Շատ Հաւանական է՝ «Արմէն Ճամբար»ի Հարցով Իշխանութեանց Հետ Բանակցինք. Առնօ Գալայճի

[ A+ ] /[ A- ]

arno2

Arevelk

«Թուրքիոյ ընդհանուր իրավիճակը ներկայիս խաղաղ է եւ մենք կը շարունակենք («Արմէն ճամբար»ի) գիշերային հերթապահութիւնը», «Արեւելք»ին հետ Օգոստոս 18ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» շարժումի անդամ Առնօ Գալայճի:

Ան նշած է, որ կարեւոր ճիգեր կը գործադրուին իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւն իրականացնելու համար եւ աւելցուցած է. «Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Մարգար Եսայեան (իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն) մօտաւորապէս երեք ամիս առաջ փորձած էր խնդիրին վերաբերեալ բանակցութիւններուն առջեւ ճամբայ բանալ, սակայն Յունիս 7ի ընտրութիւններէն ետք՝ այդ կապը կտրուեցաւ»:

Գալայճի ըսած է, որ «Արմէն ճամբար»ին շուրջ իրավիճակը ներկայ դրութեամբ խաղաղ եւ ապահով է, հակառակ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին, եւ վստահեցուցած է, որ անոնք պայքարը պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ: Ան դարձեալ կոչ ուղղած է ամբողջ հայութեան՝ զօրակցելու «Արմէն ճամբար»ի պայքարին: