Իսլամացուած Հայերը, Սկիզբէն Մինչեւ Մեծ Եղեռն

[ A+ ] /[ A- ]

arastirmaci_yervant_baret_manok_ermeni_halifeler_de_var_h59252_3e1ad

Երուանդ Պարէտ ՄԱՆՈՔ

Հայերու եւ մահմետականներու առաջին շփումները իսլամի Մուհամմէտ մարգարէի ժամանակաշրջանէն կը սկսին: Զեքի Ալ Դին արաբագիր պատմիչին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն Երուսաղեմի հայոց կրօնապետը Աբրահամ արքեպիսկոպոսը (աւելի վերջ պատրիարք) տեսնելով Սուրբ Երկրի մէջ Մուհամմէտի աճող զօրութիւնը, 626 թուականին կ’երթայ Մուհամմէտի մօտ, կ’ընդունի քաղաքական իր գերակայութիւնը եւ ամէն տարի վճարուելիք տուրքի մը փոխարէն իրմէ պաշտպանութիւն կը խնդրէ: Աբրահամ, իսլամի հիմնադիրէն հայերու կեանքը, գոյքը, ապրելակերպը ու պաշտամունքը երաշխաւորող եւ Երուսաղեմի Հայոց Եկեղեցիի իրաւունքները հաստատող հրովարտակ մը ձեռք բերել կը յաջողի:

Մուհամմէտի այս հրովարտակէն վերջ, խումբ մը հայեր ընդունելով իսլամը, կը հանդիսանան պատմութեան մէջ առաջին իսլամացած հայերը: Աւելի վերջ, թէ՛ Օմար եւ թէ Ալի խալիֆաները, թէ՛ ալ քանի մը իսլամ իշխանաւորներ նման հրովարտակներ տուած են, բայց դժբախտաբար ժամանակի ընթացքին այս հրովարտակները եւ անոնց բովանդակութիւնը մոռացութեան մատնուեցան:

Հայերու իսլամացման գործընթացը Է. դարէն, արաբական արշաւանքներու շրջանէն կը սկսի: Հայաստանը նուաճելէ վերադարձող արաբական զօրքերը, իրենց հետ բազմաթիւ երկսեռ մանուկ եւ երիտասարդ հայ գերիներ ալ կը տանէին իբրեւ աւար: Այս մանուկ եւ երիտասարդները ապրելու համար պարտաւոր էին իսլամանալու: Ասոնցմէ ոմանք ժամանակի ընթացքին արաբական աշխարհի մէջ շատ կարեւոր դիրքերու հասան:

Պատմութեան ընթացքին, բռնի կրօնափոխութեան ենթարկուած հայութեան որոշ խումբեր քրիստոնէութենէ հեռանալով, ժամանակի ընթացքին հեռացած են նաև քրիստոնեայ իրենց ցեղակիցներէն, կորսնցնելով նաեւ իրենց լեզուն եւ կենցաղը։ Ասոր գլխաւոր պատճառը այն է որ, ինչպէս անցեալի մէջ, այնպէս ալ շատ յաճախ մեր օրերուն, կրօնական պատկանելութիւնը շատ աւելի ծանր կշռած է քան էթնիկ պատկանելութիւնը: Քրիստոնէութիւնը հայերու համար ոչ միայն կրօնք, այլեւ աշխարհահայեացք, ազգային գոյութեան հիմք եղած է։ Այդ պատճառով ալ հաւատափոխութիւնը նաեւ ազգութիւնը փոխել, դաւաճանութիւն կը նշանակէր եւ կրօնափոխ հայը ալ՛ հայ չէր համարուէր:

Այսօր պատմական եւ մարդաբանական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ ներկայ բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը, պատմութեան ընթացքին բռնի կամ կամաւոր իսլամացուած, թրքացուած կամ քրտացուած ժողովուրդներու սերունդներէ կը բաղկանայ: Ասոնց մեծամասնութիւնը ժամանակի ընթացքին իրենց իրական արմատներուն հետ կապերը կորսնցնելով, իրենք զիրենք թրքական շրջաններու մէջ թուրք, իսկ քրտական շրջաններու մէջ ալ քիւրտ կը համարեն: Իսլամացուած հայերու պարագան ալ այս ընդհանուր շրջագծին մաս կը կազմէ:

Այս նիւթը բաւական ժամանակ թէ՛ հայերու, թէ՛ ալ թուրքիացիներու համար թապու մը եղաւ: Երկու կողմերն ալ տարբեր պատճառներով նախընտրեցին լուռ մնալ : Հայերը, Մեծ Եղեռնի ընթացքին բռնի իսլամացուած իրենց ազգակիցներուն մասին երկար ժամանակ չուզեցին խօսիլ, որովհետեւ իրականութիւնը իրենց միտքին մէջի “;Հայը միայն քրիստոնեայ կըլլայ:” կարծրատիպին չէր համապատասխանէր: Նոյնիսկ մտածողներ եղաւ թէ, իսլամացուած հայերու նիւթը արծարծելը Մեծ Եղեռնի նահատակներուն արժէքը կը նուազեցնէ: Իսկ Թուրքիացիներն ալ, այս նիւթին մասին չուզեցին խօսիլ, որովհետեւ եթէ նիւթը բացուէր, ակամայ պիտի կապուէր կատարուած յանցագործութեան ու ցեղասպանութեան:

Ուշագրաւ է թէ, դարեր առաջ իրենց արմատներէն բռնի հեռացուած հայութեան մասին բազմաթիւ վկայութիւններ ու աշխատանքներ կան, սակայն Մեծ Եղեռնի ընթացքին, բռնի իսլամացուած հայութեան նիւթը, դեռ վերջին տարիներուն է որ սկսաւ արծարծուիլ:

Դարերու ընթացքին, Հայկական լեռնաշխարհ ներխուժած նուաճողները, երկրին տիրելու համար, հայերը եւ տեղացի այլ բնիկ ժողովուրդները ձուլելու քաղաքականութիւն որդեգրեցին: Ասոր իրագործման հիմնական մեթոդներէն մէկն ալ բռնի կրօնափոխութիւնը կամ դաւանափոխութիւնն էր:

Տարածաշրջանի մէջ թրքական պետութիւններ կազմուելէ վերջ ալ, ոչ մահմետական բնակչութիւնը դեռ մեծամասնութիւն էր: Իսկ նուաճողները իսլամադաւան մեծամասնութիւն մը կազմել կ'ուզէին: Ասոր համար բնիկ ժողովուրդներու բռնի իսլամացումը առաջնակարգ քաղաքականութիւն դարձաւ :

Հայերու բռնի կրօնափոխութիւնը, յատկապէս տարբեր կոտորածներու ժամանակ լայն թափ ստացաւ. ու Մեծ Եղեռնի ժամանակ իր գագաթնակէտին հասաւ: Ճիշտ ջարդերու ամենաբուռն շրջանին, հայերը խումբերով կամ գիւղերով, նամակ- խնդրագրեր գրեցին “կամաւոր” կերպով իսլամ ընդունելու համար:

ԻՍԼԱՄԱՑՈՒՄԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Եկուորները երկրին տիրելու եւ տեղացիները իսլամացնելու համար հետեւեալ միջոցներու դիմած են.

Ա. Հայկական նախարարական համակարգի վերացում (այսպիսով, տեղացի հայերը առանց ղեկավարի կը մնային):

Բ. Հայ զանգուածներու բռնի կամ կամաւոր արտագաղթ (այսպիսով, թէ՛ տեղացի հայերու թիւը եւ ուժը կը պակսէր, թէ՛ ալ իսլամական նոր միջավայր արտագաղթած հայերը բռնի իսլամացնելը աւելի դիւրին կ՛ըլլար):

Գ. Հայերու գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ իսլամ բնակչութիւն տեղաւորել (այսպիսով, հայկական բնակավայրերը կը կորսնցնէին բնակչութեան միատարրութիւնը):

Դ. Հայ բնակչութեան բռնի իսլամացում (տեղւոյն վրայ բնակեցուած իսլամ բնակչութիւնն ալ այս գործընթացին կ՛օգնէր):

Ե. Իսլամ չեղող բնակչութեան զինուորական ուժի օգտագործում (Իսլամ չեղող բնակչութեան մէջ կատարուող բռնի մանկահաւաքի եւ բռնի իսլամացման միջոցով յատուկ բանակներ կը կազմուէին: Ենիչերիներուն մաս կազմող հայերու մէջ շատ բարձր պաշտօններու հասնողներ ալ եղած են):

Զ. Պետութեան վճարուող շատ բարձր հարկեր: Դրացի մահմետական ժողովուրդներու կատարած թալաններու եւ առեւանգումներու անպատիժ մնալը (Օսմանեան կայսրութեան մէջ մահմետական չեղող ժողովուրդները, մահմետականներու բաղդատմամբ, պետութեան շատ աւելի բարձր հարկեր կը վճարէին: Ասոր վրայ կ՛աւելնար նաեւ դրացի իսլամ ցեղախումբերու կատարած թալաններն ու առեւանգումները: Իսլամութիւնը ընդունիլը այս ծանր վիճակէն ազատելու ճամբայ մըն էր):

Է. Դարերու երկայնքին, բայց մանաւանդ Մեծ Եղեռնի ընթացքին հայ կիներու եւ աղջիկներու առեւանգում, մահմետականներու հետ պարտադրեալ ամուսնութիւն, սեռային ստրուկութիւն:

Ը. Դարերու երկայնքին, բայց մանաւանդ Մեծ Եղեռնի ընթացքին մահմետականներու կողմէ հայ երեխաներու բռնի առեւանգում, որդեգրում (Շատ անգամ իբր ստրուկ գործածելու համար):

Թ. Դարերու երկայնքին, բայց մանաւանդ Մեծ Եղեռնի ընթացքին ստրկավաճառութիւն: (Օսմանեան կայսրութիւնը հարուստ էր ստրկավաճառութեան աւանդոյթներով: Թէեւ 1909-ին ստրկավաճառութիւնը պաշտօնապէս արգիլուեցաւ, բայց բազմաթիւ են փաստերը, որ աքսորի ճանապարհին տարագիր հայերուն ուղեկցող պատասխանատուները, ոստիկանները, որպէս ստրուկներ կը վաճառէին հայ կիները եւ երեխաները, որոնք եւս, բռնի իսլամացման կ’ենթարկուէին:)

Իսլամացուած եւ գաղտնի հայերը միատարր զանգուած մը չեն: Ամէնքը իրարու չեն նմանիր: Անոնց մէջ կան շերտաւորումներ, եւ ամէն մէկ շերտի հետ յարաբերելու ռազմավարութիւնը միւսներէն տարբեր պէտք է ըլլայ:

Գաղտնի հայերը գիտեն, թէ հայ են եւ իրենց կրօնը քրիստոնէութիւնն է: Յամենայն դէպս իրենց ապրած այդ վտանգաւոր միջավայրին մէջ գոյատեւելու համար մահմետականի պէս կ՛ապրին: Վերջին տարիներուն իրենց իրական ինքնութեան եւ կրօնին վերադարձնողներուն թիւը օրէ օր կը շատնայ:

Իսլամացուած հայերը գիտեն, թէ իրենք հայերու սերունդներ են, բայց ա՛լ իսլամութիւնը իրենց իրական կրօնը եղած է: Վերջերս շատեր իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտել սկսան:

Կան նաեւ շատ աւելի հինէն իսլամացուած հայերու սերունդներ: Ասոնք կարելի չէ հայ համարել: Ասոնք թուրք, քիւրտ, արաբ կամ ուրիշ ազգերէ մահմետականներ են, որոնց ընտանեկան տոհմածառին մէջ տեղ մը հայկական ծագում մը կայ: Ժամանակի ընթացքին հայութեան հետ գրեթէ բոլոր կապերը կորսնցուցած են եւ շատ անգամ լուր իսկ չունին, թէ հեռաւոր հայկական արմատներ ունին: Այս խումբին թիւը շատ բարձր է: Ասոնց մէջ կայ նաեւ փոքրամասնութիւն մը, որ լուր ունի իր հայկական արմատներէն, բայց ինքզինք հայ չի զգար:

Մեծ Եղեռնի տարիներուն, երբեմն կրօնափոխութիւնն անգամ յստակ երաշխիք չէր ողջ մնալու համար: