Դատապարտում

[ A+ ] /[ A- ]

Logo_sdhp

Արարատ

“Քամպ Արմէն” անունով ճանչցուած մանկական ճամբարը քանդելու դէմ դիմադրութեան 100-րդ օրը` Օգոստոս 13 գիշերուան ժամը 23:30-ին թուրք ծայրայեղականներ մահակներով յարձակում մը կատարած են այնտեղ գտնուող հսկիչներուն վրայ: Բռնարարքի հետեւանքով պահակներէն 2 հոգի վիրաւորուած են եւ փոխադրուած հիւանդանոց:

ՍԴՀ Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը կը գտնէ, որ այս բռնարարքը նոյն ցեղասպան մտայնութեան մէկ արտայայտութիւնն է: Վարիչ Մարմինը խստիւ կը դատապարտէ այս բիրտ գրոհը եւ կը զօրակցի Մայիս 6-էն մինչեւ այսօր այնտեղ դիմադրող եւ շրջօրեայ հսկողութիւն կատարող Նոր Զարթօնքի երիտասարդներուն եւ անոնց միացած բոլոր անհատներուն եւ խմբաւորումներուն: Մեր ձայնը եւ ուժերը կը միացնենք դիմադրողներուն եւ անգամ եւս կը շեշտենք անոնց բոլոր պահանջներուն արդարութիւնը եւ կը պահանջենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները անյապաղ վերադարձնեն այդ կալուածը իրաւատիրոջ:

ՍԴՀ Կուսակցութեան

Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին