Նոր Զարթօնքի Մամլոյ Հաղորդագրութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

[ A+ ] /[ A- ]

24 Ապրիլ՝ Ցեղասպանութիւն եւ Ուրացում

Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին հայերու ուղղուած առաջին զանգուածային ջարդերը կատարուեցաւ Սուլթան Համիտի հրամանով 1894-1896 թուականններուն Համիտիյէ ջոկատներու կողմէ: Ասոր յաջորդեցաւ 1908-ի Մէշրութիյէթէն վէրջ իրականացուող 1909-ի Ատանայի ջարդերը: Իսկ 24 Ապրիլ 1915 թոականին՝ հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնը՝ ջարդուելու համար եւ յաջորդաբար բռնի կատարուող կանոնաւոր աքսորները եւ ջարդերը, հայաշատ Անատոլիան հայազուրկ դարձուց: Այս ընթացքին հազարաւոր տուներ, եկեղեցիներ եւ վանքեր կործանուեցան. Անատոլիայի Քրիստոնեայ ժողովուրդները ծրագրուած աքսորով մը ոչնչացուեցան կամ արմատախիլ եղան: Հայոց ցեղասպանութիւնը, այժմու թրքական պուրժուայի նիւթական կուտակումին մայր աղբիւրներէն մէկը հանդիսանալով կազմեց ազգ-պետութեան դրամագլուխը, այն ազգ-պետութեան որ արդէն հայկական գոյքերու կեղեքման վրայ հիմնուած էր:

Հանրապետութեան Կամ Ցուլման Պատմութիւնը

Բնաջնջումի, ուրացման եւ ձուլման քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ հանրապետութեան շրշանին եւս: Ամէն տեսակ տոհմիկ եւ կրօնական տարբերութիւն անտեսուեցաւ եւ միօրինականութեան ենթարկուեցաւ: Պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական քաղաքականութիւններով մայրենի լեզուները արգիլուեցան եւ այս արգելքները պաշտպանուեցաւ «Հայրենակից Թրքերէն Խօսէ» արշաւով: Դրամագլուխի թրքացման քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ հանրապետութեան շրջանին, ինչպէս՝ 1936-ի յայտարարագիրը, 6-7 Սեպտեմբերի ջարդերը եւ «Վաքըֆներու օրէնք»ը եւ այլք:

Իսկ այսօր ուժի մէջ է փոքրամասնութիւններու մասին ժամանակավրէպ օրէնքի համազօր որոշմնագիր մը, որ իրական լուծում մը չի ներկայացներ եւ որուն միջոցաւ վերադարձուած է միայն մի քանի գոյք: Գալֆաեան որբանոցի պատկանող շէնքի մը ապասեբականացումը, Թուզլայի ճամբարի բռնագրաւումը եւ նման բազմաթիւ ոտնձգութիւններ ցոյց կու տայ տիրապետող մտայնութիւնը:

Պէտք է Առերեսուիլ Ցեղասպանութիւնով

Բոլոր այս քաղաքականութիւններու հետեւանքով Անատոլիայի աշխարհագրութիւնը մշակութային տեսանկիւնէ երաշտացաւ, բազմաթիւ լեզուներ եւ մշակոյթներ ոչնչացման դատապարտուեցան: Անատոլիայի ժողովուրդները եւ ճզմուողներն ալ անձայն մնալով Հայոց ցեղասպանութեան դիմաց, ուրացման քաղաքականութեան աջակցեցան եւ նոր ջարդերու գետին պատրաստեցին:

Այսօր հայերու, քուրտերու, թուրքերու եւ այլ ժողովուրդներու միջեւ հաստատուելիք խաղաղութիւն մը, ցեղասպանութեան ուրացումով չէ՝ այլ այս ժողովուրդներու խաղաղապաշտ վերաբերումով եւ հասարակաց պայքարով է որ պիտի իրականանայ: Այս պատճառով, մեր բոլորին քաղաքական պատասխանատւութիւնն է՝ ցեղասպանութեան գլխաւոր գործիչներու յայտնաբերումը, ցեղասպան աւանդութիւնը եւ մտայնութիւնը շարունակող ցեղապաշտ-ֆաշական կուսակցութիւններու հետ չգործակցիլը եւ ասոնց չաջակցիլը:

Այս շրջագծով, երբ կը մօտենայ հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը, Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցող ոգեկոչման հանդիսութիւնները իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն միջժողովրդային կապերու եւ լուծման գործընթացի հաստատման: Բայց այս ոգեկոչումները պէտք չէ սահմանաբակուի միայն խղճի մաքրագործման ընթացքով, այլ՝ պէտք է նկատի առնուի նաեւ քաղաքական շրջագիծը, ինչպէս՝ Թուրքիոյ-Հայաստան սահմանադռան բացումը, սփիւռքահայերու անցագիր ստանալը, ցեղասպանութեան ընդունումը եւ ներողութիւն խնդրուիլը, ցեղասպանութեան գործիչներու հրապարակումը՝ զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ դասագիրքերու մէջ, թրքական պուրժուայի հաշուետւութիւնը եւ հատուցում:

ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ