Առաջնահերթ պարտականութիւնն է զօրակցիլ ՀՏՓ-ին

[ A+ ] /[ A- ]

Բագրատ Էսդուգեան

Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան բնո­րոշ յատ­կութիւննե­րը վեր­ջին տա­րինե­րուն հետզհե­տէ ան­վի­ճելի իրո­ղու­թիւն դար­ձած են։ Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թեան յա­ջոր­դող շուրջ 70 տա­րինե­րու ըն­թացքին թա­պուի վե­րածո­ւած նիւ­թեր վեր­ջին 30 տա­րինե­րուն օրըս­տօ­րէ աւե­լի հա­մար­ձակ հաս­տա­տումնե­րով կը քննար­կո­ւին։ Իրաւ ալ ան­ցեալին կա­րելի չէր ըլ­լար իր հե­տեւանքնե­րով շատ լուրջ խնդիր­նե­րու մա­սին իսկ կար­ծիք յայտնել։ Ոչ միայն նոր պե­տու­թեան խա­րիս­խը կազ­մող հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, այլ յա­ջոր­դող տաս­նա­մեակ­նե­րու բո­լոր ազ­գայնա­մոլ դրդումնե­րով գոր­ծո­ւած յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րը կա­րելի չէր հրա­պարա­կաւ քննար­կել։

Պե­տու­թիւնը այդ բո­լորին հա­մար ու­նէր իր բա­ցատ­րութիւննե­րը, որոնք ան­վի­ճելի էին։ Օրի­նակի հա­մար սե­րունդներ հա­մոզո­ւեցան թէ 1938-ին Տէր­սի­մի մէջ գոր­ծադրո­ւածը յե­տադի­մական բնոյ­թով ապստամ­բութիւ­նը կա­սեց­նե­լու ուղղեալ զի­նուո­րական մի­ջոցա­ռում մըն է։ Շատ աւե­լի ուշ կա­րելի եղաւ լու­սա­բանել թէ ընդ հա­կառա­կը, պե­տու­թեան կող­մէ ծրագ­րո­ւած եւ եր­կար տա­րինե­րու պատ­րաստու­թե­նէ մը ետք գոր­ծադրո­ւած կո­տորած մըն էր պա­տահա­ծը, որ կը մի­տէր տեղ­ւոյն ղը­զըլ­պաշ ալե­ւի բնակ­չութիւ­նը հե­ռաց­նել իր հա­րազատ երկրէն։

Նոյնպէս շա­տեր քրիս­տո­նեանե­րու եւ հրեանե­րու ուղղեալ ու­նե­ւորու­թեան տուրքը ըն­կա­լեցին իբ­րեւ պա­տերազ­մի շե­մին անհրա­ժեշտ կան­խա­միջոց մը ըլ­լա­լով։ Դար­ձեալ լուրջ նա­խապատ­րաստու­թիւնով մը պե­տու­թեան ընդյա­տակեայ գոր­ծա­կալ­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած 6-7 Սեպ­տեմբե­րի դէպ­քե­րը եր­կար տա­րիներ­ ներկա­յացո­ւեցան իբ­րեւ ժո­ղովուրդա­կան պոռթկում մը։ Եր­բեք նո­ւազ չեն այս տե­սակի օրի­նակ­նե­րը՝ որոնք անցնե­լով 1977-ի Մա­յիս 1-եան ցոյ­ցե­րու դէմ բե­մադ­րո­ւած յար­ձա­կու­մէն, 1978-ին Մա­րաշի ալե­ւինե­րու դէմ գոր­ծադրո­ւած զան­գո­ւածա­յին կո­տորա­ծէն, Կա­զի թա­ղամա­սի մէջ դար­ձեալ ալե­ւինե­րու դէմ ի գործ դրո­ւած յար­ձա­կու­մէն հա­սան մին­չեւ մեր օրե­րուն։

Այ­սօր Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւնը տնտե­սական ճգնա­ժամով, ըն­կե­րային յա­րաբե­րու­թիւննե­րու քայ­քա­յու­մով եւ յատ­կա­պէս ապա­գայի նկատ­մամբ անվստա­հու­թիւնով կ՚ապ­րի իր 100-ամեայ պատ­մութեան դժո­ւարա­գոյն շրջան­նե­րէն մէ­կը։ Այս իրո­ղու­թիւնը յա­մառօ­րէն կ՚ան­տե­սուի Նա­խագահ Էր­տո­ղանի գլխա­ւորած իշ­խա­նու­թեան կող­մէ եւ վար­դա­գոյն ապա­գայ կը խոս­տա­ցուի հա­սարա­կու­թեան միամիտ մե­ծամաս­նութեան։ Այդ խոս­տումի ետին կը շրջա­դար­ձուին բո­լոր իրո­ղու­թիւննե­րը եւ ան­պա­տեհ երե­ւոյթնե­րու մեղ­քը կը բեռ­ցո­ւի ընդդի­մադիր­նե­րուն։ Նոյ­նիսկ ընդդի­մադիր­նե­րը կը դա­սուին իբ­րեւ երկրի զար­գա­ցու­մը խա­փանող ներ­քին թշնա­միներ։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ է, որ Վճռա­բեկ Ատեանի դա­տախա­զը երկրորդ ան­գամ կը դի­մէ Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեան, Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրժա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան (ՀՏՓ) գոր­ծունէու­թիւնը եւ անոր աւե­լի քան 500 յա­ռաջա­տար գոր­ծիչնե­րուն քա­ղաքա­կան աշ­խա­տու­թիւնը ար­գի­լելու պա­հան­ջով։

Ցա­ւալի է այն երե­ւոյ­թը, ուր ընդդի­մադիր շրջա­նակ­ներ ալ կը շա­րու­նա­կեն ան­տարբեր մնալ երկրի չնչին աս­տի­ճանի հա­սած ժո­ղովրդա­վարա­կան սկզբունքնե­րուն տէր կանգնե­լու հա­մար։

Քրտա­կան Ազա­տագ­րա­կան շար­ժումի խորհրդա­րանի մէջ ներ­կա­յացու­ցի­չը հա­մարո­ւած ՀՏՓ այ­լեւս գե­րազան­ցած է իր սկզբնա­կան առա­քելու­թիւնը եւ ամ­րո­ցը դար­ձած է ժո­ղովրդա­վարա­կան բո­լոր սկզբունքնե­րուն։ Այդ յատ­կութիւ­նով ալ ան կ՚ար­ժա­նանայ ոչ միայն քիւրտե­րուն, այլ շատ աւե­լի լայն բնակ­չութեան մը հա­մակ­րանքին։ Ու­րեմն ար­դա­րամիտ իւ­րա­քան­չիւր քա­ղաքա­ցիի առաջ­նա­հերթ պար­տա­կանու­թիւնն է զօ­րակ­ցիլ ՀՏՓ-ի հետ։

Արտատպուած՝ Ակօսէն