Սփիւռքը կը յայտնաբերէ Պոլիսը

[ A+ ] /[ A- ]

Erdogan3_0001 (1)

Վահագն Քէշիշեան
Ակօս

Թաքսիմի դէպքերը երբ սկսան, պարզ օր մըն էր Սփիւռքի մէջ։ Ոչ ոք կրնար ենթադրել որ մէկ ամիս չանցած այսքան շատ բան սորված պիտի ըլլար Թուրքիոյ, Պոլոսոյ եւ պոլսահայերուն մասին։ Ամէն ինչ սկսաւ երբ յանկարծ սկսան երեւիլ Նոր Զարթօնքի լոզունգները հասարակական կայքերու վրայ։ Այս նկարները կայծակային արագութեամբ տարածուեցան մարդոց միջեւ, եւ սփիւռքահայերը նկատեցին որ պոլսահայերը աշխուժ մարդիկ են, ցոյցի կը մասնակցին, քաղաքական կեցուածք ունին։ Բնականաբար այս պատկերը հակասական էր մինչ այդ ներկայ եղող կրաւորական հայու պատկերին հետ։ Տասնամեակներու կարծրատիպներուն հիման վրայ զարգացած պատկերը վերջապէս փլուզուած էր։

Եթէ առաջին կարեւոր անկիւնադարձը Հրանդ Տինքի սպանութիւնն էր, ապա երկրորդը վստահաբար Կէզի այգիի շարժումն էր։ Հրանդ Տինքի սպանութեան ստեղծած ալիքը անշուշտ որ հասած էր սփիւռք, հասած էր անշուշտ պատմական յուղարկաւորութեան արձագանքները։ Ինչպէս որ այս դէպքերը յաւիտեանս փոխած էին Թուրքիան եւ պոլսահայ գաղութը, փոխած էին նաեւ սփիւռքը։

Հրանդ Տինքով սկսած սփիւռքի սթափութիւնը եկած հասած էր մինչեւ Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնը եւ Սամաթիոյ դէպքերը։ Պէտք չէ մոռնալ անշուշտ նաեւ Թուրք եւ Հայ փրօթօքօլները, որոնք աննախադէպ ձեւով սփիւռքահայ անհատին դէմ յանդիման դրին եւ ամէնէն վախցած բանէն՝ թուրքիոյ հետ հաշտութենէն։

Թուրքիոյ Միջին Արեւելք վերադառնալով Հալէպի, Պէյրութի եւ միւս շրջանի գաղութներուն համար առօրեայ դարձաւ իրենց երկրին Թուրքիոյ հետ կապերու սերտացման ականատէս դառնալը։ Աւելին՝ տեղացի հայուն համար թուրքի մը հետ հանդիպիլը այլեւս առասպելական դառնալէ դադրեցաւ։ Այս մեծ փոփոխութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ունեցան շրջանի հայերու ինքնութեան վրայ, հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, նոյնիսկ կուսակցութիւններ իերնց մօտեցումները սկսան փոխել, եւ կամ ստիպուած յարմարիլ քամիի փջած ուղղութեան։ Միջին Արեւելքի քաղաքական փոփոխութիւնները մէկ կողմէն, Պոլսահայերու անց ու դարձը միւս կողմէն, եկան պարարտ հող պատրաստելու Այգիի շարժումին հայերու հակազդեցութեան համար։

Յեղափոխութիւններու ժամանակ ամէնէն դժուարը գիտնալն է յեղափոխութիւն կայ թէ չկայ։ Մարդիկ չեն ուզեր առաջին նետուողը ըլլալ որ եթէ յեղափոխութիւնը չըլլայ իրենք սխալածի դիրքի մէջ չգտնուին, եւ միւս կողմէն չեն ուզեր վերջինը մնալ, եւ միայն յեղափոխութիւնը անցնելէն վերջ գիտակցին։ Անշուշտ որ տուեալ պարագային երբ մարդ Պոլսոյ մէջ է, աւելի դիւրին է կարդալ դէպքերը եւ մեկնաբանել, բայց երբ նստած եք Պէյրութ, ստիպուած կը սպասէք Սի Էն Էնը կամ Պի Պի Սին յայտարարէ որ յեղափոխութիւն կայ որ դուք ալ հաւատաք։ Անշուշտ Ֆէյսպուքի դարը տարբեր է, եւ մարդիկ Պէյրութի մէջ նստած կրցան առաջին օրէն իսկ հետեւիլ իրենց ծանօթներուն միջոցաւ եւ հասկնալ որ եղածը յեղափոխութիւն է։

Սփիւռքահայերը ուրեմն տեսան որ Պոլսոյ մէջ ցոյց կայ։ Անհաւատալի բայց իրաւ, այսքանն ալ մեծ գիտակցութեան եւ հետեւողականութեան կարիք ունէր։ Այսինքն անհատ հետաքրքրուողներ միշտ եղած են Թուրքիոյ քաղաքականութեամբ, եւ կամ քաղաքականացուած հատուածները միշտ հետեւած են նաեւ Պոլսահայութեան, բայց այս անգամուանը ժողովրդային զանգուածն է որ կը հետեւի դէպքերուն, եւ կը սկսի հասկնալ որ հոն հայեր կան, որոնք այս կամ այն ձեւով դեր մը ունին դէպքերու ընթացքին վրայ։ Սբ. Յակոբ Գերեզմանատան վարկածին ոչ միայն սփիւռքահայ մամուլը անդրադարձաւ, այլ իր միջոցաւ նաեւ համաշխարհային մամուլը, որը յստակ արդիւնք է զանգուածային մակարդակով հարցը հետապնդելուն։

Վրայ եկան նաեւ Հնչակեան ընկերվարականներու կախաղան բարձրացման յուշ երեկոյի լուրերը։ Իսկ յաջորդ օրը Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պատասխան-շնորհակալիքը ձեռնարկի կազմակերպողներուն, որուն մէջ նաեւ կար անդրադարձ Այգիի շարժումներուն։ Թերեւս իննսուն ութը տարուայ մէջ առաջին անգամ կը պատահի որ հայկական կազմակերպութիւն մը նման ուղղակի կապ մը կը հաստատէ թրքական ներքին ուժերու հետ։ Դեռ չհաշուած զանգուածային կապերը որ կը հաստատուին ամէն օր ամէն ժամ, անահտական գետնի վրայ բարեկամութիւններ հաստատողներուն միջեւ։ Եթէ նախնական հակադարձութիւնը բնական «հայկական» զգուշութիւնն էր, ապա Նոր Զարթօնքի «քառասուն օր Մուսա Լեռան վրայ, տասնչորս օր Կեզի Այգիին մէջի» խօսքերը վերջնականապէս կոտրեցին պատնէշները։

Վերջին երկու տարուայ ընթացքին գոնէ մի քանի ֆիլմեր շինուած են յատկապէս սփիւռք-պոլիս թեմայով -չհաշուած հայ-թուրք ֆիլմերը-։ Արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ այցելութիւններ կատարած են երկուստեք, եւ միասին համագումարներու մասնակցած։ Զանազան պաշտօնական եւ անհատական ծրագիրներ գործադրուած են արդեն, բայց երեւի թէ բոլորս ալ «Գարուն է.. Կեզի Այգին մերն է…» պէտք ունէինք։