Խնդիրը ուրիշին ցաւը զգալն է

[ A+ ] /[ A- ]

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Նախորդ շաբ­թու վերջ հիւ­սի­սային Իրա­քի Կա­րէի շրջա­նին ուղղո­ւած զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թե­նէն ետք ալե­կոծո­ւած է նաեւ քա­ղաքա­կան դաշ­տը։ Ինչպէս ծա­նօթ է թուրք բա­նակը ՓՔՔ-ի ձեռ­քին գտնո­ւող զի­նուոր, ոս­տի­կան կամ լրա­քաղու­թեան ծա­ռայու­թեան պաշ­տօ­նեայ 13 պա­տանդնե­րը փրկե­լու նպատակով զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան մը ձեռ­նարկած էր, որու ար­դիւնքին զո­հուե­ցան թէ 13 պա­տանդնե­րը եւ թէ գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նա­կից երեք զի­նուոր­ներ։ Այս ձա­խողու­թե­նէ ետք Նա­խագահ Էր­տո­ղան եւ իր կա­ռավա­րու­թիւնը մե­ղադ­րանքի թի­րախ դար­ձուցած են ՀՏՓ կու­սակցու­թիւնը։ Այսպէս 9 պատ­գա­մաւոր­նե­րու ան­ձեռնմխե­լիու­թիւնը վե­րաց­նե­լու հա­մար սկսած է դա­տական գոր­ծո­ղու­թիւն։ Իսկ Վճռա­բեկ Ատեանը վա­ւերա­ցու­ցած է նոյն կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Էօմէր Ֆա­րուք Կեր­կերլիօղ­լո­ւի դէմ նա­խապէս վճռո­ւած պա­տիժը։ Այս առ­թիւ «Ակօս»ի աշ­խա­տակից Իշ­խան Էր­տինչ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան Կեր­կերլիօղ­լո­ւի հետ, որուն պա­տաս­խաննե­րէն հա­մառօտ մէկ հա­տուա­ծը կը ներ­կա­յաց­նենք «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն։

Կեր­կերլիօղ­լո­ւի հա­մաձայն իշ­խա­նու­թիւնը նպա­տակադ­րած է ՀՏՓ կու­սակցու­թիւնը քա­ղաքա­կան դաշ­տէն հե­ռաց­նել։ «Քա­նի որ սահ­մա­նադ­րութեան մէջ կա­տարուած փո­փոխու­թիւննե­րով դժո­ւարա­ցած է քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րը փա­կելը, կա­ռավա­րու­թիւնը կ՚ու­զէ այդ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր­նե­րը չէ­զոքաց­նել եւ այդպէ­սով ան­դա­մալոյծ ընել մեզ։ Աւելի քան 90 դա­տական մե­ղադ­րանքներ ներ­կա­յացո­ւած են մե­զի հան­դէպ»։

Իսկ գա­լով պա­տանդնե­րը փրկե­լու մա­սին աշ­խա­տու­թիւննե­րուն, պատ­գա­մաւորը նշեց որ նա­խապէս բա­զում ան­գամներ հան­դի­պած է պա­տանդնե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ։ Թէ ինք եւ թէ Հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Մու­րատ Պա­քան բա­զում ան­գամներ խնդի­րը բե­րած են Խորհրդա­րանի օրա­կար­գին, բայց իրենց առա­ջարկնե­րը միշտ մեր­ժուած են իշ­խա­նու­թեան ճա­կատի պատ­գա­մաւոր­նե­րու կող­մէ։

«Զի­նուո­րական գոր­ծո­ղու­թեան առա­ւօտուն Պաշտպա­նու­թեան Նա­խարա­րի յայ­տա­րարու­թիւնը լսե­լով ար­դէն զգա­ցի թէ ինչ կա­տարո­ւած է։ Չէ որ ան կը խօ­սէր 13 քա­ղաքա­ցինե­րու մա­հուան մա­սին։ Բայց սպան­նո­ւած­նե­րը քա­ղաքա­ցիներ չէին, այլ բա­նակա­յին­ներ, ոս­տի­կան­ներ եւ պետա­կան պաշ­տօ­նեաներ, որոնք աւե­լի քան վեց տա­րիէ ի վեր պա­տանդ էին։ Այս լսե­լով «Թո­ւիթըր»եան իմ էջի վրայ գրե­ցի հե­տեւեալը. «Այդ ըն­տա­նիք­նե­րը ին­ծի դի­մած էին։ Կրնա­յին ապ­րիլ, երա­նի թէ չմեռ­նէին»։ Իմ այս գրա­ռու­մը ահա­բեկ­չութեան քա­րոզ­չութիւն հա­մարե­ցին եւ դատ բա­ցին ին­ծի դէմ։ Մեր բո­լոր կու­սակցա­կան ըն­կերնե­րուն ուղղեալ մե­ղադ­րանքներն ալ աւե­լի տար­բեր չեն։ Հա­մաշ­խարհա­յին իրա­ւաբա­նու­թեան չա­փանի­շերով ծի­ծաղե­լի պնդումներ, որոնք կը ներ­կա­յացո­ւին մեզ քա­ղաքա­կանու­թե­նէ հե­ռու պա­հելու հա­մար»։

Իշ­խան Էր­տինչ նաեւ կը յու­շէ Էրեն Քես­քի­նի եւ Շեպ­նեմ Քո­րուր Ֆին­ճանճըի դէմ վճռո­ւած պա­տիժ­նե­րը եւ հարց կու տայ թէ խա­ղաղու­թիւն քա­րոզող­նե­րը ինչպի­սի վտան­գի մը հետ դէմ­յանդի­ման կը գտնո­ւին։

«Եթէ մէ­կու մը ոտ­քին կո­խեն միայն անոր ոտքը կը ցա­ւի։ Իսկ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րը ու­րի­շի ցա­ւին հա­մար ալ ձայն բարձրաց­նողներ են։ Ես նախ­քան որ երես­փո­խան ընտրո­ւիլ ար­դէն ու­նէի մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան գոր­ծին մէջ աւե­լի քան 20 տա­րուայ աշ­խա­տու­թիւն։ Նա­խագա­հի պաշ­տօն ստանձնած էի «Մազ­լումՏէր» մար­դա­սիրա­կան ըն­կե­րու­թեան մէջ։ Ես էի որ յա­մառօ­րէն օրա­կար­գի բե­րի ոս­տի­կանա­տու­նե­րէ կամ բան­տե­րէ ներս մերկ խու­զարկման խայ­տա­ռակու­թիւնը։ Մերկ խու­զարկու­մը մար­դու իրա­ւունքնե­րու բռնա­բարում մըն է, որ դի­տումնա­ւոր կեր­պով կը կա­տարո­ւի յատ­կա­պէս ան­հա­տը նո­ւաստացնե­լու, անոր ինքնավստա­հու­թիւնը եւ կամ­քը վե­րաց­նե­լու հա­մար։ Նախ բո­լորն ալ ու­րա­ցան այս իրո­ղու­թիւնը, հա­կառակ որ բո­լորն ալ գի­տէին թէ իրո­ղու­թիւն մըն է այս, որ կը կի­րակո­ւի տա­րինե­րէ ի վեր»։

Էօմեր Ֆա­րուք Կեր­կերլիօղ­լու քննա­դատեց նաեւ Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Էօզ­լեմ Զեն­կի­նի «Պա­տուէ­րով կը յղիանան, որ­պէսզի կա­ռավա­րու­թիւնը նեղ դրու­թեան մատ­նեն» խօս­քե­րը։ «Հարցնել կ՚ու­զեմ ար­դեօք վի­ժումներն ալ պա­տուէ­րով կը կա­տարո­ւի։ Յղի վի­ճակով բանտ մտած երեք կի­ներու այդ տե­ղի պայ­մաննե­րուն մէջ վի­ժած ըլ­լա­լու մա­սին տո­ւեալ­ներ ու­նիմ։ Յղու­թիւնը վտան­գե­լէ վախ­նա­լով -Զիս մի ձեր­բա­կալէք- աղա­չող կի­ները ի զուր տեղ ձեր­բա­կալե­ցին եւ անոնք իրենց երա­խանե­րը կորսնցու­ցին։ Այս ալ պա­տուէ­րո՞վ եղած էր»։

Իբ­րեւ վեր­ջին հար­ցումի պա­տաս­խան Էօմեր Ֆա­րուք Կեր­կերլիօղ­լու կը յայտնէ թէ հա­կառակ ընտրող­նե­րուն իրենց ուղղած «Լքե­ցէ՛ք այդ Խորհրդա­րանը եւ վե­րադար­ձէք ժո­ղոժուրդին գիր­կը» կան­չէ­րուն յա­մառօ­րէն պի­տի շա­րու­նա­կեն Խորհրդա­րանէ ներս իրենց օրի­նական պայքարը։

Արտատպուած՝ Ակօսէն