Վերջապէս հայ թեկնածուներ
Agos Ընտրութիւններու նախօրեակի ամենակարեւոր իրադարձութիւնը ըլլալ կը թուի Խորհրդարանի թեկնածուներու անուններու ճշդումը։ Շատեր շունչերը կտրած կը սպասէին այդ օրը, երբ օրինաւոր վերջին ժամկէտը կը լրանար Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբ յանձնելու համար թեկնածուներու անունները։