ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՍ ՀԱՅԵՐԷՆ

[ A+ ] /[ A- ]

Դալար Շիլէլեան
ՊԻԱ

«Ո՜վ Մեծասքանչ դու լեզու»…Այսպէս կը սկսի Հայ երաժշտութեան անմահացած երգերէն մէկը որ կը շեշտէ թէ որքան սքանչելի լեզու մըն է Հայերէնը:

Իսկապէս անվիճելի է իր գեղեցկութիւնը և հարստութիւնը: Այսպէս կը խորհիմ ո՛չ թէ ազգայնամոլութեան պատճառաւ, այլ այդ պատճառաւ որ անբացատրելի կապ մը հաստատուած է իմ և մայրենի լեզուիս միջեւ դեռ առաջին օրէն: Որովհետեւ Հայերէնը իմ մայրենի լեզուս է: Մօրմէս, հօրմէս, մեծմօրմէս, մեծհօրմէս և բոլոր միւս ազգականներէս միշտ Հայերէն լսած եմ: Հետեւաբար պզտիկ տարիքէս սկսեալ ես ալ վարժուած եմ Հայերէն խօսելու, ինձ համար միշտ բնական եղած է Հայերէն լեզուով արտայայտուիլը: Բայց ներկայիս դժբախտաբար տուներու մէջ Հայերէնի տեղ անցած են այլ լեզուներ: Իսկ Հայերէնը երկրորդական լեզու ըլլալէ անգամ հեռու է:

Հետեւաբար տղաքը իրենց մայրենին առանց ճանչնալու կը սկսին դպրոց: Ցաւալին այն է որ Հայերէնը կատարեալ գործածողներն անգամ կը նախընտրեն ուրիշ լեզուներով արտայայտուիլ: Մինչդեռ ինչ դժուարութիւններով և զոհողութիւններով տիրացած ենք մեր լեզուին: Մեր պապերը բազմաթիւ անգամներ պատերազմած են որպէսզի հաւանական կորուստէ մը ազատեն զայն: Այդքան դժուարութիւններէ յետոյ մեծ ապերախտութիւն կը սեպեմ այսօրուան վիճակը: Յառաջիկային Հայերէնը համայնագիտարաններո՞ւ մէջ պիտի յիշուի միայն: Եթէ շարունակենք անտեսել մեր լեզուին մէջը գտնուած վտանգը, դժբախտաբար անխուսաբելի պիտի ըլլայ լեզուի կորուստը:

Շատ ուրախ եմ որ միշտ Հայերէն խօսող և անոր արժէք տուող ընտանիքի մը զաւակը ըլլալու բախտը ինծի շնորհուած է: Բնականաբար ես ալ մայրենի լեզուիս կարեւորութեանը գիտակցութեամբ ամէն առիթով զբաղած եմ զանազան գործունէութիւններով (գիրքի թարգմանութիւն, Հայ երգչախմբի մասնակցութիւն, Հայերէնի դասաւանդութիւն ևլն.): Որքան ալ յուսահատութեան մատնուիմ, որքան ալ շատ մը Հայերու անտարբեր դիրքը պատճառ կ’ըլլայ յոռետեսութեան, ես և գաղափարակիցներս յամառութեամբ կը շարունակենք պայքարիլ այս վտանգին դէմ՝ Հայերէն խօսելով, կարդալով և ուրիշներուն ալ սորվեցնելով: Որովհետեւ ժողովրդի մը գոյատեւման ամենակարեւոր ազդակներէն մէկն է իր լեզուն:

* Türkçesi için tıklayınız.