Հիանալի Կեցուածք

[ A+ ] /[ A- ]

Azator

«­Նոր Զար­թօնք»ը ի­րա­պէս նոր յայտ­նու­թիւն մըն է Պոլ­սա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ եւ ար­դէն իր վրայ կրցած է գրա­ւել թէ՛ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց եւ թէ հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը:

Խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­ներ են, ո­րոնք շար­ժում սկսե­լու յայտ կը ներ­կա­յաց­նեն: Շար­ժում՝ ար­ժա­նա­պա­տիւ ապ­րե­լու, ինք­նավս­տահ՝ ի­րենց մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար պատ­րաստ պայ­քա­րե­լու:

Ի­րենց թի­ւէն ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն շատ ա­ւե­լի ազ­դե­ցիկ կը դառ­նան այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեամբ, ի­րենց նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով կ­՛ար­տա­յայ­տեն շատ շա­տե­րու բաղ­ձան­քը:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րը հա­զիւ ա­ւար­տած՝ ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ ի­րենք ալ ի­րենց կա­րե­ւոր բա­ժի­նը բե­րած էին, հի­մա այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ոտ­քի կանգ­նած են ի պաշտ­պա­նու­թիւն «Ար­մէն» Ճամ­բա­րին: Շուր­ջօ­րեայ հեր­թա­պա­հու­թեամբ Հ­րանդ Տին­քի ու տիկ­նոջ՝ Ռա­քէ­լի եր­բեմ­նի ապս­տա­նա­րա­նը հան­դիս­ցաող «Ար­մէն» Ճամ­բար-որ­բա­նո­ցի քան­դու­մը կա­սեց­նե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ ոտ­քի ե­լած են «­Նոր Զար­թօնք»ցի­նե­րը. կե­ցո­ւածք մը, որ կրնայ ծանր կա­ցու­թեան մատ­նել զի­րենք՝ ար­ժա­նա­նա­լով օ­րէ օր ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի բա­ցա­յայ­տօ­րէն բռնա­տի­րա­կան հա­կում­նե­րով շար­ժող Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գի հա­կազ­դե­ցու­թեան:

Այս ե­րի­տա­սատդ­նե­րը կար­ծես աչք ա­ռած են այդ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը ու պատ­րաստ են դի­մագ­րա­ւե­լու ճնշում­նե­րը:

Մենք ուղ­ղա­կի հիա­ցած ենք «­Նոր Զար­թօնք»ի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու քա­ղա­քա­ցիա­կան խի­զա­խու­թեամբ, որ վստա­հօ­րէն իր դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ հա­զա­րա­ւոր ծպտեալ հա­յե­րու վրայ՝ զա­նոնք մղե­լով ա­ւե­լի յան­դուգն դառ­նա­լու՝ ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նու­թեան վե­րա­դառ­նա­լու ճա­նա­պար­հին:

Հիա­ցու­մով կը հե­տե­ւինք «­Նոր Զար­թօնք»ի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն եւ կը յու­սանք, որ ա­նոնք կը գրա­ւեն մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը, որ­պէս նո­ւա­զա­գոյն ե­րաշ­խիք ի­րենց ա­պա­հո­վու­թեան, ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան: