Ռատիօ Անաթոլի»ի հաղորդումները շուտով

[ A+ ] /[ A- ]

Ինչպէս անդրա­դար­ձած ենք թեր­թիս, թէ նա­խորդ եւ թէ այս շա­բաթո­ւայ հա­մար­նե­րով, Փետրուար ամ­սո­ւայ 21-րդ օրը ըն­դունո­ւած է իբ­րեւ Մայ­րե­նի Լե­զուի Հա­մաշ­խա­րային Օր։ Այս նշա­նակու­մը ահա­զանգ մըն է նաեւ կո­րուստի դա­տապար­տո­ւած բո­լոր մայ­րե­նի լե­զու­նե­րուն հա­մար եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ իրա­րու կը յա­ջոր­դեն նոր նա­խաձեռ­նութիւններ, իբ­րեւ այդ կո­րուստի սպառ­նա­լիքը վե­րաց­նե­լու մի­ջոց։ Այդ ծի­րէն ներս նոր նա­խաձեռ­նութիւն մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ «Ռա­տիօ Անա­թոլի» հա­մացան­ցա­յին ձայ­նասփիւ­ռը, որ շու­տով կ՚աւար­տէ նա­խապատ­րաստու­թեան շրջա­նը եւ կը սկսի Թուրքիոյ մէջ գոր­ծա­ծուած զա­նազան լե­զու­նե­րով իր հա­ղոր­դումնե­րուն։

Այդ ծի­րէն ներս նա­խատե­սուած է արեւմտա­հայե­րէն եր­կու հա­ղոր­դումներ, առա­ջինը Գա­յուշ Չա­լըք­ման Կավ­րի­լոֆի կող­մէ «Ծի­ծեռ­նակ» խո­րագի­րով, իսկ երկրոր­դը Բագ­րատ Էս­դուգեանի կող­մէ «Իսթան­պուլեան Նա­մակա­նի» անու­նով։

Եր­կու հա­ղոր­դումներն ալ իտի սփռո­ւին շա­բաթա­կան հեր­թա­կանու­թեամբ եւ ունկնդիր­նե­րուն պի­տի մա­տու­ցեն հե­տաքրքրա­կան բո­վան­դա­կու­թիւն մը քա­ղուած առօ­րեայ ապ­րումներէ։

Արտատպուած՝ Ակօսէն