Հայոց հին կրօնները – Աստղերն ալ կը պաշտուէին Բաժնէ

[ A+ ] /[ A- ]

Sarkis SEROPYAN

Agos

Համաստեղութիւնները կամ Աստղերու խմբաւորումները անծանօթ չէին մեր նախնիներուն կամ նախահայրերուն։ «Մեծ եւ Փոքր Արջ» համաստեղութիւնները մեր մօտ կը կոչուէին «Սայլք, Բազմաստեղք, Բազմոյթ, Աղաւանք, Զրուանայ մանկունք, Եօթն աստեղք»։ Հաւանաբար ըստ զանազան բացատրութիւններու եւ զրոյցներու այսչափ անուններ առած են այս երկու աստղերու պարերը, այսուհանդերձ մեզ անծանօթ են անոնց կրօնական յատկութիւնները։ Անոնցմէ վերջինը սակայն, անունը կ՚առնէ ժողովուրդի մէջ տարածուած աւանդութենէ մը, ըստ որու, ժամանակին ապրեր են եօթը սանամայրեր, որոնք ունին եղեր միակ քաւոր մը։ Սանամայրերէն ամէն մէկը մտածեր է, որ միւսը կը հոգայ քաւորի մասին։ Քաւորը մնացեր է առանց խնամքի եւ անօթութենէ մեռեր է։ Աստուած բարկանալով սանամայրերուն, զանոնց դարձուցեր է եօթն աստղերու։

Ժողովուրդը սիրեր է երկնային երեւոյթներու, կամ այլ խօսքով երկնքի բնակիչ աստղերու մասին զրոյցներ շինել, աւանդութիւններ հիւսել, ինչպէս օրինակ՝ Յարդգողի ճանապարհի մասին, որն իբր թէ, օրին մէկը օտար երկրի աստուածներէն մէկը իր մշակները ղրկեր է մեր երկրի աստուծոյ կալէն յարդ գողնալու։ Մեր երկրի հրեշտակները փախուստի ճանապարհին նետահարեր ու սպաններ են գողերուն, որոնց մօտի յարդերը թափուեր է երկնքի երեսին ու այդպէս ալ մնացեր է մինչեւ օրս։ Ուրիշներ ալ կը պատմեն, որ մեր նախնիներէն Վահագն խիստ ձմրան օր մը ասորեստանցիներու նախնի Բարշամէն յարդ է գողցեր եւ Ծիր կաթին ալ կոչուած աստղայոյլը այդ գողցուած յարդին երկնքի վրայ մնացած հետքն է, որով անունն ալ մնացեր է Յարդագողի ճանապարհ։

Կայ նաեւ ուրիշ աւանդութիւն մը, ըստ որու, տան հարսը մարդագայլ է եղեր։ Մարդագայլը առասպելական հաւատալիքներու համաձայն ժամանակաւորապէս գայլի գիշատիչ յատկութիւններով օժտուած ու գայլի փոխակերպուած կին է։ Այս հարսը իրենց տունը եկող հիւրին ոտքերը լուալու ժամանակ կը նկատէ որ անոնք շատ փափլիկ են։ Հարսին ախորժակը կը գրգռուի եւ գիշերը կու գայ որ հիւրը ուտէ։ Բայց հիւրը կ՚արթննայ, դաշոյնը կը քաշէ ու կը հարուածէ հարսի կրծքին։ Կաթը կը ցայտէ հարսին կրծքէն եւ հետքը մշտապէս կը մնայ երկինքի վրայ. այդ պատճառաւ ալ Յարդգողի ճանապարհին կ՚ըսուի նաեւ Ծիր կաթին (կաթի հետք)։

Ծանօթ է որ առաջին աստղագէտները եղան քաղդէացիները, որոնք Արեւի, Լուսնի եւ այլ մոլորակներու կողքին կը պաշտէին նաեւ կարգ մը աստղեր։ Հայր Աբրահամի նախնիները եղող քաղդէացիները, իրենց հաւատալիքներով օրինակ եղան նաեւ դրացի ազգերու, ինչպէս՝ ասորեստանցիներու եւ հայերու։

Պէտք չէ մոռնալ, որ Երանեաններն ալ (պարսկաստանցիներ), նախ քան զրադաշտական դառնալը, Արեգակի, Լուսնի եւ աստղերու կ՚երկրպագէին։ Գալով հայերուն, իրենց նախահայր Հայկ Դիւցազնը տեղադրած էին երկինք, յունաց Օրիոն համաստեղութեան տեղ, ինչպէս նաեւ Կշիռ կենդանակերպ համաստեղութիւնը, զոր կը կոչուէր նաեւ Շամփուրք Հայկին։ Հայոց նահապետ ծանօթ էր արդէն իբրեւ, աղեղնաւոր, ունենալով շամփուր իր մէջքին։

Այս շարքը աւարտելէ առաջ քանի մը խօսքով կ՚ուզենք յիշել նաեւ ամպրոպը (փոթորիկ), որոտումն ու կայծակը։

Ամպրոպի ժամանակ հայր երկինքն ու մայր երկիրը, ծիրանի ծովու միջոցաւ կը միանան իրար եւ կը բռնուին երկունքի ցաւերով։ Երկունքի պահուն ծիրանի ծովուն մէջ կը բռնկուի կարմիր եղեքը, որու փոցերուն մէջէն կը ծնի հրեղէն մազերով, բոցավառ մորուքով, արեգակնակերպ աչքերով կայծակի եւ ամպրոպի պատանի աստուածը՝ Վիշապաքաղ Վահագնը, որ ծնուելուն պէս կը վազէ վիշապներու դէմ կռուելու։

Ամպրոպի ժամանակ, ծովու խորքերէն կամ լեռներէն երկինք կը բարձրանան վիշապները, որոնք կը կամենան կուլ տալ Արեգակին կամ փակել անոր լոյս երեսը, որպէսզի մարդիկ զրկուին անոր լոյսէն։ Այն ատեն Գաբրիէլ հրեշտակը եւ ուրիշ հրեշտակներ կը կռուին վիշապներուն դէմ եւ իրենց հրեղէն սուրերով ամպերէն դուրս կը քաշեն զանոնք։ Ամպրոպի որոտումը այդ կռուի ձայնն է, ծեծուող վիշապին գոռոցը։

Կ՚աւանդուի որ Վանայ ծովի յատակը կը բնակի ամեհի վիշապ մը, որուն հետ հրեշտակները տեւական կը կռուին, կը վիրաւորեն ու մարմնէն մասեր կը կտրեն, որպէսզի ան չմեծնայ եւ ծով ու ցամաք կուլ չտայ։

Ուրկէ ուր, կ՚երեւի ականջալուր ըլլալով այդ աւանդութեան, նաեւ ներշնչուելով Աղթամարայ Ս. Խաչ տաճարի Յովնան մարգարէն կուլ տուող կէտ ձուկի բարձրաքանդակէն, վանեցի պատեհապաշտ զբօսաշրջութեան գործակատարներ, 1993 թուին ստեղծած էին Վանայ լիճի հրէշ մը, որ իբր թէ կը բնակէր Վանայ ծովուն յատակը եւ ատեն ատեն ալ կ՚երեւէր ջուրին երեսը։

Պատկերացումի մը համեմատ ալ, անձրեւաբեր Եղիա մարգարէն իր քառաձի կառքով կը սլանայ ամպերու վրայէն, որպէսզի բռնէ իր փախչող պարտապանին եւ առնէ փոխ տուած դրամը։ Կառքի անիւներուն դղրդոցէն ամպերը կը գոռան իսկ ձիերուն հարուածող մտրակին փայլատակումէն կայծակները երեւան կու գան։

Չի մոռնանք աւելցնել, որ Եղիան հին հրեաներու մարգարէներէն է, ուրեմն ըստ առասպելի չի մեռնիր, այլ Աստուծոյ հրամանաւ եւ հրեղէն կառքով ու ձիերով երկինք կը բարձրանայ։ Հետագային, երբ տարածուեցաւ քրիստոնէական կրօնքը, քրիստոնեայ ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ հայերը, Աստուածաշունչի ազդեցութեամբ, Եղիա մարգարէն իր հրեղէն կառքով ու ձիերով նոյնացուցին իրենց հին ամպրոպային աստուծոյ հետ։