Հայոց Ցեղասպանութեան 101 Ամեակին Ալ Կը Բաւէ՛

dergi_ic

Õ„Õ¡Õ´Õ¸Ö‚Õ¬Õ«Õ¶ Õ¥Ö‚ Õ€Õ¡Õ¶Ö€Õ¡ÕµÕ«Õ¶ Õ¯Õ¡Ö€Õ®Õ«Ö„Õ«Õ¶

Երկու հարիւրէն աւելի հայ մտաւորականներ, ձերբակալուելով իրենց տուներէն, բռնի գաղթի ենթարկուելուն, եւ Իթթիհատ վէ Թերաքքի կուսակցութեան զինեալ թեւ Թէշքիլաթ-ը Մահսուսայի կողմէ ծրագրուած կերպով սպաննուելուն պատճառով, 24 Ապրիլ 1915-ը կը խորհրդանշէ Հայոց Ցեղասպանութեան սկզբնաւորումը: Սակայն 24 Ապրիլ 1915-ը, այս հողերուն վրայ հայերուն դէմ կազմակերպուած յարձակման ոչ առաջինն էր եւ ոչ վերջինը: Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ-ի հրամանով կազմակերպուած Համիտիէ Խումբերու իրագործած 1894-96 ջարդերը եւ 1908-ի Երկրորդ Սահմանադրութեան յայտարարութենէն անմիջապէս ետք իրագործուած 1909-ի Ատանայի կոտորածները, անկասկած նախադէպն էին ցեղասպանութեան: 24 Ապրիլ 1915-ին յաջորդող ժամանակաշրջանին Օսմանեան աշխարհագրութիւնը հայաթափ եղաւ պետութեան հետեւողականութեան ներքոյ իրականացած գաղթերով եւ ջարդերով, ծրագրուած եւ համակարգուած ձեւով: Մինչ հայերու նիւթական ունեցուածքը բռնագրաւուած է, ոչնչացուած է ամբողջ մշակութային ժառանգութիւնը: Կասկած չկայ, թէ մտադրուած էր ազգային վերնախաւի համար դրամագլուխ գոյացնել հայերու ցեղասպանութեամբ: Այս ընթացքին իրենց բաժին ինկած ցեղասպանութեան քաղաքականութեան ենթական եղան Անատոլիայի այլ Քրիստոնեայ ժողովուրդները: Սէյֆօ, այսինքն Ասորի-Սիւրեանի Ցեղասպանութիւնը եւ Պոնտոսի Ցեղասպանութիւնը պէտք է այս կապակցութեամբ որակաւորել:

Ցեղասպանութեան ոճիրի մը վերջին հանգրուանը, եւ ոճիրին շարունակականութեան ամէնէն կարեւոր փաստը, ցեղասպանութեան ժխտումն է: Փաստօրէն, իր գոյութիւնը եւ դրամագլուխը այս մարդկութեան դէմ ոճիրին վրայ հիմնած Թրքական Հանրապետութիւնը, մտադիր է շարունակել իր ոչնչացումի, ժխտումի եւ ձուլումի քաղաքականութիւնները: Հիմնուած նոր հանրապետութեան մէջ, չեղեալ նկատուած են ամէն տեսակի ազգային եւ կրօնական զանազանութիւնները, աշխատանք տարուած է միատարրացնելու համար: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայերուն վերադարձը իրենց տուները, արգիլուած են Հանրապետութեան հիմնադիր խորհրդարանի կողմէ ընդունուած օրէնքներով:

Հայաթափութեան կողքին, ժխտումի եւ ձուլումի քաղաքականութիւններով տարածաշրջանի ժողովուրդները թրքացումի ենթակայ դարձան: Պաշտօնական եւ անպաշտօն քաղաքականութիւններով արգիլուեցան մայրենի լեզուները: Այս արգելքներուն զուգահեռ գործադրուեցան «Հայրենակի՛ց թրքերէն խօսիր»-ի նման քաղաքականութիւններ, «լռելեան քաղաքներ» ստեղծուեցան, որոնք չեն խօսիր իրենց մայրենի լեզուն: Իսկ ցեղասպանութեան ամէնէն կարեւոր պատճառներէն մէկը, «Դրամագլուխի իսլամացումը-թրքացումը», կարծես բնական քաղաքականութիւն մը ըլլայ, հանրապետութեան պատմութեան ողջ ընթացքին, 1936-ի Յայտարարի, Ունեւորութեան տուրքի, 6-7 Սեպտեմբերի ջարդի, «Հիմնարկներու օրէնքը»-ի նման զանազան գործադրութիւններով իրականացած է: Միւս կողմէն, հայկական տեղանունները փոխուելով, գերեզմաններ, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ ոչնչացուած են: Հայ ժողովուրդի պատմական գոյութիւնը նպատակադրուած է մոռացութեան ենթարկել շրջանի ժողովուրդներու, եւ նոյնիսկ ինքն հայ ժողովուրդին մօտ: Ջարդերուն, կողոպուտին եւ աւերածութեան յաջորդող այս ձուլումի քաղաքականութիւնը, որ կը կոչուի Սպիտակ ցեղասպանութիւն, կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

ÕˆÕ¹ Õ©Õ§ Õ¢Õ¡Ö€Õ¥Õ­Õ²Õ³Õ¸Ö‚Õ©Õ«Ö‚Õ¶, Õ¡ÕµÕ¬ Õ¡Ö€Õ¤Õ¡Ö€Õ¸Ö‚Õ©Õ«Ö‚Õ¶ Õ¯Õ¨ ÕºÕ¡Õ°Õ¡Õ¶Õ»Õ¥Õ¶Ö„

Անցնող տարիներու Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած ցեղասպանութեան ոգեկոչումները խիստ կարեւոր քայլեր են, Թուրքիոյ ժողովուրդներու մօտ
զգացականութիւն եւ միատեղ պայքարի զգացումը սերմանելու առումով: Սակայն այս ոգեկոչումները կը վերածուին սեփական խիղճը գոհացնելու ժամանցի: Մենք ոչ թէ բարեխղճութիւն, այլ արդարութիւն կը պահանջենք: Հետեւաբար, հարկաւոր է առերեսուիլ ներառեալ ցեղասպանութիւնը, պետութեան իր գոյութիւնը վրան հիմնած բոլոր հակամարդկային ոճիրները: Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝

-Ապրուածին ցեղասպանութիւն ըլլալը ընդունիլ եւ ներողութիւն խնդրել,

-Սփիւռքահայերուն, որոնց արմատները այս հողերէն կու գան, առանց նախապայմանի քաղաքացիութիւն տալ,

-Սահմանը միակողմանի ձեւով Թուրքիոյ կողմէ փակուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը առանց նախապայմանի բանալ,

-Ցեղասպանութեան գործադիրներուն մեղադրուիլը մամուլի եւ դասագիրքերու մէջ, մեղադրուիլը անոնց որոնք տակաւին կը շարունակեն մերժումը, եւ հրաժարիլ անոնց հետ ամէն տեսակի համագործակցութենէ,

-Հայ ժողովուրդին պատկանող բոլոր դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ եկեղեցիներու նման հանրային կառոյցներու վերանորոգութիւնը եւ վերադարձուիլը,

-Թուրքիոյ վերնախաւի, 1915-էն ետք կուտակուած դրամագլուխի հաշուեյարդարը եւ ցեղասպանութեան զոհերուն պատճառուած վնասաց հատուցումը,

-Õ‘Õ¥Õ²Õ¡Õ½ÕºÕ¡Õ¶Õ¸Ö‚Õ©Õ¥Õ¡Õ¶ ÕªÕ­Õ¿Õ´Õ¡Õ¶ Õ°Õ¡Õ´Õ¡Ö€ Õ°Õ«Õ´Õ¶Õ¸Ö‚Õ¡Õ® Õ¯Õ¡Õ¦Õ´Õ¡Õ¯Õ¥Ö€ÕºÕ¸Ö‚Õ©Õ«Ö‚Õ¶Õ¶Õ¥Ö€Õ¸Ö‚Õ¶ Õ¬Õ¸Ö‚Õ®Õ¡Ö€Õ¸Ö‚Õ´Õ¨ Õ¥Ö‚ ÕªÕ­Õ¿Õ´Õ¡Õ¶ Ö„Õ¡Õ²Õ¡Ö„Õ¡Õ¯Õ¡Õ¶Õ¸Ö‚Õ©Õ¥Õ¡Õ¶ Õ°Õ¡Õ´Õ¡Ö€ Õ®Õ¡Õ­Õ½Õ¸Ö‚Õ¡Õ® ÕºÕ«Ö‚Õ¿Õ³Õ§Õ¶ Õ°Õ¡Õ¶Ö€Õ¡ÕµÕ«Õ¶ Õ¡Õ¼Õ¥Ö€Õ¥Õ½Õ´Õ¡Õ¶ Õ°Õ¡Õ´Õ¡Ö€ Õ®Õ¡Õ­Õ½Õ¸Ö‚Õ«Õ¬Õ¨,

-Ô¹Õ¸Ö‚Ö€Ö„Õ«Õ¸Õµ Õ¢Õ¸Õ¬Õ¸Ö€ ÕªÕ¸Õ²Õ¸Õ¾Õ¸Ö‚Ö€Õ¤Õ¶Õ¥Ö€Õ¸Ö‚Õ¶ Õ°Õ¡Ö‚Õ¡Ö„Õ¡Õ¯Õ¡Õ¶ Õ«Ö€Õ¡Ö‚Õ¸Ö‚Õ¶Ö„Õ¶Õ¥Ö€Õ¸Ö‚ Õ³Õ¡Õ¶Õ¡Õ¹Õ¸Ö‚Õ´Õ¨ Õ¥Ö‚ ÕªÕ¸Õ²Õ¸Õ¾Õ¸Ö‚Ö€Õ¤Õ¶Õ¥Ö€Õ¸Ö‚Õ¶ Õ´Õ«Õ¡Õ¿Õ¥Õ² Õ¡ÕºÖ€Õ¥Õ¬Õ¸Ö‚ Õ°Õ¡Õ´Õ¡Ö€ Õ°Õ¡Ö€Õ¯Õ¡Ö‚Õ¸Ö€ ÕºÕ¡ÕµÕ´Õ¡Õ¶Õ¶Õ¥Ö€Õ¸Ö‚
Õ¡ÕºÕ¡Õ°Õ¸Õ¾Õ¸Ö‚Õ´Õ¨,

Մեր արդարացի պահանջներն են:

Այս պահանջներու լոյսին տակ միակամ պայքարը, այսօր ապրուած նման ցեղասպանութիւններու, ջարդերու, յարձակումներու չկրկնուելուն գրաւականն է: Անցեալի մեղքերուն հետ չառերեսուիլ, ցեղասպանութիւններուն եւ ջարդերուն վրայ փակելը, նոյն ժամանակ արգելք կանգնիլ է խաղաղութեամբ լեզուն ապագայի մը կերտման:

Ակնյայտ է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին, ժողովուրդները միատեղ եւ միակամ պայքար պէտք է տանին, դար մը եւս անարդարութեան մէջ չապրելու համար: Կոչ կ’ուղղենք բոլոր ժողովուրդներուն մեր կողքին կանգնիլ զօրաւորներուն դէմ այս արդարութեան
ÕºÕ¡ÕµÖ„Õ¡Ö€Õ«Õ¶ Õ´Õ§Õ»:

Այս հողերը մէկ ցեղասպանութեան եւս չեն դիմանար: Այլեւս բաւարար է:


NOR ZARTONK / ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ