Յամառօրէն խաղաղութիւն

[ A+ ] /[ A- ]

norzartonk-logo10cmblack

KESKի, TMMOBի, TTBի, եւ DİSKի գլխաւորութեամբ՝ արհեստաւորներու եւ առեւտրական միութիւններու կոչով հոկտեմբերի 10ին Անգարայի մէջ կազմակերպուած Աշխատանքի, Ժողովրդավարութեան եւ Խաղաղութեան Հանրահաւաքը երկու ռումբով կատարուած յարձակումի մը թիրախ դարձաւ: Այս ֆաշական սպանդը եւ անոր պատասխանատուները կը դատապարտենք. ժողովրդավարութեան, ազատութեան, եւ խաղաղութեան պայքարին համար անմահացողներուն յիշատակին առջեւ կը խոնարհինք եւ վիրաւորներուն շտապ ապաքինում կը մաղթենք: Յունիսի 7ի ընտրութիւններէն առաջ՝ HDPի Տիգրանակերտի հանրահաւաքը եւ յուլիսի 20ին՝ Սուրուճի մէջ Քոպանիի օգնութիւն հասցնող SGDFական երիտասարդները թիրախ ընտրած ռումբով յարձակումին նմանօրինակը եւ շարունակութիւնը այսօր՝ Անգարայի մէջ վերապրեցանք: Թուրքիոյ ժողովուրդներու միասնական պայքարէն, զօրակցութենէն եւ խաղաղութեան պահանջներէն սարսափող իշխանաւորները, իրենց աթոռները պահելու միջոցը կրկին սպաննելու, ջարդելու մէջ գտան: Իրենց արիւնարբու քաղաքականութիւնը, որ կ՛երկարի մինջեւ հայոց ցեղասպանութիւնը, անգամ մը եւս կատաղօրէն բեմադրեցին ընդդէմ ժողովուրդներու եւ փոքրամասնութիւններու: Շարունակեցին պետութեան աւանդութիւնը: Ողջ աշխարհին յայտարարեցին, որ ուրիշ քաղաքականութիւն չեն գիտէր, եթէ ոչ մարդ սպաննել:

Անկասկած բոլոր այս ջարդերուն եւ մահերուն ներկայ պատասխանատուն այսօրուայ իշխող ուժը՝ AKP կառավարութիւնն է: Էրտողանը եւ իր կուսակցութիւնը՝ AKPն, որոնց ուժը խախտուեցաւ յունիսի 7ին եւ որոնց արտաքին քաղաքականութիւնը ամբողջովին աւերուած է, սկսած է պատերազմական եւ խոր պետութեան յատուկ քաղաքականութիւն մը արծարծել:

Այս շրջանին, որ խաղաղութեան գործընդացը «սառնադարան դրուած է», ազգայնամոլ, դաւանանքապաշտ, ցեղապաշտ ճակատումներու միջոցաւ զանգուածները ամրապնդուած են իրարու դէմ, թշնամութիւնները եւ պատերազմը հրահրուած են, բոլոր այս ֆաշական յարձակումներուն դիմաց ժողովուրդներ ըլլալով պէտք է յաջողինք մեր կսկիծը կիսել եւ խաղաղութեան պայքարը բարձրաձնել:

Յամառօրէն խաղաղութիւն

ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ