Կարօ Փայլանը Առանձին Չէ. «Նոր Զարթօնք»

[ A+ ] /[ A- ]

Nor-Zartonk

Yerakouyn.com

Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը յայտարարութիւն մը կատարած է՝ դատապարտելով քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի վրայ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կատարուած յարձակումը:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, անհանգստանալով ժողովուրդներու պայքարէն եւ համերաշխութենէն՝ այս անգամ իբրեւ թիրախ ընտրած է քրտամէտ կուսակցութիւնը ներկայացնող հայ պատգամաւորը:

«Իշխանութիւնները, որոնք կը ջանան քիւրտ ժողովուրդն ու անոր պայքարը մեկուսացնել եւ վարկաբեկել, այժմ պայքարը խորհրդարան հասցուցած են՝ յստակ դարձնելով իրենց այլատեաց էութիւնը», նշած է «Նոր Զարթօնք»ը, միաժամանակ ընդգծելով, որ Կարօ Փայլանն ու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան միւս պատգամաւորները առանձին չեն:

Նախաձեռնող խումբի անդամները իրենց յայտարարութեան մէջ նշած են, որ իրենք կը հաւատան ժողովուրդներու հաւասարութեան, համերաշխութեան եւ միասնական պայքարին, ու վճռական են այդ պայքարին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 2ին, իշխանամէտ եւ քրտամէտ պատգամաւորներու միջեւ ծագած վիճաբանութեան ընթացքին, Փայլան յարձակումի ենթարկուեցաւ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Փայլան, պատմելով միջադէպին մասին՝ ըսած է. «Ակնյայտ էր, որ անոնք զիս թիրախ ընտրած էին», աւելցնելով, որ շուրջ 100 բռունցքի ու ոտքի հարուածներ ստանալու կողքին, իր հասցէին ուղղուած են ազգայնամոլ յայտարարութիւններ եւ ատելութեան խօսքեր։