Վճռաբեկ Ատեանի Հայ Զինուոր Սեւակ Պալըքճըի Սպանութեան Մասին

[ A+ ] /[ A- ]

2011 թ. Ապրիլի 24-ին Սեւակ Պալըքճը սպաննուեցաւ Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցին, երբ իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէր Պաթմանի Քոզլուք շրջանի մէջ:  Հրանդ Տինքի սպանութենէն չորս տարի ետք մէկը մեզ՝ հայերուս կը յիշեցնէր իրենց հարիւրամեայ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը: 10-ամեայ դատավարութեան աւարտին ոծրագործ Քըվանչ Աղաօղլու 16 տարի 8 ամիս ազատազրկումով պատժուեցաւ Վճռաբեկ Ատեանի որոշմամբ, որ ձայներու մեծամասնութեամբ յայտարարուեցաւ 2021 թուականի յուլիսի 13-ին վերջնականօրէն: Հակառակ անոր, որ Սեւակ Պալըքճը սպաննուած էր դիտաւորեալ, Վճռաբեկ Ատեանը հաստատեց ոծրագործի պատժի մեղմացումը՝ պատճառաբանելով, որ ոծրագործը գործած է հաւանական դիտաւորութեամբ:

Սեւակ Պալըքճըի սպանութենէն յետոյ պարզուեցաւ, որ հրամանատարները երկու հակասական տեղեկագիր պատրաստած են, մէկուկէս ժամ տարբերութեամբ: Առաջին տեղեկագրի մէջ գրուած էր, որ ոծրագործ Աղաօղլու զէնքը ուղղած է դէպի Սեւակ, իսկ երկրորդին մէջ, որ պատրաստուած էր ոծրագործի պաշտպանութեան համապատասխան, Սեւակ մահացած է «անզգուշօրէն»։ Սպաննութենէն ետք հրամանատարները փորձեցին գոցել դէպքը՝ առանց յանցագործութեան դէպքի վայրի հետաքննութեան: Վկաներէն Հալիլ Էքշի իր առաջին յայտարարութեան մէջ ըսաւ որ ոծրագործ Քըվանչ Աղաօղլու դիտաւորեալ սպանած է Սեւակ Պալըքճըն, բայց յետոյ փոխեց  իր յայտարարութիւնը եւ ըսաւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է անզգուշութեամբ, եւ ոծրագործն ու Սեւակը կը  կատակէին:  Վկայ Հալիլ Էքշի դատուեցաւ եւ պատժուեցաւ կեղծ ցուցմունքներու համար:  Վկայ Հալիլ Էքշի եւ  ընտանիքը պնդեցին, որ ճնշում  գործադրուած է իր ընտանիքի եւ իր վրայ, որպէսզի ցուցմունք տան ոծրագործի օգտին։

Տիյարպաքըրի ռազմաօդային ուժերու հրամանատարութեան 2-րդ ռազմական դատարանը որոշում կայացուց, որ Սեւակ Պալըքճը անզգուշօրէն սպաննուած է եւ ոծրագործը դատապարտեց 4 տարի 5 ամիս ազատազրկման: Նոյն օրը Սեւակ Պալըքճըի մայրը՝ Անի Պալըքճը, իր նամակին մէջ գրած էր հետեւեալը. «Երանի վերջ գտնէր այն մտայնութիւնը, որ կը մտածէ թէ հայ մը սպաննելով կարելի է հերոս դառնալ»։

Պալըքճը ընտանիքը  վճռական պայքար կը մղէր եւ երբեք չէր դադրեցներ արդարութեան պահանջը: Սեւակի հայրը Կարապետ Պալըքճը ըսած էր հետեւեալը. «Երբ մենք կ՛երթայինք որոշ տեղեր, ոմանք կ՛ըսէին.« Մենք քեզ կը զօրակցինք », բայց երբ օգնութիւն կը պահանջէի, կը տեսնէի որ այնտեղ ոչ ոք չկայ: Ես մինակ եմ:  Ես կ՛ուզեմ, որ մեր ետեւը գտնուող մարդիկ քիչ մը մեզ հետ ըլլան, սեղմեն մեր տան դռան զանգակը:  Մնացինք մինակ: Միւս կողմէն, այո, մենք որոշ տեղեր մինակ չէինք, մեր ընկերներէն մի քանին եկած էին  Տիյարպաքըր  եւ կ՛աջակցէին մեզ:  Ես ամենէն շատ շնորհակալ եմ Նոր Զարթօնքին: Շնորհակալ եմ Կարօ Փայլանին, Ժաքլին Չելիքին, ես կը ցանկանայի շնորհակալութիւն յայտնել բոլորին, որոնց անունները հիմա չեմ յիշեր»:

2019 թ. Ապրիլի 24-ին Սեւակ Պալըքճըի գերեզմանի մօտ տեղի ունեցած ոգեկոչման ընթացքին Նոր Զարթօնքի անունով  ելոյթ ունեցաւ Ալեքսիս Քալք. «Սեւակի ոծրագործները դեռ չեն ստացած անհրաժեշտ պատիժները:  Ցաւօք, արդարութեան համար պայքարը դեռ կը  շարունակուի Սեւակի եւ բոլոր ճնշուածներու համար: Դեռ խաղաղութեան և եղբայրութեան լեզու չէ հաստատուած մեր երկիրի մէջ:  Ցաւօք, ոծրագործներու լեզուն գերակշռող է մեր երկիրի մէջ:  Այս իրավիճակը խորապէս կը տխրեցնէ մեզ:  Այս լեզուն կ’արգիլէ, որ արդարութիւն տեղի ունենայ: Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը յանուն արդարութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան բոլոր ճնշուած մարդոց, Սեւակ Պալըքճըի և Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին նորածինէն ոծրագործ ստեղծող խաւարի դէմ»։ Ալեքսիս Քալք, այս ելոյթի պատճառով բերման ենթարկուեցաւ: Հարցաքննութենէն ետք ազատ արձակուեցաւ:

Ինչպես այսօր, տասը տարի առաջ ալ, պետութիւնը վառ կը պահէր ատելութիւնն ու թշնամութիւնը տարբեր ազգային ինքնութիւններու նկատմամբ: Զինուորներու կասկածելի մահուան դէպքեր իրարու կը յաջորդէին: 2012-ին Սպայակոյտի հրամանատարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան համաձայն վերջին տասը տարուան ընթացքին 934 մարդ ինքնասպան եղած էր: Իրենց ազգային ինքնութեան, հաւատքի և քաղաքական հայեացքներու պատճառով խոշտանգուած եւ սպաննուած զինուորներու սպանութիւնները կը ծածկուէր թատրոնով, որուն կը մասնակցէին ռազմական դատարանները, իսկ սպանութիւնները կը մնար անպատիժ:

Այս երկիրի մէջ, ուր դատարանի դահլիճները վերածուած էին թատրոններու, մենք կազմակերպուած պայքար մղեցինք որպէսզի բացայայտուի ճշմարտութիւնը եւ այս ատելութեան յանցագործութիւնը չմնայ անպատիժ: Դատավարութիւններու ընթացքին Պոլսոյ եւ Տիյարպաքըրի մէջ միաժամանակ բողոքի ցոյցեր եւ մամլոյ յայտարարութիւններ կազմակերպեցինք՝ պահանջելով արդարութիւն: Հրապարակ իջանք զօրակցելու համար Պալըքճը ընտանիքի հետ, որպէսզի Սեւակ Պալըքճը չմոռցուի, ուրիշ Սեւակներ չսպաննուի: Մենք միշտ ջանք թափեցինք որպէսզի նիւթը մնայ հասարակութեան օրակարգի վրայ եւ փորձեցինք Թուրքիոյ Ազգային Խորհրդարանը  տեղեակ պահել այս գործէն:

Ոծրագործը պատժուեցաւ: Գոնէ մէկ ատելութեան յանցագործութիւն այս անգամ անպատիժ չմնաց: Պալըքճը ընտանիքի վճռական կեցուածքը , արդարութեան պահանջը եւ կազմակերպուած պայքարը դրական դեր խաղացին: Եւս մէկ անգամ մենք տեսանք, որ մեզ այլ բան չմնար, քան կազմակերպուած պայքար մղել ատելութեան դէմ եւ իրարու հետ զօրակցիլ:

Մենք յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք, Պալըքճը ընտանիքը մինակ չթողուցին. յատկապէս Տիյարպաքըրի փաստաբաններու միութեան նախագահ Թահիր Էլչին, որ սպաննուեցաւ 2015 թ. Նոյեմբերի 28-ին երբ խաղաղութիւն կը  պահանջէր մամուլի յայտարարութեան մը ընթացքին:

Սեւակ Պալիքճըն պիտի չմոռցնենք

 Նոր Զարթօնք