Թուրք Պատմաբան Ճանտան Պատեմի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Լեհաստանի Մէջ

[ A+ ] /[ A- ]

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Հանրածանօթ ցեղասպանագէտ Թանէր Աքչամի համաքաղաքացի՝ Արտահանցի թուրք պատմաբան Ճանտան Պատեմ զրուցակից հիւրն էր «Իմ Հայաստան, իմ հայեր» հանրային առցանց զրոյցներու շարքի նիստին, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի 26 Ապրիլ 2021ին, Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ:

Լեհահայ եւ ընդհանրապէս հայկական նիւթերու նուիրուած առցանց «Իմ Հայաստան, իմ հայեր» հարցազրոյցները, որոնք գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր կը ներկայացուին, կը կազմակերպուին Լեհաստանի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գործունէութեան ծիրին մէջ: Լեհաստանի մէջ առաջին հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 21 Սեպտեմբեր 2019ին, Քրաքովի մէջ: Այս հիմնարկը կը համարուի Լեհաստանի մէջ լուրջ հեղինակութիւն վայելող Արուեստի եւ գիտութիւններու ակադեմիոյ կառուցուածքի մէկ ստորաբաժանումը:

Անգլերէնով հարցազրոյցին օրուան զրուցավարն էր Եակելոնեան համալսարանի դասախօս եւ հայ մշակոյթի կեդրոնի գիտաշխատողներէն պատմաբան դոկտ. Եագուպ Օշեցքի, որ ծանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան, արցախեան հակամարտութեան, հայատեացութեան քաղաքականութեան դէմ իր հայանպաստ դասախօսութիւններով Քրաքովի, Վարշաւայի, Պրուքսէլի թէ այլուր: Հայերէնի իր ծանօթութիւնը նպաստած է հայկական աղբիւրներուն ծանօթանալու եւ անոնցմով հարստացնելու իր պատմական ուսումնասիրութիւնները, հրատարակուած յօդուածները, գիրքերը, մասնաւորաբար Հայազտանի գիտութիւններու եւ ազգային ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ իր ան կեցութեան շնորհիւ՝ 2011-2013 ժամանակաշրջանին։ Ներկայիս ան կը վարէ Քրաքովի Հայ մշակութային ընկերութեան (OTK) ատենադպրութեան պաշտօնը:

Օրուան առցանց զրոյցի նիւթերն էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ 2009ին առաջին թուրք պատմաբան Ճանտան Պատեմի կատարած ուսումնասիրութիւնները:

Զրուցակից հիւրը զրուցավարի հարցումներուն ընդմէջէն ներկայացուց Արտահանի եւ Կարսի շրջաններուն ընդհանուր մանրանկարը, հայութեան եւ հոն ապրած ազգութիւններուն վերաբերող որոշ յիշողութիւններ եւ իր ընտանեկան յարկին մասին յուշեր: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած պատմաբանը կը ծրագրէ աւելի խորացնել Հայկական Հարցի ուղղութեամբ իր ուսումնասիրութիւններու ծաւալը՝ հաստատելով նաեւ, որ ներկայիս թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւն ուսումնասիրողները արհամարհանքի արժանացած պատմաբաններ են:

Արտահանցի Ճ. Պատեմ ծնած է 1970ին։ Ռուսական բանասիրութեան եւ արեւելեան Եւրոպայի ուսումնասիրութիւններու ոլորտին մէջ մագիստրոսի իր կոչումը ստացած է Մեծն Բրիտանիոյ «Պիրմինկհամ» համալսարանէն 2001ին: Իսկ 2007ին, Օսմանեան պատերազմներու պատմութեան ծիրին՝ Ղրիմի պատերազմի նիւթին մէջ իր դոկտորականը ստացած է Պոլսոյ Սապանչը համալսարանէն: Ութ տարի դասախօսած է սոյն համալսարանի մէջ, մշակոյթի պատմութեան, կեդրոնական Ասիոյ թրքական պատմութեան նիւթեր, ինչպէս նաեւ ռուսերէնի թարգմանութեան դասընթացքներ տուած է:

Ան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու, հեղինակ է գիտական շարք մը յօդուածներու եւ հրատարակութիւններու՝ Օսմանեան կայսրութեան, Կովկասի եւ Թուրքիոյ պատմութեան մասին:

Պատեմ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Մեծն Բրիտանիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Գերմանիոյ պետական արխիւներուն մէջ, հանդիսանալով առաջին թուրք պատմաբանը, որ 2009ին ընդունուեցաւ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի ազգային արխիւի հաւաքածոյին ծանօթանալու եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար։ Ան կը տիրապետէ ռուսերէնին եւ անգլերէնին:

2016ին, Ճ. Պատեմ մասնակցեցաւ հանրային խնդրագիրի մը ստորագրահաւաքին, որուն մէջ մասնակցողները կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ իշխանութեան՝ երկխօսութիւն վերսկսելու երկրի հարաւ-արեւելեան շրջաններու խմբակցութիւններուն հետ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը ստորագրողները մեղադրեց ազգային դաւաճանութեան եւ ահաբեկչութիւնը խթանելու ու Թուրքիոյ բարի անունը վիրաւորելու յանցանքով: Օգոստոս 2016ին, թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով, Ճանտան Պատեմին արգիլեցին պետական բոլոր համալսարաններուն եւ գրասենեակներուն մէջ աշխատիլ:  Փետրուար 2019ին, պատմագէտը իր ստորագրութեան համար իբրեւ մեղաւոր՝ դատապարտուեցաւ երկու տարուան բանտարկութեան. սահմանափակումներու ենթարկուեցան նաեւ անոր ճամբորդութիւնները:

Թուրքիոյ մէջ սպառնալիքներու, նոյն ժամանակ հետազօտական եւ դասաւանդման հնարաւորութիւններէ զրկուած պատմաբանը անապահով վիճակի մէջ՝ փորձեց յարմար ելքեր փնտռել միջազգային կրթական ծրագիրներու շրջանակներու օգնութեամբ:

Նկատի ունենալով որ պատմաբան Ճ. Պատեմ վերջին տարիներուն սպառնալիքներու եւ բռնաճնշումներու ենթարկուած է, մանաւանդ Թուրքիոյ համալսարաններու մէջ աշխատանքէ հեռացումի ալիքին պատճառով, չկարենալով նաեւ իր երկրին մէջ անվտանգ շարունակել իր հետազօտական գործունէութիւնը՝ դիմեց Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի մէջ գործող Villa Decius մշակոյթի միջազգային հիմնարկին, որ կը համագործակցի տեղւոյն Եակելոնեան համալսարանին հետ իրականացնելու Scholars At Risk «Գիտնականներ սպառնալիքի տակ» կրթաթոշակի ծրագիրներ։ Անոնք վտանգի, հետապնդումներու, սպառնալիքներու եւ անհանդուրժելի պայմաններու մէջ գործող գիտնականներուն օգնութիւն եւ կրթաթոշակներ կը տրամադրեն եւ աջակցութիւն ցոյց կու տան՝ անոնց ուսումնասիրութիւնները եւ հետազօտական պրպտումները շարունակելու համար: Ուստի, այս ծրագիրին շնորհիւ, Ճ. Պատեմ առաջին թուրք պատմաբան է, որ կրթաթոշակ ստացաւ՝ օգտուելով սոյն ծրագրէն Նոյեմբեր 2020էն մինչեւ Ապրիլ 2021 ուսումնասիրութիւններ կատարելու Քրաքովի վերոյիշեալ համալսարանին մէջ:

Լեհաստանի մէջ հանրային առցանց զրոյցին առիթով թրքահպատակ այս մտաւորականին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կու գայ հարստացնելու երկար ցանկը բոլոր այն թուրք մտաւորականներուն, հասարակական գործիչներուն, արուեստի, գրականութեան եւ համալսարաններու դասախօսներուն, որոնք օրըստօրէ կը բազմացնեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունողներու, ճանչցողներու եւ վկայողներու անուանացանկը, հակառակ թուրք պետութեան ժխտողական եւ ուրացող քաղաքականութեան:

Թուրք նման անձնաւորութիւններ, հաւատարիմ մնալով իրենց գիտութեան, խիղճին ու կոչումին՝ քաջութիւնը ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ բացայայտ ձեւով արտայայտելու 1915ի հայոց բնաջնջումի ողբերգութեան իրականութիւնը եւ անուրանալի ճշմարտութիւնը:

Արտատպուած՝ Ասպարէզէն