14 տարի առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին՝ Ապրիլ 24-ին զուգադիպող Զատկի օրը, Սեւակ Պալըքչըն սպաննուեցաւ պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին։ 3 տարի առաջ եւս, դարձեալ Ապրիլ 24-ին, այս անգամ կորսնցուցինք անոր հայրը՝ Կարապետ Պալըքչըն։
Ինչպէս ամեն տարի, այս տարի ալ հաւաքուեցանք Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ։ Բայց ինչո՞ւ կը գտնուինք այստեղ։ Ինչո՞ւ ամէն տարի կը յիշատակենք Սեւակ եւ Կարապետ Պալըքչըն։ Այսօր այստեղ մեր ըրածը միայն յիշատակութիւն մը չէ, այլ արդարութեան պահանջի անդադար ու բարձրաձայն արտայայտութիւնն է։ Սա մեր պայքարն է, որպէսզի ինչպէս Կարապետ Պալըքչը կ’ըսէր՝ «այլեւս ուրիշ Սեւակներ չըլլան» ։ Սա մեր դիմադրութիւնն է, որպէսզի ուրիշ Հրանդներ, ուրիշ Մարիցաներ չըլլան։ Սա մեր 110 տարուան արդարութեան պայքարն է։ Եւ այս արդարութեան պայքարը միայն հայերուն համար չէ՝ այլ այս հողերուն վրայ ապրող բոլորիս համար է։
Իրականութեան մէջ, այսօր այստեղ ըլլալու փոխարէն, կ’ուզէինք Սեւակի հետ ըլլալ։ Կամ երբ կ’ըսենք «Սեւակ Պալըքչը», կ’ուզէինք միայն յիշել անոր խեցեգործական արուեստը, անոր ժպիտը։ Այսօր Սեւակի անունը կապուած է կասկածելի զինուորական մահերու դէմ մղուող պայքարին։ Զօրանոցներու մէջ պատահող կասկածելի մահերը՝ այս պայքարի շնորհիւ, դարձան օրակարգի նիւթերէն մին եւ վիճաբանուեցան նաեւ Թուրքիոյ Մեծ Ազգային Ժողովին մէջ։
Արդարութեան այս պայքարը Սեւակ եւ Կարապետ Պալըքչըի մեզի թողած ժառանգութիւնն է։ Այո՛, զանոնք մեզմէ խլեցին։ Այս իրականութիւնը չենք կրնար փոխել։ Բայց զանոնք մէզմէ խլողները չեն կրնար այս արդարութեան պայքարը՝ Սեւակ եւ Կարապետ Պալըքչըի ժառանգութիւնը ջնջել։ Որովհետեւ այս ժառանգութիւնը փրկեց շատերու կեանքը զօրանոցներուն մէջ եւ կրցաւ կանխել նոր Սեւակներու մահերը։
Սեւակ եւ Կարապետ Պալըքչըն կը յիշենք յարգանքով եւ կարօտով։
Nor Zartonk / Նոր Զարթօնք