1 Մայիս Կեղեքուող, Ճնշուող եւ Արտաքսուողներու Տօնն է:

[ A+ ] /[ A- ]


2009 թուականը « 1 Մայիս միջազգային Աշխատաւորներու Օր» ին աշխարհի հռչակման 120րդ , Թուրքիոյ մէջ տօնախմբման 100րդ տարելիցն է:
1 Մայիս , 14 Յուլիս 1889ին Սօսիալիստ Էնթերնասիոնալի Փարիզի մէջ հաւաքուած «Հիմնադրման համագումար»ին մէջ «Միջազգային Բանուորներու Օր» հռչակուեցաւ:14 Յուլիս 1889 , Պաստիլի անկման ,«հաւասարութիւն,ազատութիւն,եղբայրութիւն» գաղափարներուն , մեծ Ֆրանսական Յեղափոխութեան 100րդ տարեդարձն էր:1 Մայիս , աշխարհի չորս ծագերուն 8 ժամնոց աշխատանքային օրուան համար եւ դրամատիրական կեղեքումի դէմ շարունակուող զանգոածային պայքարին արդիւնքը ըլլալով ծնաւ:
Թուրքիոյ մէջ , առաջին 1 Մայիս ,1909 ին Սելանիկ եւ Իւսկիւպին մէջ տօնուեցաւ:
1909 1 Մայիսը խորհրդանշական արարք մը չէր , այլ շլացուցիչ ցոյց մը՝ որուն մասնակցեցան հազարաւոր կին եւ այր աշխատավորներ:
1909 1 Մայիսը , ոչ միայն շլացուցիչ ցոյց մըն էր,այլ շոշափելի պահանջներ եւ ակներեւ քաղաքական գիծ մը ունեցող արարք մըն էր:
1908ի յեղափոխութեան ստեղծած համեմատաբար ազատ մթնոլորտը՝ բանուորական շարժումին ինքնարտայայտութեան հնարաւորութիւնը ընձեռած,յաջորդող մի քանի ամսուան ընթացքին Սելանիկէն Իսթանպուլ,Պեյրութէն Զոնկուլտակ,Մանասթըրէն Այտըն աւելի քան 100.000 բանուոր գործաթուլ ըրած է:Գործաթուլներէն ոմանք՝ ուղղակի կիներու կողմէ կազմակերպուած են,իսկ ոմանց մէջ՝ մինչեւ իսկ ընդհարումներ տեղի ունեցած են:Այս գործաթուլներուն մեկ մասը հազիւ զենքով ճնշուած է:
«Արդարութիւն,ազատութիւն եւ հաւասարութիւն» պահանջներով ժողովուրդը Յուլիսեան յեղափոխութեան կանչողներու անհանդուրժողական կեցուածքը աշխատաւորներու դէմ՝ տարածեց այն գաղափարը թէ՝ բռնակալութենէ փրկուիլը մնայուն եւ իմաստալից պիտի չըլլայ մինչեւ որ կեղեքումէ փրկութիւն կարելի չըլլայ: 1 Մայիս 1909 , անկիւնադարձ մը եղաւ , որ աշխատող դասակարգը իր ուղղութիւնը գտնէ ձախ շարժումին մէջ:
1 Մայիսի կազմակերպման մէջ գլխաւոր դերը ստանձնող «Սելանիկի Ընկերվարական Բանուորական Դաշնակցութիւնը» իր նպատակները Սոսիալիստ Էնթերնասիոնալին հետեւեալ կերպով պարզեց.
«Օսմանեան ազգը նոյն երկիրին մէջ ապրող եւ իւրաքանչիւրը տարբեր լեզու,մշակոյթ , գրականութիւն, աւանդութիւն եւ նկարագիր ունեցող զանազան ազգերէ կը բաղկանայ:Այնպիսի կազմակերպութիւն մը հիմնել ուզեցինք, որ մարդիկ առանց իրենց լեզուն եւ մշակոյթը լքելու,անոր կարենան մասնակցիլ:Նոյնիսկ աւելի լաւը, յանուն նոյն գաղափարի –ընկերվարութեան գաղափար- աշխատելու ընթացքին, ամեն մեկը իր մշակոյթը եւ անհատականութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւնը գտնէ:»
1 Մայիսը Յոյն,Թուրք,Հրեայ,Պուլկարացի բանուորները միասին կազմակերպեցին եւ թեւ թեւի քալեցին:
1 Մայիսի զեկոյցը 4 լեզուով հրապարակուեցաւ:Ամենուն ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք, աշխատանքի ուժը պահպանող օրենքներուն լոյս տեսնելը եւ գործաթուլի օրէնսդրութեան բարելաւումը պահանջուեցաւ:
100 Տարիէ Ի Վեր Այլ Թուրքիայ Մը Կարելի է՜
Մայիս 1ը այն օրն է, որ մեզի կը յուշէ թէ՝ հաւաքականութեան հիմնական հակասութիւնը վճարովի աշխատանքի ուժի եւ դրամագլուխի միջեւ է:Ցեղային,կրօնական, սեռական կամ ազգային պատկանելիութիւնը ինչ որ ըլլայ,բոլոր աշխատողները ,արտադրողները պիտի կրնան յայտարարել թէ՝ կարելի է «աշխարհի բոլոր բանուորներուն միանալը»,«կարելի է ուրիշ տեսակ
աշխարհի մը գոյութիւնը»,«կարելի է ոտքերուն գլուխ դառնալը»:
Այս տեսանկիւնէն 1909 1 Մայիսը , ոչ միայն Թուրքիոյ բանուորական դասակարգին պատմաբեմ ելլելը հռչակած օրը, այլ՝մոտեցող առաջին կայսերապաշտ բաժանման պատերազմի դէմ աշխատաւոր տարբերակի մը ներկայացումն է:
Տոհմիկ եւ կրօնական տարբերութիւնները խնդիր ըլլալով չէ՝ իբր հարստութեան աղբիւր տեսնող,ժողովուրդներու հաւատքը,մշակոյթը եւ հայրենակիցներու անձնական նախընտրութիւնները յարգող եւ անհատներուն ազատօրէն ինքնազարքացման հնարաւորութիւն տուող,ազատապաշտ ընկերվարութեան մը հաստատման պահանջը պաշտպանող այս տարբերակը ,100 տարի վերջ այսօր ալ այժմէական է եւ ճգնաժամէն միակ ելքի ճամբան է:
1 Մայիս , աշխատաւորին՝ անոր ապրելու կամքը արագօրէն սպառող աշխատութեան կեանք մը պատժաճ համարող ,մարդկութեան մեծ մասը անգործութեան,անոթութեան անձայն մահով,պատերազմի շռնդալից մահուան միջեւ նախընտրութեան հարկադրող դրամատիրութեան դէմ՝ խղճին եւ մտքին բողոքն է:Հողը,բնական աղբիւրները ցամքեցնող,բնութիւնը թալանող,անհեթեթ եւ բարբարոսային շահամոլութեան պատճառաւ յարատեւ տագնապներու պատճառ եղող դրամատիրութեան դէմ,մարդկութեան ընկերվարական այլընտրանքին կ՝ակնարկէ:
1 Մայիս 2009 , բանուորական դասակարգի բոլոր բաժանմունքները,երանգը եւ պայքարը ցոլացնող արարք մը պէտք է ըլլայ: Մահուան դատապարտուող տենիմ ճերմկցնող բանուորներէն,արհմիութեան մասնակցելուն համար գործազուրկ եղող ՏԵՍԱի լաչակաւոր բանուորուհիներէն,ՍԻՆԹԵՐին մէջ գործազրկութիւնը չընդունող բանուորներէն ,50 տ ին դէմ պայքարող դասախօսներէն,ահազանգային շտապօգնութեան աշխատաւորներէն մինչեւ անոնց՝ որոնք հակառակ իրենց ակնկալութեան չեն կրնար իրենց աշխատանքը ծախել ,աշխատաւորներուն եւ պայքարիլ ուզող բոլոր շրջաններուն հարստութիւնը պէտք է կրէ:
1 Մայիս 2009 ,Թուրքերուն ,Քուրտերուն ,Լազերուն ,Չերքեզներուն ,Զազաներուն,Հայերուն բոլոր Թուրքիոյ ժողովուրդներուն պէտք է խօսի:Ալեվի,Քրիստոնեայ,Հրեայ,հաւատացեալ ,ոչ հաւատացեալ բոլոր կարծիքները եւ հասարակութեան զանազան խաւերը պէտք է ընդգրկէ:Կիներուն,երիտասարդներուն,համասեռականներուն,բոլոր արտաքսուողներուն ազատ հրապարակը պէտք է ըլլայ:
Պիտի չմոռնանք,պիտի չմոռցնենք
1977 Թուականին «Միջազգային Բանուորներու Տօն»ը տօնելու համար Թաքսիմի մէջ մէկտեղուող հարիւրհազարներու վրայ կրակ բացուելով տօնին արիւնաթաթախուիլը եւ 34 հայրենակցին մահանալը՝ մեր յիշողութեան արձանագրուեցաւ որպէս աննախընթաց գրգռութիւն մը գաղտնի գործակալութեան կողմէ կատարուող:Ակնկալուեցաւ,որ 1989ին, նաեւ 1996ին այս գրգռութիւնները կրկնուին:
1977ի զանգուածային ջարդին 30րդ տարելիցին ,մեր պատմութեան այս ամենէն խաւար էջին լուսաւորման պահանջով Թաքսիմի մէջ համախմբուիլ ուզող աշխատաւորները անհամեմատ եւ անհանդուրժողական բռնութեամբ մը դիմաւորուեցան եւ նոյն անհանդուրժողականութիւնը անցեալ տարի ալ շարունակուեցաւ:
100 Տարուան աւանդութիւնով Թուրքիայ ,1 Մայիսին ամենէն շատ տէր կանգնող երկիրներէն մէկն է:Կայսերապաշտ զաւթիչ ուժերը եւ համագործակցող կառավարութեան արգելքները իսկ չկրցան խոչընդոտել 1 Մայիսի տօնախմբութիւնը:
1909 Սելանիկ եւ Իւսկիւպ 1 Մայիսի հարստութեան
1921Ին ընդդէմ զաւթիչ ուժերու արգելքներուն ՝ Իսթանպուլին մէջ Մայիսը տօնախմբող բանուորներուն
1977ին , 1989 ին 1996ին գաղտնի գործակալութեան գնդակներուն դէմ հրապարակները լեցնող հարիւրհազարներու ժառանգը մեր ուսերուն վրայ է:
100 Տարիէ Ի Վեր Այլ Թուրքիայ Մը Կարելի է
100 Տարիէ Ի Վեր Կայինք,Կանք ու Պիտի Ըլլանք