Մարդը, ազգը եւ ժամանակը

[ A+ ] /[ A- ]

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Փետրո­ւար ամ­սու 26-րդ օրը, 1943 թիւ։ Ու­նե­ւորու­թեան տուրքը հա­տու­ցե­լու կա­րողու­թիւն չու­նե­ցող­նե­րէն առա­ջին խմբա­կը, 160 հո­գի, կը ղրկո­ւին դէ­պի Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի Սա­րիղա­միշ գա­ւառը, պար­տա­դիր աշ­խա­տան­քի։

Հան­րա­պետա­կան Թուրքիոյ պատ­մութիւ­նը լե­ցուն է բազ­մա­թիւ անար­դա­րու­թիւննե­րով, ան­մարդկա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան հե­տեւանք բա­զում վայ­րա­գու­թիւննե­րով։ 1789-ի քաղ­քե­նի յե­ղափո­խու­թեան ամե­նակոր­ծա­նիչ յատ­կութիւ­նը եկաւ «ազգ», «ազ­գա­յին», «ազ­գա­սէր» բա­ռերու նշա­նակու­թեամբ։ Ով ի՞նչ իմա­նար թէ ցի­րու­ցան աս­պետնե­րու կամ սե­պուհնե­րու միացու­մով պի­տի կա­յանար ամ­բողջա­կան պե­տու­թիւններ, որոնց սահ­մաննե­րուն մէջ հա­ւաքո­ւած­նե­րը պի­տի կո­չուէին ազգ եւ սպառ­նա­լիքը դառ­նա­յին այլ ազ­գե­րու, սկսե­լով հա­րեւան եր­կիրնե­րէ։

Վեր­ջա­ցած էին կա­թողիկ­էնե­րու, բո­ղոքա­կան­նե­րու կամ ուղղա­փառ­նե­րու միջ­դա­ւանան­քա­յին պա­տերազմնե­րը, իրենց արիւնլո­ւայ աւան­դութիւ­նը թո­ղելով մի­ջազ­գա­յին, միջ­պե­տական պա­տերազմնե­րու։

Ի դա­րու առա­ջին քա­ռոր­դին մէջ իբ­րեւ ազ­գա­յին պե­տու­թիւն ձե­ւաւո­րուե­ցաւ Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թիւնը, որ բնա­կանա­բար օրի­նակ պի­տի ու­նե­նար իր կազ­մութեան նա­խոր­դող փոր­ձե­րը։ Ու­նե­ւորու­թեան տուրքը ան­մարդկա­յին խտրա­կանու­թիւն էր երկրի տար­բեր ազ­գութիւննե­րու պատ­կա­նող քա­ղաքա­ցինե­րուն մի­ջեւ։ Բայց ո՞վ պի­տի անդրա­դառ­նար այդ խտրա­կանու­թեան, երբ ԱՄՆ-ի մէջ ճա­պոնա­ցիներ, Խորհրդա­յին Միու­թեան մէջ Ղրի­մի եւ Կով­կասնե­րու բնա­կիչ մահ­մե­տական­ներ բռնա­գաղ­թի կ՚են­թարկո­ւէին դէ­պի երկրի հե­ռաւոր ան­կիւննե­րը։

Հա­սարակ քա­ղաքա­ցինե­րու դէմ կա­տարո­ւող այս ան­մարդկա­յին վե­րաբեր­մունքը հա­մաշ­խարհա­յին դի­ւանա­գիտու­թեան գնա­հատ­մամբ կ՚ար­դա­րանար «Ան­կախ եր­կիրնե­րու իրենց անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու իրա­ւունք»ով։ Այդ հաս­կա­ցողու­թեան հա­մաձայն երկրի մը իր ժո­ղովուրդին դէմ գոր­ծադրած անար­դա­րու­թիւնը կը դի­տուէր իբ­րեւ տո­ւեալ երկրի ներ­քին խնդի­րը եւ ոչ ոք իրա­ւունք ու­նէր առար­կե­լու կամ մի­ջամ­տե­լու։

Մենք՝ Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցիներս այդ խտրա­կանու­թիւնը ապ­րե­ցանք յա­րատեւ կրկնու­թիւննե­րով։ Տա­րիներ անց երբ այդ կա­տարո­ւած­նե­րը կը դի­տենք իբ­րեւ ան­ցեալի երե­ւոյթներ, աւե­լի լաւ կը հասկնանք երկրի վա­րիչ­նե­րու մտայ­նութիւ­նը։ Եր­բեք դիւ­րին պի­տի չըլ­լար բազ­մազգի կայսրու­թեան մը աւե­րակ­նե­րէն վե­րակա­ռու­ցել ազ­գա­յին պե­տու­թիւն մը, ուր նոյ­նիսկ կը բա­ցակա­յէր ինք՝ ազ­գը։

Որ­քան ալ ան­հա­ւատա­լի թո­ւի, ճշմար­տութիւն է որ երիտ-թուրքա­կան քա­ղաքա­կան միտ­քը նախ հիմ­նեց պե­տու­թիւն, եւ ապա այդ պե­տու­թեան չա­փանիշ­նե­րուն հա­մապա­տաս­խա­նող ազ­գը։

Թէեւ Օս­մա­նեան կայսրու­թիւնը թրքա­կան պե­տու­թիւն էր, բայց այդ երկրի վրայ թուրքե­րը թէ բնակ­չութեամբ մե­ծամաս­նութիւն չէին կազ­մեր, եւ թէ ար­տադրու­թեան, առեւ­տուրի, ուսման ոլորտնե­րու մէջ կը ներ­կա­յանա­յին իբ­րեւ ամե­նայե­տամ­նաց տար­րը երկրին։ Այդ տար­րը երկրին բնո­րոշիչ ազ­գը դարձնե­լու հա­մար կա­տարո­ւած­նե­րը տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թացքին տո­ւին իրենց պտու­ղը։ Այ­սօր բազ­մա­թիւ ազ­գութիւններ, մէկ կողմ ըրած իրենց նախ­նեաց ինքնու­թիւնը, կը ներ­կա­յանան իբ­րեւ «թուրք»։ Կա­մաւոր կեր­պով հրա­ժարած են մայ­րե­նի լե­զուէն, աւան­դա­կան փառ­քե­րէն եւ կը վա­յելեն թուրք ամ­բողջի մաս կազ­մե­լու առա­ւելու­թիւնը։

ԻԱ դա­րը սա­կայն, ու­նի իր նոր հաս­կա­ցողու­թիւնը, ուր ան­հա­տը իր իրա­ւունքնե­րով աւե­լի մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նի բաղ­դատմամբ նա­խորդ հա­րիւ­րա­մեակի։ Ան­ցեալին մնա­ցած է քա­ղաքա­ցինե­րու մատ­նո­ւած անար­դա­րու­թիւնը «երկրին ներ­քին խնդի­րը» հա­մարե­լու սկզբունքը։

Բայց այս բո­լորը կեան­քի կո­չելու հա­մար կը կա­րօտինք միաս­նա­կան զօ­րակ­ցութեան ու դի­մադ­րութեան։

Արտատպուած՝ Ակօսէն