Նոր Զարթօնք. «Կարո Փայլանը առանձին չէ»

[ A+ ] /[ A- ]


Մամլոյ եւ Հասարակութեան,

Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունեցած է 01/13/2017 թուականին: Փայլան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է 19րդ դարու Օսմանեան Կայսրութեան ազգերու համակարգին եւ առաջին սահմանադրութեան բազմաձայն ոգիին: Նաեւ յիշեցուցած է Գրիգոր Օտեանի դերը:
Ցաւօք սրտի, այս Սահմանադրութիւնը, ընդունելութենէն կարճ ժամանակ ետքը Օսմանեան-Ռուսական պատերազմի պատրուակով գործադրութենէ դադրեցուած է Ապտուլ Համիտի կողմէ: Մահմետական (56 պատգամաւորներ) եւ ոչ-մահմետական (40 պատգամաւորներ) ժողովուրդներու ներկայացուցիչներէն բաղկացած այս բազմաձայն խորհրդարանը պիտի փակուէր Սուլթանի կողմէ (14 Փետ. 1878):

Այս պալատական յեղաշրջման յաջորդած է 30 տարուայ բռնատիրական շրջանը: Այս շրջանը, որ մեծ տառապանքներու պատճառ եղած է, «հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, խաղաղութիւն» կարգախօսներով պիտի վերջանար: Իթթիհատական եռեակի իշխանութեան գլուխ անցնիլը եւ յաջորդող Ա. Աշխարհամարտի իբր հետեւանք Օսմանեան Կայսրութիւնը կործանուեցաւ: Թալաթ, Էնվէր եւ Ճեմալէն բաղկացող այս եռեակը, պատերազմը յարմար առիթ համարելով հայերու եւ ասորիներու դէմ ցեղասպանութիւն գործեցին:
Կարօ Փայլան իր ելոյթին մէջ մատնանշած է այս պատմական իրականութիւնը: Այս առիթով այն փոխանցած է պատմութեան ընթացքին բազմիցս տարբեր վայրերու մէջ յայտնուող միապետական վարչաձեւի վնասները:

Այս օրինակելի ելոյթը անարգաբար ընդհատուած է այլ քաղաքական կուսակցութիւններու պատգամաւորներու կողմէ: «Չկայ ցեղասպանութիւն», «ապրուածները ցեղասպանութիւն չէք կրնար անուանել» պոռչտուքներու տակ Փայլան չէ կրցած շարունակել իր ելոյթը: Խորհրդարանի փոխնախագահ Ահմեդ Այտըն «Գիտէք,թէ ինչ կ’ըսէք, ես ինչ ընեմ: Ուշադրութիւն ըրէք ձեր շարժումներուն: Դուք չէք կրնար օգտագործել այս ազգը վիրաւորող արտահայտութիւններ» ըսելով միջամտած է: Ան այս խօսքերով յարձակած է Կարօ Փայլանի խօսքի ազատութեանն ու ամպիոնի անձեռնմխելիութեան: Նաեւ պատժի ենթարկած է Կարօ Փայլանը, զայն հետեւող երեք նիստի մասնակցելու իրաւունքէն զրկելով, հակառակ անոր որ հայ պատգամաւորը վիրաւորական կամ նուաստացուցիչ ոչ մէկ բառ արտայայտած էր:

Այնպիսի վարչակարգի մը մէջ կ’ապրինք, որ պատգամաւոր մը իսկ չի կրնար բացատրել իր գաղափարներն ազատօրէն, նույնիսկ ամպիոնէն: Եթէ ընդունուի, նոր սահմանադրութիւնը աւելի ծանր պայմաններ պիտի բերէ: Անգամ մը եւս կ’ուզենք յայտարարել, որ կը մերժենք միապետական վարչակարգը, որ պատմութեան ընթացքին մարդկութեան ոչ մէկ բան բերած է բացի պատերազմէն, աղքատութենէն եւ տառապանքէն եւ ոչ մէկ նպաստ ունի հասարակական խաղաղութեան, հաւասարութեան եւ ազատութեան պայքարին:

Կը զօրակցինք Կարո Փայլանին, որ իրականութիւնը համարձակօրէն յայտնած է խորհրդարանի ամպիօնէն եւ ՀՏՓցի պատգամաւորներուն, որոնք զօրակցած են իրէն:

Կեցցէ՛ ժողովուրդներու համերաշխութիւնը

Նոր Զարթօնք
01/14/2017