«ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ»Ի ԽՕՍՆԱԿ՝ ՍԱՅԱԹ ԹԷՔԻՐ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

[ A+ ] /[ A- ]

sayat2

ՊՈՍԹԸՆ.- Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» հասարակական կազմակերպութեան գործունեայ անդամ եւ պաշտօնական խօսնակ՝ Սայաթ Թեքիր, վերջերս այցելեց Միացեալ Նահանգներու գաղթօճախներ: Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս, ան այցելեց Նիւ Եորք, Պոսթըն եւ Տիթրոյթ: Նախապէս, ան այցելած էր նաեւ Քալիֆորնիա:

Սայաթ, իր ելոյթներուն յայտնեց թէ երբ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մասին կը խօսինք, անոր խորհրդանիշներուն մասին ալ կը խօսինք: Եթէ Թուրքիոյ մէջ կ՛ուզենք Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող մը կառուցել, կարիք չկայ, որովհետեւ «Արմէն» ճամբարը այդտեղ յուշակոթողի մը նման կանգնած է: 

«Գիտէք` ճամբարը մասամբ փլատակ է, մեր հասնելէն առաջ քանդիչ մեքենաները մէկ մասը փլած էին: Մէկ մասը քանդուած է, իսկ միւս մասը աշխուժ է` գործունէութեան եւ կեանքի շարունակութեան առումով: Կարծես մէկ կողմէն ոճրագործներն ու փրկողները, իսկ միւս կողմէ` փրկուողներն ու զոհերը խորհրդանշող յուշակոթող մը ըլլայ: Այս պայքարին յատկապէս շատ հայեր մասնակից դարձան: Անշուշտ եղան մարդիկ, որոնք չուզեցին խնդիրներ ունենալ: Աջակցողները իսկապէս ունեւոր մարդիկ չէին, բայց իրենց ունեցած հացը մեզի հետ բաժնեցին: Մեր դիմադրութեան զօրակցելու համար ամէն շաբաթուան վերջը հոն եկողները որոշ գիտելիքներ ձեռք բերին: Առաջին անգամ ըլլալով հաւատացին, որ դիմադրելով` պիտի յաղթենք: Աւելի առաջ ամէն ինչ կրաւորական ձեւով կ՛ըլլար, յաղթանակները ազդեցիկ այլ մարդոց կամ ալ Եւրոպայի միութեան միջոցով ձեռք կը բերուէին: Այս դիմադրութեան դրական աւարտով` հայերը առաջին անգամ կրցան դիմադրութեան միջոցով յաջողութեան հասնիլ: Հայերուն մէջ դիմադրութեան մշակոյթը մտցնելով է, որ պիտի արժեւորուի այս գործընթացը», ըսաւ ան: