Դէպի Քամփ Արմէնի վերակառուցման Հրանդ Տինքի կտակը

[ A+ ] /[ A- ]

Հանրապե­տական շրջա­նի պոլ­սա­հայ պատ­մութեան մէջ բա­ցառու­թիւն են այն դրո­ւագ­նե­րը, որոնք պար­զո­ւած են հա­սարա­կու­թեան իշ­խա­նու­թիւննե­րու որո­շու­մին դէմ դի­մադ­րե­լու կամ­քով։ Մօտ ան­ցեալին եր­կու դէպ­քեր ըլ­լա­լով կը յի­շուին Պո­մոն­թիի Մխի­թարեան Վար­ժա­րանի եւ Քամփ Ար­մէ­նի պե­տական դա­ւադ­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւնով մը յափշտա­կուե­լու փոր­ձին խա­փանու­մը։ Առա­ջին դէպ­քին մէջ այդ դի­մադ­րութիւ­նը կը պար­տինք նախ «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թիւննե­րու եւ ապա աշա­կեր­տութեան յա­մառ դի­մադ­րութեան։ Յի­շենք թէ «Ակօս» մեծ աղ­մուկ բարձրաց­նե­լով Մխի­թարեան վար­ժա­րանի գրաւ­ման խնդի­րը բե­րած էր երկրի օրա­կար­գին։ Այդ հանգրո­ւանին ձե­ւաւո­րուած էր ամ­բողջ Թուրքիոյ ծա­ւալով զօ­րակ­ցութեան ալիք մը, որուն դէմ իշ­խա­նու­թիւննե­րը հար­կադրո­ւեցան ետքայլ ընե­լու եւ գտնո­ւած կար­գադրու­թիւննե­րու շնոր­հիւ դպրո­ցը մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կէ իր առա­քելու­թիւնը։

Նման էր նաեւ Հայ աւե­տարան­չա­կան եկե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նող Թուզլա­յի Քամփ Ար­մէն ման­կա­կան ճամ­բա­րի պատ­մութիւ­նը։ Օրի­նական բո­լոր կար­գադրու­թիւննե­րը իրա­կանաց­նելէ, պատ­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րու թոյլտո­ւու­թիւնը ապա­հովե­լէ ետք եկե­ղեց­ւոյ վար­չութիւ­նը գնած էր այդ տա­րած­քը եւ որ­բե­րու աշ­խա­տու­թիւնով ալ անոր վրայ կեր­տած էր շէն­քեր։ Սա­կայն Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւննե­րը յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն պատ­ճա­ռաբա­նելով 1936-ի պայ­մա­նագիր­նե­րու սահ­մա­նափա­կումնե­րը, գրա­ւած էին տա­րած­քը եւ վե­րադար­ձուցած իր նախ­կին տի­րոջ։ Ապար­դիւն եղած էր Ար­դա­րադա­տական բո­լոր ջան­քե­րը եւ ի վեր­ջոյ 1 Մա­յիս 2015-ին տա­րած­քի օրի­նաւոր սե­փակա­նատէ­րը որո­շած էր մին­չ այդ կան­գուն մնա­ցած շէն­քե­րը փլել նոր շի­նու­թիւն մը կա­ռու­ցե­լու հա­մար։ Այդ պա­հուն է որ Հրանդ Տին­քի մա­հէն ետք կազ­մուած «Նոր Զար­թօնք» շար­ժումը մի­ջամ­տեց կա­տարուածին եւ բռնի կեր­պով մտնե­լով տա­րածք մեկ­նարկեց 175 օր տե­ւելիք գրաւ­ման գոր­ծընթաց­քը։ Այստեղ եւս կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցաւ «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թիւննե­րը, որու շնոր­հիւ կարճ ժա­մանա­կի ըն­թացքին ձե­ւաւո­րուե­ցաւ «Քամփ Ար­մէ­նի զօ­րակ­ցութիւն» կո­չեալ շար­ժումը։

«Նոր Զար­թօնք»ի անդամները ի դէմ բո­լոր տե­սակի ճնշումնե­րու իրենց հսկո­ղու­թեան տակ պա­հեցին այդ տա­րած­քը մին­չեւ որ 27 Հոկ­տեմբե­րին հո­ղատա­րած­քը պաշ­տօ­նապէս վե­րադար­ձո­ւի Կե­տիկ­փա­շայի Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեց­ւոյ վար­չութեան։ Այդ շրջա­նին մշա­կուե­ցան ծրա­գիր­ներ ըստ որու այդ տա­րած­քին մէջ կրկին պի­տի գոր­ծէր երի­տասար­դա­կան ճամ­բար մը, որ ձե­ւով մը ար­դա­րացու­ցած պի­տի ըլ­լար Հրանդ Տին­քի կտա­կը, որ իր կեն­դա­նու­թեան օրօք մեծ պայ­քար մղած բայց չէր յա­ջողած։ Նա­խորդ շա­բաթո­ւայ մէջ Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետա­րանը հաս­տա­տեց նա­խտե­սուած նպա­տակին յար­մար շի­նու­թեան մը թոյլտո­ւու­թիւնը, որու հա­մար այժմ կը գոր­ծէ յա­տուկ յանձնա­խումբ մը։ Կը նա­խատե­սուի երի­տասար­դութեան ծա­ռայող ճամ­բար մը, որու բնօ­րինա­կը պի­տի ըլ­լայ Երե­ւանի մեր­ձա­կայ «ԹՈՒ­ՄՕ» անո­ւան թեխ­նո­լոկիանե­րու կեդ­րո­նը։

Յանձնա­խու­մի անու­նով ճար­տա­րապետ Գէորգ Էօզ­գա­րակէօզ կը յայտնէ թէ ար­դէն պատ­րաստ է ծրա­գիրը հե­տեւա­բար աշ­խա­տանքը կրնայ սկսիլ հա­մապա­տաս­խան պիւտճէի գո­յացու­մով։

Արտատպուած՝ Ակօս