Orer.eu
Գերմանիոյ Տիւզպուրկ քաղաքին մէջ Մարտ 4էն 6 տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Հայերու Համագումարի համաժողովը, նուիրուած հայութեան գլխաւոր հարցերուն:
20րդ դարը յեղաշրջումներու դար է, 21րդը կը շարունակէ նախկինին հունով։ Հայութիւնը 20րդ դարուն սկիզբէն բռնուած է յեղաշրջումներու այս ծանր յորձանքին։ Եւրոպայի Հայերու համագումարի կազմակերպած համաժողովը հրաւէր մըն էր ուղղուած հայկական հարցերով, հայութեան ապագայով հետաքրքրուած, մտահոգ անձերուն եւ պատասխանատուներուն՝ խորհրդածելու, հարցադրելու, վերլուծելու, միասնական աշխատանքի համար հասարակաց հող պատրաստելու գծով առաջարկներ ներկայացնելու։
Քննարկուող հարցերու կարկինը շատ լայն բացուած էր՝ Հայաստանի գերիշխանութիւն, ընկերային արդարութիւն, Ցեղասպանութիւն, պահանջատիրութիւն, Հայաստան-Սփուռք յարաբերութիւններ, տարածաշրջանային ռազմավարական խնդիրներ եւ Եւրոպահայութեան կազմակերպչական հարցեր. ոչ միայն գոյատեւումի տարրական պայմաններու քննարկում, այլ՝ արժանապատիւ ապրելու լուծումներու, ուղիներու որոնում, հոն ուր նոր դրամատիրական գաղութատիրութիւնը գիրիշխող է, եւ որուն զոհերն են առաջին հերթին փոքր պետութիւններու կառավարութեան մարդիկ, որոնք փոքրիկ տեղային շահերով տարուած կը զոհեն իրենց ժողովուրդին ամէնօրեայ հացը, իրենց ժողովուրդին արժանապատւութիւնը։ Արաբական գարունը նորագոյն արգասիքն է համաշխարհային այս շարժումին։ Անոր զոհերն են նաեւ Եւրոպայի քաղաքացիները, որոնց կարգին Եւրոպահայերը։
Եւրոպայի Հայերու համագումարը աւանդական ըմբռնումով հայկական կառոյց մը չէ։ Ի տես համաժողովին մասնակից ներկաներուն, ան տակաւին արտայայտութիւնն է Միջին Արեւելքէն Եւրոպա հաստատուած Հայերու հաւաքի եւ կ՚արթննայ երկար տարիներու թմբիրէ մը։ Ան եւս, ինչպէս բոլոր հայկական կառոյցները, վերանորոգուելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի։ Այսօր, «Հայութիւնը ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի աւարտին» համագումարի կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ ան համագործակցութեան նոր հող մշակելու փորձ մը կը կատարէ։ Անհրաժեշտ նախաձեռնութիւն մը, ինչպէս բոլոր այլ նախաձեռնութիւնները, որոնք համայն Հայութիւնը յուզող հարցեր կը քննարկեն, յատկապէս նկատի առնելով միջազգային քաղաքական ծայր աստիճան լարուած ու անորոշ իրավիճակը, որուն զոհերէն են նաեւ հայկական Սփիւռքը եւ Հայաստանը։
Տիւզպուրկի համաժողովին քննարկուած բոլոր թեմաներուն ետին կը դրուի գլխաւոր եւ միակ հարցը՝ ի՞նչ ընել՝ երբ անկարելի է ձեռնածալ մնալ։ Մարտահրաւէրները չեն որ կը պակսին, այլ զանոնք դիմագրաւելու միջոցները, գաղափարական, առաջնորդող միտքերը։ Քննարկել, հարցերը ուսումնասիրել առարկայականօրէն, մէկդի ձգելով զգացական եւ գաղափարապաշտ կանխորոշ դիրքորոշումները։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ աւանդական կուսակցութիւնները կը կատարեն իրենց գործը իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ, քաջ գիտակցելով որ եղածը անբաւարար է։ Ոչ մէկ քաղաքական կազմակերպութիւն եւ համահայկական կառոյց անկարող է մինակը դիմագրաւելու Հայութեան առջեւ ծառացող խնդիրները։ Այս պատճառով անկախ կառոյցներու կողմէ առաջարկուած համագումարները էական են որոնելու համար նոր ուղիներ։
Համաժողովին մասնակիցները ժամանած էին Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Չեխիայէն, Աւստրիայէն, Զուիցերիայէն, Յունաստանէն, Հայաստանէն, Ջաւախքէն, Լաթվիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Տուպայէն, Իսրայէլէն, Պարսկաստանէն, Թուրքիայէն։ Գերմանիան՝ իբր հիւրընկալող երկիր ունեցաւ իր առանձնայատուկ դերակատարութիւնը, նախ եւ առաջ մասնակիցներու թուային ներկայութեամբ, երկրորդ՝ կազմակերպութիւններու առումով։ Բացման օրը ներկայ էին Գերմանիոյ թեմի առաջնորդը՝ Գարեգին Արք. Պեքճեան, ինչպէս նաեւ Պոխումի համալսարանի Ցեղասպանագիտութեան եւ Սփիւռքագիտութեան կեդրոնի տնօրէն Փրոֆ. Միհրան Տապաղ։
Գարեգին Արք. Պեքճեանի օրհնութենէն ետք, համաժողովին բացման խօսքը արտասանեց ԵՀՀ-ի նախագահ Կարօ Յակոբեան։ Յատուկ զեկոյցներ ներկայացուցին Ոուսաստանէն «ԺԱՄ» եռամսեայ հանդէսի տնօրէն-խմբագիր Աննա Գիվարգիզեան, որ մանրամասն ներկայացուց Ռուսաստանի հայկական համայնքներու ներկայ վիճակն ու գործունէութիւնը: Գերմանիոյ համայնքին մասին կազմակերպչական հարցերուն եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններում մասին զեկուցեց Ազատ Օրտուխանեան։
Միջին Արեւելքի գաղութներու գործունէութեան եւ ցեղասպանութեան հարցին մասին խօսեցաւ՝ «Գեղարդ» առցանց թերթի խմբագիր եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան պաշտօնաթերթ՝ Սիոնի խմբագիր՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան՝ Իսրայէլէն։
Ջաւախքահայութեան խնդիրներուն եւ Լաթվիոյ հայ համայնքին մասին խօսք առաւ Լաթվիոյ « Հաւատք» հայկական միութեան նախագահ Սպարտակ Տէր Աւետիսեան։
Ողջոյնի յատուկ խօսքով հանդէս եկան «Հայկական Վերածնունդ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Արեւմտահայերու ազգային համագումարի խորհուրդի համանախագահ Կարէն Միքայելեան։ Խօսք առաւ նաեւ Կազմակերպիչ յանձնախումբի ղեկավար Րաֆֆի Պետիկեան:
Շաբաթ օրուան առաջին նիստը ամբողջովին նուիրուած էր Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութեան:
«Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, տնտեսական, հասարակական եւ ժողովրդավարական իրավիճակը ներկայ փուլին եւ զարգացման հեռանը-
կարները» նիւթին շուրջ արբանեակային կապի միջոցով արտայայտուեցաւ Ալեք Ենիգոմշեան՝ Հիմնադիր Խորհրդարանի հիմնադիր եւ «Նոր Հայաստան» շարժման անդամ: Ան երկարօրէն խօսեցաւ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ապազգային քաղաքականութեան մասին։ Արբանեակային կապով Երեւանէն խօսք առաւ նաեւ Յարութիւն Մեսրոպեան, որ պնդեց հզօր հայրենիք հիմնելու անհրաժեշտութեան վրայ, զայն տեսնելով իբր երաշխիքը հզօր Սփիւռքի։
Արցախի ներկայ վիճակի եւ ապագայի հեռանկարներու մասին խօսեցաւ Մանուէլ Սարգսեան (Հայաստան): Ապա, հանդէս եկան Հայկական բանակի հիմնադիրներէն, պահեստային զօրավար-հարիւրապետ, Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի փոխնախագահ Նորատ Տէր Գրիգորեան եւ ՄԱԿ-ի գրասենեակի նախկին աշխատակից, Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի փոխնախագահ Կարէն Միքայէլեան:
Երրորդ նիստի թեման էր Թուրքիա եւ տարածաշրջանային զարգացումները. Պէրլինէն Էդուարդ Ֆիջիջեան, սահիկներու օգնութեամբ շատ համապարփակ կերպով ներկայացուց Թուրքիոյ ռազմաքաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի հարեւանութեան շրջարկին մէջ։ Իրմէ ետք խօսք առաւ Պոլիս ծնունդ առած «Նոր Զարթօնք» երիտասարդ ձախակողմեան քաղաքական շարժումի ղեկավարներէն՝ Ալեքսիս Քալք։
«Նոր Զարթօնք»ը կը ներկայանայ 21րդ դարու հայկական քաղաքական երիտասարդական կարեւորագոյն շարժումը: Երիտասարդներ, որոնք Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութենէն ասդին ստեղծած են հայկական քաղաքական առաջին շարժումը։ Ճակատաբաց կը մասնակցին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընկերային ու քաղաքական բոլոր նախաձեռնութիւններուն՝ Կէզիի ըմբոստութիւն, Թաքսիմի հանրային պարտէզին մէջ հայկական գերեզմանատան պահանջ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում, Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան արդար դատավարութիւն, Արմէն ճամբարի սեփականութեան վերադարձը հայ համայնքին … Վերջին ընտրութիւններուն անոնք մաս կազմած են Տէմիրաշի քրտական ՀՏՓ կուսակցութեան դաշնակցային համախմբումին։
Չորորդ նիստը կը վերաբերէր Ցեղասպանութեան քաղաքաիրաւական դաշտին մէջ պահանջատիրութեան հարցի պարզաբանումներուն, որուն վերլուծութեան համար հրաւիրուած էին Մարդկային իրաւանց միջազգային դաշնակցութեան՝ FIDH-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար, իրաւագէտ՝ Րաֆֆի Գալֆայեան եւ Ֆրանսահայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու AFAJA միութեան համանախագահուհի Վիրժինի Տիւշէն: Վերջինս մանրամասն քննարկեց Մեծ Եղեռնէն ասդին Հայութեան վերաբերող՝ միջազգային կնքուած ու չկնքուած բոլոր դաշինքներու իրաւական հետեւանքները։
Իսկ Պր. Գալֆայեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ հաւաքական եւ անհատական հատուցումի խնդիրներուն։ Իր խօսքին վերջաւորութեան յայտնեց, որ կարեւոր էր կազմել ցանկը թրքական սպանդի ենթարկուած բոլոր Հայերուն, անոնց յիշատակը վառ պահելու եւ Ցեղասպանութեան տարողութեան մարդկային դէմք տալու եւ պահանջատիրութեան իրաւական հող պատրաստելու համար։
Տիկին Տիւշէն, ի մէջ այլոց, իր զեկոյցէն անկախ շատ յատկանշական արտայայտութիւններ ունեցաւ, որոնք ձեւով մը կ՚ամփոփէին եւրոպահայ հայկական կազմակերպութիւններու մեծագոյն թերութիւնները՝ երիտասարդներու եւ կիներու բացակայութիւնը համահայկական նման հաւաքներէն։ Ան խօսեցաւ նաեւ Սփիւռքի կառոյցներու մէջ ժողովրդավար ներկայացուցչութեան անհրաժեշտութեան եւ զայն իրագործելու իրաւական դժուարութիւններուն մասին։ Այս կէտերուն վրայ եթէ աւելցնենք արհեստավարժներու ներգրաւումի եւ դրամագլուխային ներդրումի բացը, գրեթէ ամբողջական պատկերը կը կազմենք սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու կառուցային թերութիւններուն:
Կիրակի, Մարտ 6ին, համաժողովին հինգերորդ նիստը նուիրուած էր հասարակաց լրատու ցանցերու ստեղծման միջոցներուն եւ նիստերու ընթացքին բարձրացուած հարցերու քննարկման: Հանդէս եկան՝ Կարօ Յակոբեան, որ Սփիւռքի տեսութեան գիտական համառօտ նկարագրականը կատարեց, Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի տնօրէն Ժիրայր Չոլաքեան, որ շեշտը դրաւ Սփիւռքի համայնքային կեանքի աշխուժացման մէջ՝ լրասփիւռներու անհրաժեշտ դերակատարութեան վրայ, Աթէնքէն Մինաս Յովհաննիսեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ համաժողովին քննարկուած նիւթերուն: