Բարեկենդանը կը յաջորդէ Վարդանանցին

[ A+ ] /[ A- ]

Բագրատ Էսդուգեան

Թէեւ եր­կու տար­բեր խոր­հուրդներ են Վար­դա­նան­քը եւ Բա­րեկեն­դա­նի աւան­դութիւ­նը, անոնց օրա­ցու­ցա­յին յա­ջոր­դա­կանու­թիւնը կը պար­գե­ւէ բո­լորո­վին իւ­րա­յատուկ մի այլ խոր­հուրդ։

Այ­սօր տա­կաւին մեր սրտե­րուն կը մխայ 44 օրեայ պա­տերազ­մի զո­հերուն պատ­ճա­ռած կրա­կը եւ կար­ծես այս կսկի­ծը պի­տի ժա­ռան­գէն նաեւ յա­ջորդ սե­րունդնե­րը, քա­նի որ­ մենք տա­կաւին կը յի­շենք Վա­րդանանց պա­տերազ­մի բիւ­րա­ւոր զո­հերը։ Այս պա­հուն պար­տա­ւոր ենք վե­րահաս­տա­տելու թէ հայ ժո­ղովուրդի գո­յու­թիւնը հա­մազ­գա­յին հա­մոզու­մով կը վե­րագ­րենք Վար­դա­նանց նա­հատակ­նե­րուն ։ Ճիշդ է որ անոնք կրե­ցին յստակ պար­տութիւն մը Պարսկա­կան հզօր զօր­քի դի­մաց, բայց իրենց մա­հով մեզ կեանք պար­գե­ւեցին։ Նմա­նու­թիւններ կայ այ­սօ­րուայ պայ­մաննե­րու հետ, քա­նի որ մե­րօրեայ հե­րոս­ներն ալ ապ­րե­ցան նոյն պար­տութիւ­նը ան­հա­մեմատ կեր­պով գերհզօր Թուրք-Ատրպէյ­ճա­նական եւ առա­ւել եւս վարձկան ահա­բեկիչ­նե­րու խու­ժա­նի մը դի­մաց։ Ցա­ւալին այն է որ մենք այ­սօր որ­պէս ազգ շատ հե­ռու ենք այդ պար­տութե­նէն ձեր­բա­զատո­ւելու եւ պար­տութիւ­նը յաղ­թա­նակի վե­րածե­լու կամ­քէն ու հա­ւատէն։ Բան մը որ չէր պա­տահած Աւա­րայ­րի ճա­կատա­մար­տի պար­տութե­նէն ետք։ Ընդ հա­կառակ ճա­կատա­մար­տը ձե­ւափո­խուած էր քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի, որու հե­տեւան­քով թշնա­մին հրա­ժարած էր իր պա­հանջնե­րէն եւ խո­նար­հած էր հա­յու կամ­քին դի­մաց։ Այդ է, որ աւան­դա­բար Վար­դա­նան­քի յի­շատա­կու­մը կը տա­րածենք երեք օրե­րու եւ աւար­տին կը տօ­նենք Բա­րեկեն­դա­նը, այ­սինքն բնու­թեան վե­րակեն­դա­նացու­մը։

Ազ­գե­րու պատ­մութեան մէջ կան շրրջա­դար­ձա­յին յատ­կութիւն ու­նե­ցող դրո­ւակ­ներ ու ժա­մանակ­ներ։ Պար­տինք խոս­տո­վանիլ թէ 44 օրեայ պա­տերազ­մի պար­տութիւ­նը ան­խուսա­փելի էր մարտնչող զի­նուոր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ ան­հա­ւասա­րու­թեան բեր­մամբ։

Պա­տերազ­մին կա­մաւոր մաս­նակցած իմ մէկ ըն­կե­րը, որ նաեւ նոյնպէս կա­մաւոր մաս­նակցած էր Ար­ցա­խեան առա­ջին պա­տերազ­մին հե­տեւեալ կեր­պով կը բնու­թագրէր եր­կու պա­տերազմնե­րու տար­բե­րու­թիւնը։ «Այդ ժա­մանակ մեր ձեռ­քին կար «քա­լաշ­նի­քով» եւ նոյ­նը նաեւ ատրպէյ­ճանցուն։ Մարտնչե­ցանք ու յաղ­թա­կան դուրս եկանք։ Այս ան­գամ մենք դար­ձեալ «քա­լաշ­նի­քով»նե­րով ենք, իսկ թշնա­մին ու­նի ժա­մանա­կակից գերհզօր զէն­քեր»։ Ու­րեմն կրնանք ըսել թէ պար­տութիւ­նը ոչ թէ ռազ­մա­կան, այլ քա­ղաքա­կան բնոյթ ու­նի։ Պար­տութեան մեղ­քը կը վե­րաբե­րի Հա­յաս­տա­նի բո­լոր կա­ռավա­րու­թիւննե­րուն, որոնք իրենց կա­րելին չը­րին յաղ­թա­նակը խա­ղաղու­թեան դա­շին­քով կը պսա­կելու հա­մար։ Ընդ հա­կառա­կը վա­րեցին ան­լուծե­լիու­թեան քա­ղաքա­կանու­թիւն մը հա­րազատ ժո­ղովուրդը լո­լոզե­լով սնա­մէջ հե­րոսա­պատումնե­րով։ Կա­րելի չէ այդ մե­ղադ­րանքէն բաց թողել Նի­կոլ Փա­շինեանի գլխա­ւորած կա­ռավա­րու­թիւնն ալ։ 2018-ի գար­նան Փա­շինեան ու­նէր նման քայ­լի մը դի­մելու հա­մար պի­տանի ժո­ղովրդա­կան աջակ­ցութիւ­նը։ Բայց նոյնն է, չու­նե­ցաւ «Հող տո­ւող» խայ­տա­ռակ մե­ղադ­րանքին դէմ քա­ջաբար կանգնե­լու հա­մար­ձա­կու­թիւնը։ Հա­մար­ձա­կու­թիւն մը, որ ան­ցեալին չէր ու­նե­ցած նաեւ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան։

Եկէք պահ մը խու­սա­փինք ընդդի­մադիր շար­քե­րու պա­տեհա­պաշտ աթո­ռակ­ռի­ւէն եւ յոյ­սով դի­մաւո­րենք Բա­րեկեն­դա­նը, իբ­րեւ վե­րըն­ձիւղման խորհրդանիշ։

Արտատպուած՝ Ակօսէն