չկայ որ պիտի ապահովէ գրեթէ ամբողջ Քիւրտ զանգուածին քուէները։ Տէմիրթաշ Քիւրտերու կողքին, ուզած էր շահիլ համակրանքը նաեւ տարբեր կրօնքներու համայնքներուն։ Մնաց որ այդ համայնքները միշտ համակրանքով նայիլ ուզած են Տէմիրթաշին։

Այս հաւաքոյթի ընթացքին Տէմիրթաշին կ՚ընկերակցէին Հէ-Տէ-Փէէ Իսթանպուլի Երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր, Հայերու նկատմամբ իր համակրանքով յայտնի Սուր գաւառակի նախկին Քաղաքապետ Ապտուլլահ Տէմիրպաշ եւ Հէ-Տէ-Փէէն ներկայացուցիչներ։

Դռնփակ նիստէ մը առաջ Տէմիրթաշ խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ ընդգծեց այն կարգախօսը թէ «Մեր հողը մեր հայրենիքն է», ըսաւ որ բոլոր անիրաւուածներուն ու ճզմուածներուն իրաւունքները պաշտպանելով ընկերային հաշտութեան համակարգ մը ստեղծելու արշաւ պիտի քալեցնեն։ Ան ըսաւ որ ձեռք ձեռքի տալով վերջ պիտի տանք ամէն տեսակ խտրականութեան։

«Մանկութեան շրջանէս ի վեր գտնուած եմ խտրականութեան ենթարկուած հատուածներու մէջ, ըսաւ Տէմիրթաշ։ Ես մեծցայ Հայկական թաղամասի մը մէջ։ Քանի մեծցայ, այնքան աւելի լաւ հասկցայ թէ ինչպիսի խտրականութեան մը ենթարկուած էին Հայերը։ Այսպիսի բան մը հասկնալու համար պէտք է որ մեծնաս։ Հասկցանք որ մենք ալ Թուրքիոյ մէջ միշտ «Ուրիշ»ը նկատուեր ենք եւ լուր իսկ չենք ունեցեր։ Քանի մեծցանք ու Պետութեան հետ երես առ երես եկանք, հասկցանք ճշմարտութիւնը։ Ես ալ հասկցայ թէ ինչ էր տիրող մտայնութիւնը. «Մէկ լեզու, մէկ կրօնք կայ, եթէ կրնաս յարմարիլ այս վարկածին, այն ատեն կրնաս ապրիլ համահաւասար հայրենակցի նման»։

Տէմիրթաշ ըսաւ որ այս հաւաքոյթին նպատակը քուէ ապահովել չէ։ Ասիկա իր ցարդ կազմակերպած հաւաքոյթներուն ամէնէն նշանակալիցն է։ Այս հաւաքոյթին նպատակն է իրականացնել երես առ երես գալու պատմական հանգրուան մը եւ ամուր հիմքերու վրայ նստեցնել իրենց տեսիլքը։ Մենք Քրտական մեր ինքնութեան պատճառաւ Անգարայի մէջ միշտ զգացինք որ «Ուրիշ»ը կը նկատուէինք։ Բայց եթէ Թուրքերն ալ առարկայական կերպով նային, պիտի հասկնան որ իրենք ալ «Ուրիշ»ն են։ Այս Պետութիւնը Թուրքերունն ալ չէ։ Որովհետեւ կայ այլասերած ու «ուրիշ»ը դարձուած Թրքական ինքնութիւն մը որուն իրենք ալ մաս չեն կազմեր։ Ասիկա շատ կարեւոր խնդիր է, ըսաւ ան։

Տէմիրթաշ, որ միշտ արտայայտած է նմանօրինակ գաղափարներ, ըսաւ որ հակառակ ամէն տեսակ ճնշումի ու պարտադրութեան, հակառակ մէկ ազգ հասկացողութեան, մենք «ուրիշ»ներս պիտի շարունակենք ապրիլ միասնաբար։ Թէ_ պիտի ապրինք, թէ_ զմեզ պիտի կառավարենք։ Բոլոր անոնց որոնք միակ ազգութեան ու ցեղապաշտութեան մասին կը խօսին, մենք յամառօրէն պիտի ըսենք որ մենք այս հողերուն մասնիկներն ենք, այս հայրենիքին հաւասար տէրերն ենք։

Տէմիրթաշ իր ճառախօսութեան ընթացքին խօսեցաւ Թուրքիոյ Պետութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեանց մասին։ «Պետութիւնը պարտական է ներողութիւն խնդրել Հայերէ, Յոյներէ, Ասորիներէ։ Ասիկա կարեւոր է նաեւ անով որ պիտի նշանակէ թէ այս հողերուն վրայ այլեւս ցեղասպանութիւն պիտի չգործադրուի։ Մենք կ՚ուզենք եղբայրաբար ապրիլ Թուրքերուն հետ, բայց եթէ այս հողերուն վրայ կայ Հայ մը որմէ ներողութիւն չէ խնդրուած, այս եղբայրութիւնը կը հակասէ արդարութեան։ Այս պարտքը Թուրք ժողովուրդին ճիտին չենք կրնար կապել։ Պետութիւնը պէտք է խնդրէ։ Ալեւիներուն կամ Հայերուն ներողութիւն խնդրել մը պարտական ենք։ «Իմ հողս, իմ հայրենիքս» ըսելու տեղ պէտք է ըսուի «Մեր հողը, մեր հայրենիքը»։

Իր ճառախօսութեան վերջաւորութեան Տէմիրթաշ ըսաւ. «Երէկ Ալեւիներու հետ էինք, այս առաւօտ Իսթանպուլի մէջ մէկտեղուեցանք Հայերու, Ասորիներու ու Յոյներու հետ, գիշերն ալ Մահմետականներու պիտի միանանք իֆթարի առիթով։ Մենք այսպիսի կեանք մը կառուցել կը ջանանք»։

Տէմիրթաշ ի մէջ այլոց ըսած է հետեւեալը.

«Մահմետական մը մահմետական է այն ատեն երբ կը պաշտպանէ նաեւ Հայուն կամ Յոյնին իրաւունքը»։