Մինակ Չէք

[ A+ ] /[ A- ]

dayanisma

Աբօ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ասպարեզ

 
Անցեալ Ուրբաթ օր «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւն այցելեց Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» շարժումի գործիչներէն Սայատ Թեքիրը: Առաջին իսկ վայրկեանէն անմիջական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, գլխաւորաբար՝ շնորհիւ իրմէ ճառագայթող ջերմութեան, համեստութեան եւ փայլփլող աչքերուն:

Հազիւ խմբագրատունէն ներս մտած, յանդիմանական շեշտով՝ «դուն մեզի խենթ կ՛ըսես, չէ՞», ըսաւ: Ինք շատ լաւ գիտէր, որ «Նոր Զարթօնք»ցիները խենթ կոչելով՝ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէի «Ուրկէ՞ Ստացան Իրենց Ուժը» վերնագրուած սիւնակիս մէջ:

Կարճատեւ, դժբախտաբար շատ կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս եկած էր՝ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան հրաւէրով: Խճողուած ալ ժամանակացոյց ունէր. հանդիպումներ, «Քէյ.Փի.Էֆ.Քէյ.» յայտնի ձայնասփիւռի կայանէն հարցազրոյց, դասախօսութիւն… Կիրակի երեկոյ, դասախօսութենէն առաջ, երբ տեսայ զինք, յայտնի էր իր յոգնութիւնը: Սակայն, հակառակ անոր որ այդ հեւքոտ վազքին պատճառով գրեթէ սպառած էր, Կիրակի երեկոյեան երիտասարդ ունկնդիրները երկուքուկէս ժամէն աւելի իրեն գամուած պահեց: Նախ՝ պատմեց «Նոր Զարթօնք»ի ծննդոցը, ապա՝ նկարներու ընկերակցութեամբ կեդրոնացաւ 175 օրերու պայքարի մանրամասնութիւններուն վրայ:

Դժուարութիւն ունէր աւարտելու իր խօսքը: Այնքա՛ն ըսելիք ունէր: Վերջապէս, ամբողջ մթնոլորտ մը պէտք էր փոխանցէր Թուրքիա ապրող հայութեան առօրեայ տուայտանքներուն մասին՝ միայն մակերեսային կերպով տեղեակ ներկաներուն, որոնց կեդրոնացուած ուշադրութիւնը կը զգար ան:

Այս երկու հանդիպումներէն իմ ստացած զգայնութիւնը այն էր, որ Սայատը, իբրեւ խօսնակը իր պայքարող ընկերներուն, կարօտը ունէր մեր զօրակցութեան, մեր նեցուկին, որուն պակասը «Նոր Զարթօնք»ցիները զգացած էին իրենց դիմադրութեան ատեն, ինչպէս նաեւ՝ անկէ առաջ, իրենց ամբողջ գործունէութեան ընթացքին: Մեզի կը մնայ համոզել զինք եւ իր ընկերները, որ իրենք մինակ չե՛ն: Իրա՛ւ մինակ չեն: