Նոր Զարթօնքի բացման ելոյթը՝ Քամփ Արմէնի Զօրակցութեան Համերգին առթիւ

[ A+ ] /[ A- ]

gece

«Հաւանաբար 2007 թուականը ինծի համար ա’լ աւելի դժուար պիտի ըլլայ: Դատավարութիւնները պիտի շարունակուին, նորերը պիտի սկսին: Ո՞վ գիտէ, ինչպիսի անիրաւութիւններու հետ դէմ յանդիման պիտի մնամ: Երբ այս բոլորը կ՛իրականանան, սա իրողութիւնն ալ միակ երաշխիքս պիտի համարեմ: Այո, ինքզինքս աղաւնիի մը հոգեկան խռովութեան մէջ կը զգամ, բայց գիտեմ, որ այս երկրին մէջ մարդիկ աղաւնիներուն վնաս չեն տար: Աղաւնիները քաղաքին խորերը, մարդոց բազմութեան մէջ իսկ կը շարունակեն իրենց կեանքը: Այո, քիչ մը երկչոտութեամբ բայց նոյնքան ալ ազատօրէն:»
Հրանդ Տինք

Թերեւս ամէն ինչ այս նախադասութիւններով սկսաւ: Ճիշդ ժամանակն էր հեռանալու այս հողերէն, երբ 19 Յունուար 2007ին Ակօսին առջեւ Զայն սպաննեցին: Կարծես 1915ի սեւ օրերը, 34ի Թրաքեան, 38ի Տէրսիմը, 55ի 6-7 Սեպտեմբերի Պոլիսը, 64ի աքսորը, Աշքալէի ցուրտը, Մատըմաքի հուրը կենդանացած, դուրս ելլելով հասարակական յիշողութենէն՝ մեր առջեւ ծառացած էին: Քարոզչական մեքենան, միշտ յաջողած էր պատճառ մը հնարել անոնց համար՝ որոնք «ուրիշ» էին եւ մեր բաժինին ալ ինկած էր Հրանդը: Որն էր դժուարը. երթա՞լ թէ ոչ մնալ: Գացողները երբեք չմեղադրեցինք: Իսկ մենք, որ հոս մնացինք, Հրանդի խօսքով պէտք է աշխատէինք դժոխքը դրախտի վերածելու համար:

Նոր Զարթօնքն ալ այս նպատակով հիմնուեցաւ: Ջանացինք զարգացնել հաւաքական միտք եւ աշխատելու եղանակ՝ փոխանակ անձնական ելոյթներու: Պաշտպանեցինք կազմակերպուած պայքարը՝առանց դասակարգի, առանց սահմանի, առանց շահագործումի՝ ազատ աշխարհի մը համար: Մեր հաւասարութեան, ազատութեան եւ արդարութեան պահանջը, ելլելով Թուրքիոյ հայ հասարակութենէն, որուն մաս կը կազմէինք, ջանացինք տարածել ողջ հասարակութեան: Միեւնոյն ժամանակ, ճիգ թափեցանք զօրակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կ՝ենթարկուէին խտրականութեան: Ունէինք այն գիտակցութիւնը, որ մեր խնդիրները անկախ չեն Թուրքիոյ մէջ ապրող այլ ժողովուրդներու եւ ճնշումի ենթարկուողներու խնդիրներէն: Առանց հեռանալու դասակարգային պայքարէն, բոլոր ճնշուողները բովանդակող, միջավայրը, բնութիւնը եւ կենդանիները պահպանող պայքարի եղանակ մը իւրացուցինք:

11 տարի անցաւ: Դատավարութիւններուն հետեւիլը, մամլոյ հաղորդագրութիւնները, քայլերթները, բողոքի ցոյցերը…այս բոլորը արդար երկիրի մը մէջ հաւասար եւ խաղաղութեամբ ապրելու համար էր: Հրանդ Տինք, Սեւակ Պալըքչը, Մարիցա Քիւչիւք եւ ասոնց նման բազմաթիվ դատավարութիւններ դեռ կը շարունակուին: Անգամ մը եւս կը յանձնենք ձեր ուշադրութեան:

Ասկէ 5 տարի առաջ, 2010 թուականին 19 Յունուարի ոգեկոչման համար՝ Ֆէնէր Յունական Լիսէն, Շաբաթօրեայ Մայրերը, արկածամահ բանուորներով օրակարգ եկող Թուզլայի նաւաշինարանները եւ Հրանդին ինկած սալայատակը բովանդակող, 4 մասէ բաղկացած տեսահոլովակ մը պատրաստած էինք: Ահա, այսօր, նոյն թաղամասին՝ Թուզլային մէջ, կ՛անցնինք նոյն նաւաշինարանին առջեւէն՝ ինչպէս 5 տարի առաջ եւ այդ նաւաշինարանի մեզի բարեկամ բանուորներուն հետ հերթ կը պահենք Քամփ Արմէնի համար 136 օրէն ի վեր:

Այո, վերապրողները դիմադրեցին կամ դիմադրողները վերապրեցան: Մուսա Լեռան, Զէյթունի, Սասունի մէջ դիմադրեցին ապրելու համար…Նոր Օրի, Ակօսի, Արասի, Մարմարայի, Ժամանակի, Նոր Ռատիօյի մէջ դիմադրեցին, դիմադրեցինք՝ ըլլալու համար ժողովուրդին ձայնը: Դիմադրեցինք մերթ մեր գերեզմանոցը բռնագրաւողներու դէմ, մերթ պաշտպանելով մեր այգին, մերթ մեզ իբրեւ թշնամի ներկայացնողներու, մերթ մեր ազատութիւնները սահմանափակողներու դէմ: Եւ հիմա ալ կը շարունակենք մեր պայքարը, որ կը կոչուի Քամփ Արմէնի դիմադրութիւն:

Քամփ Արմէնը կառուցուած է ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը որբ եւ աղքատ տղոց ջանքերով. նպատակ ունեցած է պահպանել հայ ժողովուրդի մշակոյթը եւ լեզուն՝ այսինքն ինքնութիւնը, հետեւաբար եղած է պատուաւոր պատասխան մը՝այլասերման քաղաքականութեան դէմ: Հոն ստեղծուած է հաւաքական կեանք մը, նորէն Հրանդի խօսքով քաղաքակրթութիւն մը՝ Աթլանթիսի քաղաքակրթութիւնը:

Մենք, մեր բոլոր ուժերով կը պաշտպանենք քանդիչ մեքենաներով մասամբ կործանուած է Քամփ Արմէնը, որ մեզի աւանդ թողած են Հրանդը, Ռաքէլը եւ հոն ուսում ստացած 1500 մանուկը: Կը դիմադրենք 136 օրէն ի վեր, որպէսզի հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ցնցում մը չ՛ապրի այս հողերու վրայ, իր յիշատակները չի սրբուի եւ ցեղասպանութեան չ՛ենթարկուի:

Կը դիմադրենք, որովհետեւ Քամփ Արմէնը, որ ուզեցին փլցնել եւ տեղը հանգստաւետ ամառանոցներ շինել, պատմութիւնն է որբ տղոց կողմէ յոյսով տնկուած ծառերուն՝ հակառակ իրենց կրած տառապանքին, կորուստին եւ զրկուածութեան: Քամփ Արմէնը վայրն է այս հողերու հնադարեան ժողովուրդներէ մէկուն իր հայրէնիքին մէջ ապրելու, պայքարելու, յոյսի եւ դիմադրութեան: Չորս ու կէս ամիսէ ի վեր կը դիմադրենք, որպէսզի Քամփ Արմէն եւ Պօմօնթի Մխիթարեան չխլուի մեր ձեռքէն, կը դիմադրենք, որպէսզի մեր յիշողութիւնը չի ոչնչացուի:

Երանի մեզի, որ առանձին չենք մեր պայքարին մէջ: Տարբեր ժողովուրդներէն եւ դաւանանքներէն բարեկամներ, մայիսի 6էն ի վեր մեզ առանձին չթողուցին: Զօրակցութեան ոգիով տէր կանգնեցան Քամփ Արմէնին, ինչ որ բացառութիւն մըն է պատմութեան մէջ: 136 օրուայ ընթացքին, միասին ջանացինք կերտել Քամփ Արմէնի ոգիին պատշաճ քաղաքակրթութիւն մը: Ներողամիտ ըլլալու, միասին պայքարելու, զօրակցելու փորձառութիւնը ունեցանք: Միասին ապրելու այս փորձառութիւնը, թանկագին եւ պատմական երեւոյթ մըն է: Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք ասիկա հնարաւոր դարձուցին:

Հրանդ Տինքի խօսքերը թող մեր ճամբան լուսաւորէ.
«Եռացող դժոխքները» մէկ դի թողելով «պատրաստ դրախտները» խոյս տալ, նախ եւ առաջ, բնաւորութեանս հետ չէր պատշաճիր: Մենք իր բնակած դժոխքները դրախտի վերածել պահանջողներէն էինք: Թուրքիոյ մէջ մնալ ու ապրիլը թէ՛ մեր իսկական փափաքը եւ թէ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդավարութեան պայքար տանող, մեզ աջակցող ծանօթ ու անծանօթ հազարաւոր մարդկանց հանդէպ մեր յարգանքի տուրքն էր: Պիտի մնայինք ու պայքարէինք:»

Այո՛, մնացինք եւ դիմադրեցինք: Կը Դիմադրե՛նք… Պիտի յաղթե՛նք:

Կեցցէ՛ Ժողովուրդներու Եղբայրութիւնը:

 

NOR ZARTONK / ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ