Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Հասցէին Էրտողանի Խօսքերը Զայրացուցած Են Թուրքիոյ Հայ Համայնքը

[ A+ ] /[ A- ]

Asbarez.com

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հայկական Սփիւռքին ու Հայաստանի ղեկավարութեան ուղղուած արտայայտութիւնները զայրացուցած են Թուրքիա բնակող հայերը. այս մասին կը տեղեկացնէ «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքը։

Էրտողան Հայաստանն ու Սփիւռքը մեղադրող հերթական յայտարարութիւն մը կատարած էր Մարտ 19ին. անոր հակադարձած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան թեկնածութեան դիմած Ֆիլոր Ուլուք, Մուրատ Մխճը եւ փաստաբան Տիրեն Ճեւահիր Շեն:

Ուլուք նշած է, որ Էրտողանի յայտարարութիւններուն մէջ շինիչ ոչ մէկ խօսք կայ: «Եթէ Էրտողան իրօք կ՛ուզէ, որ այս հարցին լուծում տրուի, ապա պէտք է իրատես ըլլայ», ըսած է ան ու նշած, որ Հայաստանի արխիւները արդէն իսկ բաց են հանրութեան համար: Ան նշած է, որ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը տապալման եզրին է եւ միջազգային հանրութեան աչքին այլեւս համոզիչ չէ անիկա։

«Թուրքիա 1915ին վերաբերեալ իր անճարութիւնը դրսեւորելու քաղաքականութիւն կը վարէ: Էրտողան աշխարհի չորս կողմը տարածուած հայերու լոպիական գործունէութիւնը կը քննադատէ, զանանոք «անամօթութեամբ» կը մեղադրէ, 1915ի իրողութեան ճանաչման համար սկսած արշաւը ապարդիւն կը համարէ, սակայն միւս կողմէ, երբ 1915ի վերաբերեալ որեւէ բանաձեւ օրակարգի գայ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը դաշտ դուրս կու գայ եւ կը սկսի ժխտելու», ըսած է ան:

Մխճը նշած է նաեւ, որ 1915ին կատարուածին հաստատումը փաստաթուղթերու կարիք չունի, քանի որ իւրաքանչիւր հայ ինքնին փաստ մըն է: «Պարո՛ն նախագահ, Հայկական Սփիւռքէն Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստեր կը պահանջէք, մինչ յստակ է, որ ամէն հայ ինքնին փաստաթուղթ մըն է: 100 տարի է որ ժխտման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, սակայն հակառակ անոր, ազգերը գիտեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է այս հողերուն վրայ: Ժխտումն ու չառերեսուիլը բոլորին կը վնասէ», ըսած է ան եւ յիշեցուցած, որ դեռ անցեալ տարի՝ Ցեղասպանութեան 99ամեակին, Էրտողան «բարեհաճած էր» ցաւակցական ուղերձ մը յղել հայերուն:

Իր կարգին փաստաբան Շեն, Էրտողանի խօսքերը խուճապի մէջ գտնուող ու վախցող մարդու մը խօսքեր նկատած է: «Այդ խօսքերը առերեսուելէ խուսափելու խօսքեր են: Նման յարձակողական, խնդիրը հասկնալէ հեռու կեցուածքին ուրիշ ի՞նչ մեկնաբանութիւն կարելի է տալ», ըսած է ան: