Փառք հիմնադրին

[ A+ ] /[ A- ]

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հազիւ ամիս­նե­րու տե­ւողու­թեամբ կեանք սահ­մա­նուած թեր­թի մը տաս­նա­մեակն էր։ «Ակօս»ի անձնա­կազ­մը իր հա­մակիր­նե­րով ճա­շարա­նի մը մէջ ու­րա­խու­թեամբ նշած էին թեր­թին ան­ցած ճա­նապար­հը։ Այդ օրէն յի­շատակ մնա­ցին Հրանդ Տին­քի ամե­նաու­րախ լու­սանկար­նե­րը։ Իրաւ ալ Հրանդ, որ ան­մա­հացած է բազ­մա­թիւ լու­սանկար­նե­րով կամ վի­տէօ ժա­պաւէն­նե­րով, իր ար­տա­յայ­տութիւննե­րուն մէջ կը ներ­կա­յանայ մերթ խոր մտո­րումնե­րով, մերթ ալ խի­զախ պոռթկումնե­րով։ Այդ երե­կոյան նկար­նե­րուն մէջ ան կը վա­յելեր յա­ջողած ըլ­լա­լու ու­րա­խու­թիւնը, յաղ­թա­նակի խին­դը։

Տինք չար­ժա­նացաւ «Ակօս»ի 11-ամեակը վա­յելե­լու։ Ինչպէս որ մենք, մնա­ցող­ներս ան­գամ մը եւս չար­ժա­նացանք տաս­նա­մեակի ոգե­ւորու­թիւնը ըմ­բոշխնե­լու։

Եթէ զու­գա­դիպած չըլ­լար Ս. Զատ­կի տա­ղաւա­րին, թե­րեւս մենք ալ աննկատ պի­տի թո­ղէինք հիմ­նարկու­թեան 25-ամեակը։

Պա­տահա­կանու­թիւն մըն էր, թեր­թին առա­ջին հա­մարը լոյս տե­սաւ 1996-ի Ապ­րի­լի 5-ին, որ նաեւ Զա­տիկ կը տօ­նէինք։ Որ­քան ալ օրա­ցու­ցա­յին փո­փոխո­թիւննե­րով տե­ղաշարժ ընէ, մենք թեր­թին տա­րեդար­ձը կա­պած ենք Ս. Զատ­կին, մտքի մէջ ու­նե­նալով հան­դերձ 5 Ապ­րիլ թո­ւակա­նը։

Եկուր տես որ, ինչպէս մենք Հրան­դի սպա­նու­թե­նէն ետք ան­գամ մըն ալ չենք ու­նե­ցած թեր­թին հիմ­նարկո­թեան տա­րեդար­ձը նշե­լու տրա­մադ­րութիւն, Զատ­կի տօնն ալ զրկած է մեզ ու­րա­խանա­լէ։

Այս երկրորդ տա­րին է որ Զա­տիկը չի գար մեր կող­մե­րը։ Ան­շուշտ որ եկե­ղեց­ւոյ տո­մարով նշո­ւած պի­տի մնայ անոր գա­լուստը, բայց գի­տենք թէ տօ­նական օրե­րը եկե­ղեցա­կան նշա­նակու­թե­նէն դուրս ալ իմաստներ ու­նին։ Ահա այդ իմաստնե­րու առու­մով է որ կ՚ըսենք «եր­կու տա­րի է որ չի գար Զա­տիկը»։

Եթէ հան­դի­պելու հրճո­ւան­քով իրար չենք բա­րեւած «Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռելոց, օրհնեալ է յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սոի» ըսե­լով Պո­յաճը­գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ բա­կը, դեռ ի՞նչ Զա­տիկ։ Եթէ Պա­տարա­գի աւար­տին լայն չեն բա­ցուած սե­ղան­նե­րը նոյն բա­կին մէջ, եթէ ժո­ղովուրդը գու­նա­ւոր հաւ­կիթնե­րը ծե­ծելով պի­տի չու­րա­խանայ, եթէ կոտ­րո­ւած ձուն իս­կոյն պի­տի չի փա­թաթենք լա­ւաշին, վրան պի­տի չու­նե­նանք թարմ սո­խը, պի­տի չբարձրաց­նենք հա­րեւան նպա­րավա­ճառի նո­ւիրած գի­նիով լի բա­ժակ­նե­րը, ո՞ր Զատ­կի մա­սին կը խօ­սինք։ Այդ իրա­րան­ցումի մէջ եթէ չկան երի­տասարդ թուրք սաք­սա­ֆոնա­հարը իր կող­քին ու­նե­նալով հա­րեւան եր­կո­ւորեակ թրքու­հի­ները իրենց սրին­գով, ի՞նչ կը նշա­նակէ Զատ­կի տօ­նը։

Կու­տա­կուած այսքան ձա­խողու­թեան դի­մաց եթէ կայ յու­սադրիչ լոյս մը, ան ալ կը պար­տինք Զատ­կին, աւե­լի ճիշդ՝ Զատ­կի խորհրդին։ Թո­ղենք Յա­րու­թեան հրաշ­քի մա­սին սուրբգրա­յին պա­տու­մը եւ ականջ տանք շա­րակա­նին՝ որ կը յայ­տա­րարէ «Մա­հուամբ զմահ կո­խեաց, եւ Յա­րու­թեամբն իւ­րով մեզ զկեանս պար­գե­ւեաց»։

Իր սե­փական մա­հով կեանք պար­գե­ւելու տօնն Զա­տիկը։ Մե­ղայ բաղ­դա­տու­թեան հա­մար, բայց իրա­ւացի ենք երբ կը տա­րուինք մտա­ծելու թէ Հրանդ Տինք ալ քա­լեց իր Գող­գո­թան, խա­չուե­ցաւ մեզ կեանք պար­գե­ւելու տեն­չանքով։

Ան­ցած ենք քա­ռորդ դա­րով ճա­նապարհ մը, ուր թո­ղած ենք խոր հետ­քեր, որոնց հա­մար նպա­տակ չու­նինք յա­ւելեալ հա­մես­տութիւն ցու­ցադրե­լու։

Գի­տենք թէ հա­ճելի չէ ինքնա­գովու­թիւնը, բայց երբ կը հա­ւատանք թէ գի­րը կը մնայ, չենք կրնար խու­սա­փիլ նաեւ ժա­մանա­կի վկա­յու­թիւնը բե­րելէ։

Եթէ այ­սօր պոլ­սա­հայ իրո­ղու­թեան մէջ ու­նինք դի­մադ­րե­լու կա­րող երի­տասարդ ջիղ մը, այդ մէ­կուն ձե­ւաւոր­ման մէջ կա­րեւոր առաջ­նորդ մըն էր Տինք, որուն հա­մար ամե­նայն սրտա­բացու­թեամբ կրնանք հաս­տա­տել՝ «Նմայ փառք, յա­ւիտեան»։

Արտատպուած՝ Ակօսէն