Սահակօղլուի «Անժամանակ»ները

[ A+ ] /[ A- ]

Գարագիւղի մէջ, երէկ, «GALERİ 77»ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յայտնի արուեստագէտ Գրիգոր Սահակօղլուի նոր ցուցահանդէսը։ «Անժամանակ» խորագրեալ այս ձեռնարկով Գրիգոր Սահակօղլու գեղարուեստասէրներուն կը ներկայացնէ իր վերջին շրջանի ստեղծագործութիւնները։

Երկար տարիներէ ի վեր Գրիգոր Սահակօղլու գեղարուեստական գետնի վրայ բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ, հեղինակութիւն կը վայելէ եւ համակրանքի արժանացած է։ Այս նոր ցուցահանդէսն ալ արգասիքն է իր հարուստ ներաշխարհին, ինքնուրոյն մօտեցումներուն եւ մանաւանդ կեանքի առթած զգացումները եզակի ձեւով մատուցելու անկրկնելի կարողութիւններուն։

Գրիգոր Սահակօղլու վարպետ արուեստագէտ մըն է, որ սուր հայեացքով կը դիտարկէ իր ժամանակները եւ այդ դիտարկումներու արգասիքը կ՚ըլլան «Անժամանակ» պտուղներ։ Անշուշտ, այստեղ հիմնական գաղտնիքն է, որ ան շատ լաւ կը թափանցէ ժամանակներու ոգիին եւ այդ է պատճառը, որ յաջորդ քայլափոխին իր ստեղծագործութիւնները «Անժամանակ» իմաստ մը կը ստանան եւ կը վերածուին իսկական արժէքի։

Քանի մը օր առաջ արդէն մանրամասնօրէն անդրադարձած էինք Գրիգոր Սահակօղլուի այժմ ցուցադրուած «Անժամանակ»ներուն։ Միեւնոյն ժամանակ, մեր վարպետ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ ցուցահանդէսի երէկուան բացման ընթացքին նկարահանուած այս դրուագները տարրական պատկերացում մը կու տան Սահակօղլուի վերջին ստեղծագործութիւններուն շուրջ։

Արտատպուած՝Ժամանակէն