Պոլսոյ Մէջ Ցոյց՝ Սեւակ Պալըքճըի Սպանութեան Դատական Գործընթացին Դէմ

[ A+ ] /[ A- ]

Asbarez

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ի երեկոյեան, Պոլսոյ »Թաքսիմ« հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ ցոյց մը, դատապարտելու համար նահատակ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան դատական գործընթացը, որ ցարդ յատկանշական արդիւնք չէ տուած:

Ինչպէս ծանօթ է, 2011ի 24 Ապրիլին, զինուոր Սեւակ Պալըքճը սպաննուած էր իր թուրք զինակցին կողմէ։ Սպանութենէն 16 ամիսներ անցած են, սակայն մարդասպանը տակաւին ազատ կը մնայ։ Դատավարութիւնը տեղի կ՛ունենայ Տիարպեքիրի մէջ եւ Պալըքճըի ընտանիքի համար դժուար է հետեւիլ դատական նիստերուն։

Ցոյցի կազմակերպիչ »Նոր զարթօնք« խմբակը, կը տեղեկացնէ, թէ հրապարակին մէջ հաւաքուած են շուրջ 250 հոգի, որոնք քայլարշաւ մը կատարած են, որուն միացած են ուրիշներ՝ թիւը հասցնելով 1000ի:

»Նոր զարթօնք« կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սայաթ Պեքիր նշած, որ ցոյցին մասնակիցներուն մէջ կային հայեր եւ օտարահպատակ քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ Սեւակի ընտանիքի անդամները:

Ցուցարարները պոռացած են՝ »Արդարութեան պայքարը նոր կը սկսի«, »Սեւակին պէտք չէ մոռանանք«:

»Կոչ կ՛ընենք ամբողջ հայ ժողովրդին, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք դէմ են բռնութեան եւ խիղճ ունին, ըլլալ Սեւակի ընտանիքի կողքին եւ դատական գործը դարձնել իրենցը«, աւելցուցած է Սայաթ Պեքիր:

Ըստ պաշտօնական վարկածի, հայազգի զինուորը պատահաբար սպաննուած է իր ծառայակից ընկերոջ կողմէ՝ անզգուշութեան պատճառով: Սակայն աւելի ուշ, թրքական լրատուամիջոցները տարածեցին լուրեր, թէ Պալըքճըն սպաննած զինուորը կապեր ունի ազգայնամոլ շրջանակներու հետ:
Մօտաւորապէս 3 ամսուան կալանքէն ետք, թրքական ռազմական դատարան մը 2011ի Օգոստոսի 1ին որոշած էր ազատ արձակել մարդասպանին, յանգելով այն եզրակացութեան, թէ հայ զինուորին սպաննած զինուորը փախուստ տալու առիթ չունի: Դատը տակաւին փակուած չէ:

Armenpress