Հարիւր Տարուայ Դատեր

[ A+ ] /[ A- ]

sevagsevdiye

Սայաթ Թէքիր
Նոր Զարթօնք Թերթը

19րդ դարու վերջերէն սկսեալ, կեանքը այս հողերուն վրայ հայերուն եւ միւս փոքրամասնութիւններուն համար դիւրին չեղաւ: Այս ժամանակաշրջանին սկսող ճնշումը, շարունակուելով ջարդերով, 1915ին գագաթնակէտին հասաւ՝ ցեղասպանութեամբ: Ցեղասպանութիւնը՝ Թուրքիոյ հայերու համար ոչ առաջինն էր, ոչ ալ վերջինը: Հանրապետութեան շրջանին շուրջ տասը տարին անգամ մը տեղի ունեցող բռնութիւններով, ջարդերով, ոճրագործութիւններով, խտրապաշտ օրէնք եւ գործադրութիւններով հայոց կացութիւնը միշտ դժուար եղած էր: Երկիրը լքել այլընտրանք մըն էր եւ նկատելի զանգուած մը այս ուղին ընտրեց: Իսկ մնալու պատճառը այն կապն էր, որ հայ ժողովուրդը կերտած էր իր հողերուն հետ: Իրականութեան մէջ, եթէ ակնարկ մը նետենք հայոց պատմութեան, երթալն ալ, մնալն ալ հայոց անբաժանելի մէկ յատկանիշն է:

Մնացողներուն, այսինքն Թուրքիոյ հայերուն համար կարգ մը ժամանակաշրջանները հանդարտ անցան, բայց խորքին մէջ պետական քաղաքականութիւնը մնաց անփոփոխ: Թուրքիոյ մէջ,-ուր պետութեան շարունակականութիւնը հիմնական սկզբունք է-, 80ական թուականներէն յետոյ ծնած հայ նոր սերունդի համար, 2007ին տեղի ունեցած Հրանդ Տինքի սպանութիւնը վերամարմնաւորումն էր իր նախնիներուն պատմած եղերական դէպքերուն: Տինքի սպանութենէն ետք, Սեւակ Պալըքչըին եւ Մարիցա Քիւչիւքին ատելութեան զոհ դառնալը՝ անգամ մը եւս յիշեցուց Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու ծանր բեռը:

«Ոճրագործութիւն՝Ազգային Համաձայնութեամբ»

Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ առաջին դատը բացուեցաւ 20 Ապրիլ 2007ին, ուր կ՛ամբաստանուէր 18 հոգի՝ներառեալ ՕկիւնՍամասթ, Եասին Հայալ եւ Էրհան Թունճէլ: Առաջին դատին, ոչ մէկ ակնարկ կար Տինքի սպանութեան գործով պարտականութեան թերացում ունեցող մեղադրեալներուն հանդէպ(ոստիկանութիւն, ռազմական զինուոր, գաղտնի սպասարկութիւն, կուսակալութիւն): Դատարանը, հինգ տարի տեւող դատավարութենէ ետք, վճռեց որ գործին ետեւը կազմակերպութիւն մը չկայ: Սամասթը, որ կը դատապարտուէր անչափահասներու յատուկ դատարանին մէջ, քանի որ տարիքը դէպքի ժամանակ պզտիկ էր, 22 տարի եւ 10 ամիս ազատազրկումով պատժուեցաւ: Պատիժի պակսումներեն յետոյ Սամասթը պիտի ազատուի այսօրունէ 6 տարի եւ 8 ամիս վերջը: Եասին Հայալը հրահանգիչի հանգամանքով պատժուեցաւ ցկեանս բանտարկութեամբ, իսկ Էրհան Թունճէլ եւ Ահմէտ Իսքէնտէր 15 տարուան: Դատարանի վճիռը չեղեալ յայտարարուեցաւ 13 Մայիս 2013ին՝ Վճռաբեկ Ատեանի կողմէ:

Դատը դարձեալ քննարկումի ենթարկուեցաւ եւ ԱՔՓ իշխանութեան ու Կիւլէն կրօնական համայնքի միջեւ տեղի ունեցող ընդհարումներու առիթով Կիւլէն համայնքին մօտ կարգ մը պետական պաշտօնեաներու դատավարութիւնը սկսաւ: 2014ին պաշտօնի կոչուող դատախազ Կէօքալփ իր ամբաստանարագրին կցեց նաեւ ԱՔՓի մօտ կարգ մը պաշտօնեաներու անունները: Ամբաստանարագիր պատրաստած էր 26 պետական պաշտօնեայի մասին, որուն մէջ կը գտնուէր այդ ժամանակաշրջանի Պոլսոյ Ապահովութեան Ուժերու նախագահ Ճելալէթթին Ճերրահ, ապահովութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին պետ Սապրի Ուզուն, Տրապիզոնի նահանգային ապահովութեան նախկին տնօրէն Ռեշատ Ալթայ, Տրապիզոնի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն Էնկին Տինչ: Պատրաստուող ամբաստանագիրը երկու անգամ աւագ դատախազութեան կողմէ դատախազութեան ետ ղրկուեցաւ եւ Դատախազ Քէօքչիւ յունուար ամսուան մէջ պաշտօնէն հեռացուեցաւ:

Պետական պաշտօնեաներու դատը միացուեցաւ գլխաւոր դատի հետ, դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19 ապրիլին: Տինք ընտանիքի փաստաբանը Հաքան Պաքըրճըօղլու յայտնեց, որ կառավարութեան դատի լուծման նկատմամբ դիրքորոշումը պիտի պարզուի 19 Ապրիլէն ետք:

Hrant Dink Ermeni Soykırımı’nda Katledilenlerin Çığlığıdır

96 Տարի Ետք Նորէն Ոճրագործութիւն՝ 24 Ապրիլին

24 Ապրիլ 2011ին, Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին, հայ զինուոր Սեւակ Պալըքչը զինուորական ծառայութեան ընթացքին Պաթմանի մէջ սպաննուեցաւ Քըւանչ Աղաօղլու անունով զինուորի մը զէնքին փամփուշտով:

Ակնյայտ դարձաւ, որ հրամանատարները մէկ ու կես ժամուան տարբերութեամբ պատրաստեր են երկու հակասական տեղեկագիրներ: Առաջինին մէջ կը պնդուէր, թէ Աղաօղլուն իր ատրճանակը ուղղած է Սեւակին, իսկ երկրորդին՝ Սեւակը մահացած է «արկածով»:

Ոճրագործութենէն վերջ, Աղաօղլու երկու տարի տեւող դատավարութենէն ետքը «անուշադրութեան հետեւանքով մէկու մը մահուան պատճառ դառնալ» ով «անխոհեմութեամբ մարդ սպաննելու» յանցանքը գործելուն համար 4 տարի 5 ամսուան ազատազրկումով պատժուեցաւ: Դատավարութեան մեծամասնութեան ընթացքին կալանաւորման չ՛ենթարկուող Աղաօղլու, իր պատիժը վճռաբեկ ատեանի կողմէ չեղեալ յայտարարուելուն համար ազատ է ներկայիս:

Պալըքչըի սպանութեան հետ առնչուած դատավարութեան ընթացքին, ականատեսներէն Հալիլ Էքշի, իր առաջին յայտարարութեան ընթացքին նշած է, թէ Աղաօղլու դիտմամբ սպաննած է Պալըքչըն, բայց յետոյ փոխեց այս առաջինը: Իր փոխած յայտարարութեան մէջ պատմեց, թէ «վիճաբանութիւն կամ կռիւ չպատահեցաւ, դէպքը տեղի ունեցաւ կատակի ընթացքին»: Պալըքչը ընտանիքի առարկութենէն ետք դատ բացուեցաւ եւ Հալիլ Էքշին ու անոր կեղծ վկայութեան համար ճնշում բանեցնող Աղաօղլուի ազգականը Պիւլէնթ Քայա դեկտեմբեր ամսուան մէջ դատապարտուեցան:

24 Փետրուարին Տիյարպաքըրի մէջ կայացող դատավարութենէն ետք, Պալըքչը ընտանիքի փաստաբան Ճէմ Հալաւուրթ պնդեց, թէ զինուորները ճնշումի ենթարկուած են: Հալաւուրթ, կեղծ յայտարարութեան վերաբերեալ կայացած դատավարութեան մասին, Պիւլէնթ Քայայի ստացած պատիժը ցոյց տալով ըսաւ, որ ոճրագործութիւնը կատարուեցաւ ոչ թէ ինչպէս վճռեց դատարանը, «անզգուշօրէն սպաննութեամբ», այլ «կանխամտածուած սպանութեամբ» ։

Հալաւուրդ նաեւ նշեց, որ դատարանը մերժեց վկաներու վերստին լսումը եւ որոշումի կրկնութեան պարագային յայտնեց իր վճռակամութիւնը՝դարձեալ Վճռաբեկ Ատեան դիմելու վերաբերեալ: Յառաջիկայ դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ մինչեւ 4 Յունիս:

maritsaküçük

Յարձակումներ եւ Ոճրագործութիւն՝Սամաթիոյ Մէջ

84ամեայ Մարիցա Քիւչիւք, Պոլսոյ հնամենի հայկական թաղերէն Սամաթիոյ մէջ, 28 Դեկտեմբեր 2012 ին դաժանօրէն ծեծի ենթարկուելով եւ դանակահարուելով սպաննուեցաւ: Դատախազութիւնը, ոճրագործութենէն ետք վճռեց դատական թղթածրարը թաքուն պահել, ինչպէս ըրած էր Հրանդ Տինքի դէպքին համար: 28 Նոյեմբեր 2012 եւ 26 Յունուար 2013ի միջեւ, որ կը բովանդակէ նաեւ Քիւչիւքի սպաննութեան թուականը, Սամաթիոյ մէջ ծերունի հայ կանանց հանդէպ իրարու նմանող դաժան յարձակումներ կատարուեցան: ԹուրֆանտաԱշըք երկար ժամանակ դարմանումի ենթարկուեցաւ եւ կորսնցուց մէկ աչքը: Իսկ Սուլթան Այքար տեսողութեան կորուստ ունեցաւ:

Ոճրագործութենէն երկու ամիս ետք ձերբակալուեցաւ Մուրաթ Նազարեան անունով թմրամոլ հայ մը: Նազարեան դատավարութեան ընթացքին դատարանանին յայտնեց, թէ չի յիշեր սպաննութիւնը, իսկ իր հարազատներուն՝«Կը վախնամ խօսելու, ասոնք շատ զօրաւոր մարդիկ են, զիս կը սպաննեն:» ըսաւ : Հարցաքննութեան ընթացքին Սամաթիոյ մէջ տեղի ունեցող այլ յարձակումներու եւ Քիւչիւքի սպաննութեան միջեւ որեւէ առնչութիւն չփնտռուեցաւ եւ այլ յարձակումներու վերաբերեալ թղթածրարները գոցուեցան:

Ի հետեւանք 3 տարուան դատավարութեան, Մուրաթ Նազարեան դատապարտուեցաւ ցկեանս ազատազրկման «մարմնական եւ հոգեկան առումով ինքզինք պաշտպա¬նելու կարողութենէ զուրկ անձը դիտումնաւոր կերպով սպաննել»ու ամբաստանութեամբ: Դատարանը Նազարեանը դատապարտեց նաեւ 10 ամսուան ազատազկումով «բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը ոտնա-կոխելու» յանցանքով եւ որոշեց հայց ներկայացնել Պոլսոյ Գլխաւոր հանրապետական դատախազութեան, ոճիրի հաւանական այլ մասնակիցները բացայայտելու պահանջով: Քիւչիւք ընտանիքի փաստաբան Էրէն Քէսքին պնդեց, որ առաջին վայրկեանէն սկսեալ քօղարկուող այս դատը ատելութեան յանցանքի դատ մըն է: Քէսքին նշեց նաեւ որ պակասաւոր հարցաքննութեան պատճառով վճիռը պիտի տանին վերին դատարան:

Ինչպէս յայտնի է, վերջին ինը տարուան մէջ հայերը հետաքրքրող երեք դատերն ալ 100 տարուան ուրիշ մէկ դատի հետքերը կը կրեն, եթէ նկատի առնենք ոճրագործութիւններու ծրագրաւորումը, ձեւը եւ յետ ոճրագործութեան հարցաքննութեան եւ դատավարութեան փուլերը: