«Ակօս» շաբաթաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին, հակառակ ոստիկանութեան բիրտ արձագանգին, Պերքին Էլվանի մահէն ետք տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն հայերը եւս միացած են: Հայ երիտասարդներէ բաղկացած «Նոր Զարթօնք» շարժումին անդամները Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին հայերէնով եւ թրքերէնով գրած են. «Պերքին, քեզի պիտի չմոռցնենք» եւ ստորագրած՝ «Նոր Զարթօնք»: (Yerepouni News)