Բողոք՝ Պոլսոյ Մէջ Հայերու Վրայ Յարձակումներուն Կապակցութեամբ

[ A+ ] /[ A- ]

Asbarez

Թրքական «Էվրենսել» թերթը Չորեքշաբթի, Յունուար 24ին լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած է մէկ օր առաջ Սամաթիոյ մէջ տեղի ունեցած Սուլթան Այքար անունով հայուհիին վրայ պատահած յարձակումին: Հետաքրքական է, որ յարձակումը գործուած է ոստիկանատան դիմաց գտնուող անոր բնակարանին մէջ։

Թերթը կը հաղորդէ, թէ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը շարժման անցած է ու այս հարցով տեսակցութիւն մը ունեցած Ագսարայի ապահովութեան տնօրէնութեան հետ։

Պոլսոյ մասնաճիւղի նախագահ Իւմիտ Էֆէ այնուհետեւ տեղեկացուցած է, որ ապահովութեան պատասխանատուները բազմակողմանի հետաքննութեան մը սկսած են։ Ոստիկանութիւնը կը կարծէ, թէ այս չորս յարձակումները, որոնցմէ մէկուն ընթացքին սպաննուած էր 84ամեայ հայուհի մը, գողութեան նպատակ կը հետապնդեն, բայց Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը մտահոգ է՝ համոզուած ըլլալով, որ ասոնք ցեղապաշտական բնոյթի յարձակումներ են։

Էֆէ դիտել տուած է, որ մասնաւորաբար թիրախ կ՛ընտրուին տարիքոտ կիներ եւ գողութեան հետք իսկ չկայ այս յարձակումներուն մէջ. «Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը մինչեւ ծալքերուն բացայայտումը պիտի հետեւի այս խնդիրի հետաքննութիւններուն», ըսած է ան։ Իր կարծիքով, այս դէպքերուն պէտք է մօտենալ իբրեւ անհատական յանցագործութիւն՝ շեշտելով, թէ պիտի պահանջուի, որ այս հարցին թղթածրարը յանձնուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատասխանատուներուն։ Ան նաեւ խոստացած է այս մասին մանրամասն զեկոյց մը հրապարակել եւ զայն ներկայացնել ներքին գործոց նախարարութեան:

Էֆէ այս յայտարարութիւնները ըրած է ոստիկանատան դրան առջեւ։ Հոն հաւաքուած էին նաեւ «Ո՛չ ցեղապաշտութեան եւ ազգայնապաշտութեան», «Նոր Զարթօնք», Տերսիմ մշակութային միութեան, «Էմեք» կուսակցութեան եւ «Երիտասարդ կանաչներ» կոչուած խմբաւորումի ներկայացուցիչները։

Իր կարգին, «Ո՛չ ցեղապաշտութեան եւ ազգայնապաշտութեան» խօսնակ Ճենկիզ Ալկան յայտնեց, որ հայերու վրայ յաճախակի դարձած յարձակումները կրնան կապուած ըլլայ «Հայերու Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի պատրաստութեանց հետ»: «Մենք այս հարցով հանդիպում պահանջած են Պոլսոյ նահանգապետ Հուսէյն Մութլուի հետ: Յոյս ունինք, որ հանդիպումը անյապաղ տեղի կ՛ունենայ եւ անհրաժեշտ միջոցառումներ կ՛որդեգրուին», աւելցուց ան:

Միւս կողմէ, «Հապեր Սօլ» կայքը Չորեքշաբթի առտու այս մտահոգիչ լուրին արձանգանգելով՝ գրած է. «Սամաթիոյ մէջ ֆաշիզմը սանձարձակ կը գործէ: Հայ կնոջ մը վրայ եւս յարձակում գործուեցաւ»։

Իսկ «Ռատիքալ» թերթը կը գրէ, որ Հրանդ Տինքի եւ զինուորական ծառայութեան ընթացքին Սեւակ Շահին Պալըքճիի սպանութիւններէն ետք, նոր ցնցում մը ապրող Թուրքիոյ հայ համայնքը կը փափաքի յստակացնել այս վերջին յարձակումներուն դրադապատճառները՝ բացատրութիւններ ակնկալելով ապահովական մարմիններէն:

Սամաթիոյ մէջ նորագոյն յարձակումէն ետք, թաղեցիները դժգոհ են, որ իշխանութիւնները ցարդ որեւէ լուսաբանութիւն չեն ըրած այս յարձակումներուն մասին եւ ցարդ ոեւէ մէկը դատարան չէ յանձնուած՝ իբրեւ յարձակումի հեղինակ։

Սամաթիա թաղի պատասխանատուները եւս յայտնած են, որ շշմած են ստեղծուած կացութենէն եւ այժմ Սամաթիոյ մէջ առանձին բնակող երէց հայուհիներու բարեկամներն ու մերձաւորները խոր անձկութեան մատնուած են։ Թաղեցիներուն կարծիքը այն է, որ այս յարձակումները դիպուածի արդիւնք չեն, այլ՝ հետեւողական շարժումի մը մասնիկները:

Սուլթան Այքարի զաւակները «Պիանեթ»ին յայտնած են, թէ յարձակողը կամ յարձակողները նոյնիսկ իրենց մօր պայուսակը չեն գողցած, ինչ, որ յայտնի կը դարձնէ, թէ յարձակումին նպատակը գողութիւն չէր. «Եթէ հայ ես, դրացիին հետ իսկ բանավէճի մէջ մտնելէ կը վախնաս», ըսած են անոնք:

«Պիանեթ» կ՛աւելցնէ, թէ Սամաթիոյ սրճարաններէն մէկուն մէջ հայ կամ իսլամ մարդիկ ցաւով դիտել տուած են, որ շատ անհանգիստ են այս յարձակումներէն՝ հարց տալով, թէ յարձակողը կազմակերպութեան մը անդա՞մ է, թէ հիւանդ խելագար մը։

«Թարաֆ» թերթը եւս գրած է, թէ հայ համայնքը անհանգստացած է ու լարուածութիւնը կը սրի: