Մենք Ու Մերոնք- Օ՜ն, Դէպի Մարտադաշտ

[ A+ ] /[ A- ]

pakrad estoukian

Բագրատ Էսդուգեան
Yerakouyn

Նկատի ունենալով Ցեղասպանութեան դարադարձը, սոյն տարուան առաջին օրէն իսկ մտադրած էի, թէ այս սիւնակին վրայ աւելի յաճախ խորհրդածենք գաղափարական ընկալումներու շուրջ: Թերեւս այդ բնոյթով կարգ մը յօդուածներ ալ լոյս տեսան «Մենք ու Մերոնք» խորագիրին ներքեւ: Բայց ինչպէս բոլորս տեսանք, յատկապէս Ապրիլ ամսուան անցուդարձերը մեզի պարտադրեցին հեւ ի հեւ վազքի մը, որուն ընթացքին կարելի չէր պահ մը իսկ ամէնօրեայ հոսանքէն դուրս գալ եւ խնդիրները քիչ մը աւելի հեռուէն դիտել: Դեռ տարեմուտի օրերէն Անմոռուկ Ծաղիկը ագուցած էինք մեր լամբակին եւ կարծած, թէ ան լման տարի մը մեզ պիտի մղէ դարաւոր անարդարութեան դէմ պայքարելու:

 

Սակայն կարելի՞ է: Մեկուսացած կեանք մը չէ Թուրքիոյ մէջ մեր ապրածը: Խիստ ներգրաւուած ենք երկիրի ընկերաքաղաքական զարգացումներուն: Ի վերջոյ հանրապետութեան նախագահ մը ունինք մեր վերեւ, որ օրըստօրէ աւելի համարձակ ելոյթներով կը թելադրէ բռնակալի մը դիմագիծը: Կը դրժէ նախագահ ընտրուած պահուն կատարած երդումը: Չի վարանիր հրապարակել կողմնակալութիւնը: Կը հակասէ իր իսկ խօսքերուն:
Հազիւ ամիս մը մնացած է նոր խորհրդարանի ընտրութեան, եւ այս անգամ ի դէմ նախորդներու, հաւանական է որ երեք հայ պատգամաւորներ տարբեր կուսակցութիւններու անդամակցութեամբ մուտք գործեն խորհրդարան:

 

Հետեւաբար, խիստ ալեկոծած է քաղաքական դաշտը: Թրքահայութիւնը հանրապետութեան շրջանի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ է, որ այսքան մեծ համեմատութեամբ կը զօրակցի ընդդիմադիր, նոյնիսկ կարելի է ըսել ծայրայեղ ընդդիմադիր կուսակցութեան մը: Արդարեւ, սկսելով մեր ընտանեկան անմիջական շրջանակներէն, ամբողջ պոլսահայ ընկերութեան մէջ ուշագրաւ հակում մը կը նկատուի ՀՏՓ կուսակցութեան հանդէպ: Թէեւ նախորդ ընտրութիւններուն ալ այս քաղաքական հոսանքին առաջարկած անկախ թեկնածուները բաւական ձայներ հաւաքած էին հայաշատ թաղերու մէջ: Բայց այս անգամ, երբ շարժումը փոխանակ անկախ թեկնածուներու, կուսակցութեան անունով կը մասնակցի ընտրութեան, տասը տոկոսի արգելքը յաղթահարելով՝ կրկնապատիկէն ալ աւելի պատգամաւորներ պիտի ունենայ խորհրդարանին մէջ:

 

Բայց միայն մօտալուտ ընտրութիւնները չեն մեր օրակարգը ձեւաւորողները: Կետիկփաշայի Հայ բողոքականաց եկեղեցւոյ սեփականութիւնը եղած Թուզլայի Մանկական ճամբարը անգամ մը եւս փոթորկեց մեր օրակարգը: Այս տողերուն գրուած պահուն մարդու իրաւունքներու պաշտպան բազմազգի զանգուած մը փութացած է աւելի քան քառասուն տարիներ առաջ մեր ձեռքէն խլուած տարածքին տէր կանգնելու համար:

 

«Նոր Զարթօնք»-ի երիտասարդութիւնը շարժման անցուցած է անարդարութեան դէմ պայքարող բազմութիւնները, որոնք վճռած են տարածքը գրաւելով փլուզման արգելք հանդիսանալ: Ի դէմ՝ «ի՞նչ կրնան ընել որ» հարցնող յետադիմական ու պահպանողական միտքին, կը կարեւորենք գաղափարապաշտ այս երիտասարդ զանգուածին դիմադրելու ու պայքարելու կորովը: Անոնք արդէն առաջին ժամերուն յաջողեցան քանդիչ սարքերը դուրս հանել տարածքէն: Անշուշտ, եթէ իշխանութիւնները այդպէս տնօրինեն, դիմադրողներուն կամքն ու կորովը անզօր կը մնայ պետական բռնութեան դէմ: Ուրեմն մեզի կը մնայ կարելի չափով զօրակցիլ իրենց, առկայ եւ շարունակուող անարդարութիւնն ու անարդարութենէն ծագող խայտառակութիւնը հրապարակել:

 

Հրանդ Տինքի սպանութեան յաջորդող օրերուն «ի՞նչ կրնանք ընել» հարցուցած էինք մենք մեզի: Այժմ մարտադաշտը Թուզլայի «Քեմփ Արմէն» ճամբարն է: