Կերկերլիօղլու վրիժառութեան զոհ

[ A+ ] /[ A- ]

Ժողո­վուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան Գո­ճաէլիի պատ­գա­մաւոր բժիշկ Էօմէր Ֆա­րուք Կեր­կերլիօղ­լու վեր­ջին զո­հը դար­ձաւ կա­ռավա­րու­թեան այդ կու­սակցու­թեան դէմ մղած ոխե­րիմ քա­ղաքա­կանու­թեան։ 17 Մարտ չո­րեք­շաբթի յետ­մի­ջօրէին Խորհրդա­րանի ամ­պիոնէն ըն­թերցո­ւեցաւ Կեր­կերլիօղ­լո­ւի դէմ ար­ձա­կուած դա­տական վճի­ռը եւ այսպէ­սով պաշ­տօ­նապէս ջնջո­ւեցաւ անոր պատ­գա­մաւո­րի հան­գա­ման­քը։

Գոր­ծընթա­ցը սկսած էր Կեր­կերլիօղ­լո­ւի բան­տե­րու եւ ոս­տի­կանա­տու­նե­րու մէջ մերկ խու­զարկման դէպ­քե­րը օրա­կար­գի բե­րելով։ Ան որ­պէս մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան պատ­գա­մաւոր ընտրո­ւած օրէն սկսեալ գերզգա­յուն կեր­պով հե­տեւեացաւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու բռնա­բար­ման երե­ւոյթնե­րուն։ Այդ առու­մով տու­ժածնե­րու դի­մումնե­րը բծախնդրու­թեամբ հե­տապնդեց եւ տե­սանե­լի դար­ձուց ամ­բողջ երկրին։ Ի սպառ հա­նեց կա­ռավա­րու­թեան եւ պե­տական մար­միննե­րու իր պնդումնե­րը հեր­քե­լու փոր­ձե­րը։ Կա­ռավա­րու­թիւնը որ­պէս Կեր­կերլիօղ­լուն լռեց­նե­լու մի­ջոց կրկին ան­գամ դի­մեց իր ազ­դե­ցու­թեան տակ գոր­ծող դա­տական հա­մակար­գին։ Շու­տով դատ մը յա­րու­ցուեցաւ եւ Կեր­կերլիօղ­լուն տա­րիներ առաջ բաժ­նե­կից եղած «Թո­ւիթըր»եան գրա­ռու­մի մը հե­տեւան­քով մե­ղադ­րո­ւեցաւ ահա­բեկ­չութեան քա­րոզու­թիւնով։

Այսպէ­սով ՀՏՓ կու­սակցու­թեան 14-րդ պատ­գա­մաւո­րը ըլ­լա­լով կը հե­ռացո­ւի խորհրդա­րանէն։

Էօմեր Ֆա­րուք Կեր­կերլիօղ­լու նա­խապէս յայ­տա­րարած էր թէ այդ որո­շու­մին ըն­թերցան դէպ­քին պի­տի չլքէ Խորհրդա­րանը եւ պի­տի սպա­սէ որ ոս­տի­կան­նե­րը խորհրդա­րանին մէջ ձեր­բա­կալեն զինք։ Ար­դա­րեւ որո­շու­մի ըն­թերցու­մէն ետք միւս կու­սակցու­թեան ան­դամնե­րը լքե­ցին խորհրդա­րանի դահ­լի­ճը, բայց Կեր­կերլիօղ­լու եւ կու­սակցա­կան ըն­կերնե­րը շա­րու­նա­կեցին մնալ դահ­լի­ճին մէջ վան­կարկումնե­րով բո­ղոքե­լով կա­տարո­ւածը։ Մինչ այդ կու­սակցու­թեան հա­մաբան­բերներ Մե­րալ Տա­նըշ Պէշ­թաշ եւ Սա­րու­հան Օրուչ մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն մը ըրին ու պա­խարա­կեցին կա­տարո­ւած անար­դա­րու­թիւնը։ Նա­խապէս նման դէպք մը տե­ղի ու­նե­ցած էր Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Էնիս Պեր­պե­րօղ­լո­ւի դէմ, որ նիւ­թը փո­խադ­րած էր Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեան եւ վե­րաշա­հած պատ­գա­մաւո­րի իրա­ւունքը։ Նոյն դի­մու­մը կա­տարած է նաեւ Կեր­կերլիօղ­լու եւ շատ հա­ւանա­կան է թէ ան եւս ստա­նայ Խորհրդա­րան դառ­նա­լու իրա­ւունքը։

Թերթս հրա­տարա­կու­թեան ղրկո­ւած պա­հուն Կեր­կերլիօղ­լու կը շա­րու­նա­կէր Խորհրդա­րանը մնալ։

Միւս կող­մէ նախ­կին ԱՔՓ-ական պատ­գա­մաւոր եւ այժ Տե­ւա Կու­սակցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Ապ­տուլրրա­հիմ Աք­սոյ եւս առար­կեց կա­տարո­ւածին դէմ եւ բարձրա­ձայն բո­ղոքեց։ Սա­կայն անոր ընդվզու­մին իս­կոյն մի­ջամ­տե­ցին խորհրդա­րանի թիկ­նա­պահ­նե­րը եւ զինք հե­ռացու­ցին դահ­լի­ճէն։

Դէ­պի քաօս

Միւս կող­մէ Վճռա­բեկ Ատեանն Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեան դի­մելով պա­հան­ջեց ՀՏՓ կու­սակցու­թեան ար­գի­լու­մը։ Այսպէ­սով ար­տա­կար­գօ­րէն կը սրո­ւի Թուրքիոյ ներ­քին քա­ղաքա­կանու­թիւնը, որու հե­տեւանքնե­րը դար­ձեալ անե­լանե­լի կրնան մատ­նել եր­կի­րը։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է Ազ­գա­յին Շար­ժում կու­սակցու­թեան պե­տը վեր­ջերս յարա­տեւ կեր­պով կը պա­հան­ջէր Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովուրդա­վարու­թեան կու­սակցու­թեան գոր­ծունէու­թեան դադ­րե­ցու­մը։ Ըստ երեւոյթի Նա­խագահ Էր­տո­ղան կը հա­կասէ իր դաշ­նակցին այդ ցան­կութեան ընդմիշտ նշե­լով թէ Թուրքիա ան­ցած է կու­սակցու­թիւններ ար­գի­լելու այդ շրջա­նը։ Այս ուղղու­թիւնով օրէն­քի բա­րեփո­խումներ կա­տարո­ւած էին կու­սակցու­թիւննե­րու ար­գի­լու­մը դժո­ւարաց­նե­լու համար։

Արտատպուած՝ Ակօսէն