Նոր Զարթօնքի Մամլոյ Հաղորդագրութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

[ A+ ] /[ A- ]

NZ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ ՎԵՐՋԱՑԱԾ՛

200է աւելի հայ մտաւորական իրենց տուներէն բռնի հաւաքուելով աքսորուեցան և ճամբու վրայ իթթահաթականներու ապօրինի կազմակերպութիւնը Թէշքիլաթը Մահսուսաի կողմէ կոտորածի ենթարկուեցան: Այս պատճառաւ է որ 24 Ապրիլ 1915ը խորհրդանիշը հանդիսացած է Հայոց Ցեղասպանութեան: Բայց և այնպէս 24 Ապրիլ 1915ը այս տարածքի վրայ հայոց նկատմամբ կատարուած յարձակումներուն առաջինը չէ: Սուլթան Համիթի հրամանով կազմուած Համիտեան Ալայներու ձեռամբ կատարուած1894-96ի կոտորածները և 1908ի սահմանադրութենէ անմիջապէս ետք 1909ի Ատանայի Ջարդը անտարակոյս Հայոց Ցեղասպանութեան նախաքայլերն էին: 24 Ապրիլ 1915ը յաջորդող ժամանակաշրջանին մէջ Օսմանեան Աշխարհը կանոնաւոր, կազմակերպուած սպանութիւններու և աքսորներու շնորհիւ Հայաջնջուեցաւ: Հայերու բոլոր ունեցուածքը բռնագրաւուեցաւ և իրենց մշակութային ժառանգութեան վերջ տրուեցաւ: Անկասկած Հայոց Ցեղասպանութեան միջոցաւ նախատեսուած էր ազգայնացուած քաղքենական հիմնադրամի մը կենսաւորումը: Բոլոր այս ընթացքի տեւողութեան Անատոլուի միւս Քրիստոնեայ ժողովուրդներուն ալ ցեղասպանութեան քաղաքականութենէ բաժին մը ինկաւ ինչպէս նաև Սէյֆօ, այսինքն Ասորի-Սուրիանի Ցեղասպանութիւնը և Պոնդոսի Ցեղասպանութիւնը:

Ցեղասպանութեան ուրացումը այս յանցագործութեան վերջին օղակը և կարևոր զեկուցիչն է սոյն եղեռնագործութեան յարատեւմանը: Էութիւնը և հիմնադրամը մարդկութեան դէմ գործուած այս յանցագործութեան վրայ հիմնող Թրգական Հանրապետութիւնը հաստատամիտ կեցուածքը կը շարունակէ տարած բնաջնջման, ուրացման և իւրաշրջման քաղաքականութեան նկատմամբ: Նորակազմ երկրի մէջ ամէն տեսակ ցեղախօսական և կրօնական այլազանութիւնը մերժուեցաւ և նոյնացում մը ի գործ դրուեցաւ: Ցեղասպանութենէ փախած և այսպէսով ազատած Հայերուն ետ երկիր վերադարձը նոր Հանապետութեան կառուցիչ խորհրդարանի հրամանագիրներով արգիլուեցաւ: Հայերու բնաջնջումէ զատ այդ տարածքի վրայ գոյատեւող միւս բոլոր ազգերն ալ անտեսուեցան և իւրաշրջման ենթարկուելով Թուրք դարձնելու աշխատուեցան: Պաշտօնապէս կամ ոչ մայր լեզուներ արգիլուեցաւ: Այս արգելանքները ”Հայենակից Թրքերէն խօսէ՛” գամբանեաներով խրախուսուեցաւ: Իսկ Ցեղասպանութեան ամենակարևոր դրդապատճառը”Հիմնադրամի Թրքականացուիլը” շատ բնական քաղաքական երեւոյթ մը ըլլալով բոլոր Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին ալ շարունակեց զանազան ձևերով. Ինչպէս 1936ի ”Պէյաննամէն”, ”վարլըք Վէրկիսի” (Ունեւորութեան Տուրքը), 6-7 Սեպտեմբերի Փոկրոմը և ”Վաքըֆլար Քանունուն” (փոքրամասնութեան հիմնարկներու յատուկ օրէնքները): Մէկ կողմէ ալ Հայկական տեղւոյ անունները փոխուեցաւ, գերաեզմաններ, եկեղեցիներ և դպրոցներ քանդուեցաւ: Հայերու պատմական էութիւնը տարածքի ժողովուրդներու նոյնիսկ Հայերու մոռացութեանը յանձնելու աշխատուեցաւ:Կոտորածներու, թալաններու և խորտակումներու յաջորդող ու ”Սպիտակ Ջարդ” ըլլալով անուանուող այս իւրաշրջման քաղաքականութիւնը մինչև օրս կը շարունակուի:

Այսօր Հայերուն պետութեան կողմէ բռնագրաւուած հաւաքական կալուծքին սահմանաբակ մէկ մասը միայն ԱՔՓի Կարավարութեան կողմէ ետ տրուած է կարծես շնորհ մը մինչդեռ ասդին բնաջնջումը, ուրացումը և իւրաշրջման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Այս քաղաքականութեան ամենէն այժմէական, այրեցիկ և մարմնաւորուած օրինակներն են Հրանդ Տինք, Մարիցա Քիւչիւք և Սևակ Պալըքչըի ոճրագործութիւնները:

Այս երկրի մէջ Հայերու դէմ կատարուած ոճրագործութիւնները մինչև օրս օրինական են ինչպէս 1915ին: Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին ”Թիւրք Թարիհ Քուրումուն” ի կողմէ դեռ տէզէնֆորմասեօն նպատակաւ դասախօսութիւններ կը կազմակերպուիլը նոյնպէս ԱՔՓի Կարավարութեան և պաշտօնակալութեան խիստ յայտարարութիւնները ցոյց կոգ տայ թէ այս ուրացման քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի:

ՈՂՈՐՄԱԾՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՉԵՆՔ՛

Անցեալ տարիներ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութիւնը, Թուրքիոյ ժողովուդներու միջև միասնաբար պայքար մղելու սովորութիւնը հաստատելու տեսակետէ մեծ կարևորութեան արժանի է: Բայց այս յիշատակութիւնները պէտք չէ ”անձնական խշճի հաշուեյարդարի” դառնայ:Մենք Թրքահայերս ողորմածութիւն չէ արդարադատութիւն կը պահանչենք՛ Այսպէսով Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւորութեամբ բոլոր մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցանքերը որոնց վրայ հիմնուած է պետութիւնը առերեսման կը կարօտի:
Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ,

• Սահմանը միակողմանի բակող Թուրքիոյ առանց նախապայմաններու Թուրք- Հայկական սահմանները բանալը
• Արմատներով այս հողերուն կապուած սփիւռքի Հայերուն առանց պայմաններ դնելու քաղաքացութեան իրաւունք տալը
• Ցեղասպանութիւնը ընդունելով վերապրողներէն ներողութիւն խնդրուիլը
• Ցեղասպանութեան գործիչներուն մամլոյ և դասագիրքերու մէջ հրապարակումը և անոնց հետ գործակցութենէ հեռանալ
• Թուրք քաղքենականներու 1915է ետք իրենց հիմնադրամի հաշիւը տալը և Ցեղասպանութեան զոհերուն փոխհատուցումը
• Հայ Ժողովուրդի սեփականութեան պատկանող Սդանպուլ և Անատոլու տարածուած դպրոց, հիւանդանոց,եկեղեցի և այլ հանրային տարածքներու վերականգնումը ու վերադարձուիլը
Մեր իրաւացի պահանչարկներն են:

Այս պայմաններու տակ երբ Ցեղասպանութեան 100. ամեակի սեմին կը մօտենանք, անարդարութիւններու վերջ գտնելը, ժողովուրդներու հասարակած և ստոյգ պայքար մը մղելը հարկաւոր է: Այս պահանչարկներու հիման վրայ հասարակած պայքարը Թուրքիոյ ժողովուրդներու միջև խաղաղութեան և միասնութեան հիմքը պիտի կառուցէ:

Nor Zartonk / Նոր Զարթօնք