Ուրկէ՞ Ստացան Իրենց Ուժը

[ A+ ] /[ A- ]

11864957_505731066249700_7681488870258060414_o

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Asbarez

Պարզ, համեստ, բայց եւ խօսուն յայտարարութիւն մը. «2015 թուականի Մայիս 6ին մեր սկսած պայքարը, դիմադրութեան 175րդ օրը՝ 2015ի Հոկտեմբեր 27ին, պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Ճամբարը վերադարձուեցաւ Կետիկփաշայի հայկական հիմնադրամին: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք պայքարի բոլոր աջակիցներուն, ինչպէս նաեւ՝ «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան»:

Անարդարութիւն մը սրբագրելու համար 175 օր պայքարելու, չյուսահատելու, չվհատելու, չվախնալու ոդիսականին յաջող աւարտի աւետիսն էր որ կը տրուէր:

Չէ՞ որ ատելութեան թիրախ ըլլալու սպառնալիքին տակ էին այդ 175օրեայ պայքարի իւրաքանչիւր վայրկեան:

Այս երիտասարդները արդեօք գիտէի՞ն, թէ իրենց վրայ կեդրոնացած էր հազարաւոր սրտակիցներու հայեացքները, որ իրենց խիզախութեան վրայ հիացած հազարաւորներ կը հետեւէին իրենց դժուարին սակայն իմաստալից առօրեային, եւ որ իրենց քաջութենէն կը ներշնչուէին բազմաթիւ երիտասարդներ…

Հաւանաբար գիտէին, կամ՝ կը զգային: Յամենայնդէպս, անոնք կարիք իսկ չունէին որեւէ հրապարակային զօրակցական արտայայտութեան: Անոնք իրենց գործը ըրին հաւատքով, արդարութեան եւ իրաւունքի տիրանալու իւրօրինակ համոզումով: Իրենց գործը ըրին՝ յանուն իրաւազրկուած համայնքին, որ վստահաբար երախտագիտութեամբ պիտի գնահատէ իրենց յանդգնութիւնը:

Երկրի մը մէջ, ուր ամէնէն դաժան հաշուեյարդարի յիշողութիւնները ամէն օր թարմանալու, նորովի դրսեւորուելու օրինական ու անօրինական ճանապարհներ կը գտնէին, կարելի չէր պատկերացնել, որ ծնունդ պիտի առնէին նման «խենթեր», որոնք նոր զարթօնքի մը ռահվիրաները պիտի ըլլային ոչ միայն իրենց բնակավայրին մէջ, այլեւ՝ ամբողջ հայաշխարհի տարածքին:

Ուրկէ՞ կու գայ իրենց այս ուժը, այս խիզախութիւնը, այս քաջութիւնը: Հաւանաբար՝ առհաւական ակունքներէ կը սնուին անոնք: