Բաց նամակ Արամ Արքեպիսկոպոսին

[ A+ ] /[ A- ]

agoslogo

Agos

Յարգելի Արքեպիսկոպոս

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի մասին Թուրքիոյ Հայ Հասարակութեան անունով Հանրապետութեան Նախագահի ուղղեալ ձեր նամակը ցասում, բարկութիւն եւ ամօթի զգացումներով կարդացինք։ Սոյն նամակը ընդունեցէք որպէս տուեալ հասարակութեան անդամ ըլլալով հանդերձ ձեր արտայայտած կարծիքներուն բովանդակութեան եւ ոճին վերապահութիւն ունեցողներու ձայնը։

Ժողովուրդի մը իր հպատակած պետութեան որոշումով եւ կարգադրութեամբ ապրած երկրէն արմատախիլ ըլլալը «Ա. Աշխարհամարտի ողբերգական օրերուն պատահած դէպքերե ըլլալով բնութագրելը ձեր ալ մասնիկը եղած ժողովուրդին նախնեաց, զոհերուն եւ վերապրողներուն նկատմամբ անարգանք է։

Ձեր նկարագրումով «քաղաքացիական կապերով հպատակած պետութեան դէմ բոլոր պարտականութիւնները անթերի կատարող եւ ինքզինք այս երկրի մարդոցմէ տարբեր տեսնելու բարդոյթէն ձերբազատուած, ի պահանջել հարկին օրէնքներու շրջանակին մէջ իրաւունքները պաշտպանել գիտցող քրիստոնեայ-հայ թուրք քաղաքացիներ» կոչուած հաւաքականութիւնը երբեք միատար կառոյց մը չէ ու կը բաղկանայ իր անկախ զգացում, համոզում եւ իրականութեան գիտելիքներուն տէր անհատներէ։ Խնդիրը այն է թէ հայերը իրենք զիրենք տարբեր տեսնելնուն համար չէ որ 1915–է ետք, 1942-ի ունեւորութեան տուրքով, 1955-ի 6-7 Սեպտեմբերի թալաններով, Կիպրական խնդրի լարուածութեան շրջաններու զուգահեռ քաղաքականութեան սրուած բոլոր ժամանակներուն խտրականութեան, ֆաշիստ եւ հրապարակաւ ապառնական պատգամներու ենթարկուեցան։ Նոյնպէս Թուրքիոյ հայ ժողովուրդը 19 Յունուար 2007-ին ալ իր անձը երկու ժողովուրդի խաղաղութեան նուիրած ամենաարժէգաւոր ձայնին՝ Հրանդ Տինքին նահատակուիլը տեսած է։

Երբ կ՚ըսէք «իբրեւ պատրիարքական աթոռ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի բարեկամութեան եւ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններու մէջ ըլլալնուն համար աղօթելու կը շարունակէք» ձեր ձայնած նախագահ Էրտողան ինչպէս ամէն առիթով, դեռ երկու օր առաջ անգամ մը եւս երկրի Հայաստանի քաղաքացի բնակիչները բանաձեւի ընդունման իբր հակազդեցութիւն, երկրէ դուրս վտարելու մասին ճարեց։ Այդ ելոյթը ինչպէս կը բացատրէք ձեր անձին կամ խղճին։ Թերեւս մոռցած էք խորհելով անգամ մը եւս յիշեցնեմ։ «Սա պահուս երկրիս մէջ մօտաւորապէս 100 հազար հայեր կան։ Ասոնց համարեա կէսը մեր քաղաքացիներն են, մեր երկիրը կ՚ապրին, այստեղ կ՚աշխատին։ Բայց կան նաեւ մօտ այդքան հայեր որոնք մեր երկրի քաղաքացիները չեն։ Եթէ մենք նման զգայնութիւն մը ցուցաբերած չըլլանք անոնք ինչո՞ւ պահենք երկրի մէջ։ Մենք ալ եւրոպացիներու նման զիրենք կ՚ուղարկենք իրենց երկիրը՝ Հայաստան»։

Կ՚ըսէք որ «Աւանդական սահմաններու մէջ մնալով հաւասարակշռեալ կեցուածք մը ցուցաբերելը ոմանց համար հաճելի չի թուիր»։ Աղախինի մը նման մէջքը կորացած կենալը ի՞նչ տեսակ կեցուածք մըն է, հասկնալու կը դժուարանանք։

Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք մը ըլլալով հայերու կողքին բոլոր մարդկութեան խնդիրն է։ Բարօրութեան համար աղօթած ժողովուրդներու հասարակաց ապագան ձեզ ձեր պատմութիւնը ուրանալու աստիճանին հասցնող ճնշումներուն վերանալով, պատուաբեր առերեսումէ մը ետք կարելի կրնայ ըլլալ։

Յարգելի Արքեպիսկոպոս,

«Գերմանական կայսրութեան այս ողբերգական դէպքերուն մէջ ստանձնած դերակատարութիւնը երկու տողով շրջանցել» արտայայտութենէն ալ կը հասկնանք որ դուք այդ բովանդակութիւնը չէք կրցած ըմբռնել։ Գերմանական կայսրութիւնը այս յանցագործութեան ուղղակիօրէն մեղսակիցի հռչակող պատճէնի համարեա 80 տոկոսը գերմանիոյ իր անցեալին հետ առերեսումով լեցուն է։

Շարունակենք՝ «հայ ազգի մօտ թրավմայի պատճառ եղած այս վիշտին միջազգային դաշտին վրայ շահագործումը իսկապէս ալ ցաւ կը պատճառէ» ըսած էք։ Ճիշդ է, ձեզի այս նամակը գրելու մղող ճնշումը մեզի ցաւ կը պատճառէ։ Նոյնպէս Թուրքիոյ հայ հասարակութեան ինքնութիւնը եւ ենթաինքնութիւնը ո՛չ թէ այս բանաձեւի ընդունումէն, այլ ձեր ելոյթէն վիրաւորուած է։ Մանաւանդ ալ «հայ ազգի գաղութատիրական ուժերու կողմէ շահագործուելու» մասին ձեր տողերը ուրացման պատգամի վառ օրինակ ըլլալով նշանակուելու արժանի է։ Մօտ ապագային պիտի տեսնենք թէ ձեր այս խօսքերը որոնց կողմէ խանդավառ ծափողջիւններով պիտի դիմաւորուի։

Այս առթիւ ձեր նամակի ոճը ընդօրինակելով յայտնենք որ մենք ալ խոր յուզում եւ բարկութեան զգացումներով լեցուած ենք։ Ձերդ ամենապատուութեան խելք, իմաստութիւն եւ շնորհք կը խնդրենք ամենակալ Աստուծմէն։ Քաղաքացիական պատերազմի մը դժոխքին մէջ երբ ամէն օր մարդիկ կը սպաննուին «երկրիս մարդկանց բարի ծառայութիւններ մատուցող պետական աւագանիի աշխատութիւններուն յաջողութիւն մաղթած» Աստուած ձեզի ալ արժանապատիւ կեցուածք թող պարգեւէ։

Խորին յարգանօք