Նայէ՛ եղբայր իմ

[ A+ ] /[ A- ]

Nor-Zartonk

Կոչ Թուրքիոյ հայերուն կողմէ. Նայէ՛ եղբայր իմ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով թերթիս մէջ հրատարակուող՝«Կոչ՝ Թուրքիոյ հայերէն. Տե՛ս Եղբայր Իմ» յայտարարութիւնը մեծ արձագանք գտած էր Թուրք եւ համաշխարհային մամլոյ եւ հասարակութեան մէջ»: Այս գրութիւնը, որ բողոք մըն էր մեր ապրած հողերու վրայ տեղի ունեցող անարդարութիւններու դէմ, ուզեցինք անգամ մը եւս յիշեցնել, քանի որ կը շարունակուին ջարդերը նոյն աշխարհագրութեան վրայ:

Նայէ՛ եղբայր իմ,

Հայկական ցեղասպանութենէն հարիւր տարի անցած է: Ժողովուրդ մը, իր տատին ու պապին հետ ապրած ժողովուրդ մը պետութեան կողմէ ծրագրուած կերպով մեռցուած է: Մինչ հարիւր տարի առաջ փողոցը քալողներուն հինգէն մէկը հայ էր, այսօր փողոցին մէջ հայերու հանդիպիլ դժուար է: Ի՞նչ եղած է անոնց, հա՛րց տուր եղբայր իմ…

Կա՛ց եղբայր իմ, անմիջապէս մի՛ զայրանար, մտիկ ըրէ…

Պետութիւն Պապան մեզի դաւաճան հռչակեց, անիծեալ հռչակեց, մեզ ներկայացուց որպէս հրէշ մը: «Մեր զանազանութեան վրայ կատակելու» փոխարէն, մեր զանազանութիւնները մեզի իրարմէ բաժնելու գործիքի վերածուած են: Դպրոցներու մէջ սորուած ենք, լրատուամիջոցներուն մէջ տեսած ենք, տունը լսած ենք… Կեղծ պատմագրութեամբ խաբուած ենք բոլորս: Ատած ենք միմեանց: Երբ համակարգը խնդիր մը ունեցած է, ազգայնականութիւնը հասած է ծածկելու խառնաշփոթը: Իրարու դէմ ելած ենք…

Տե՛ս եղբայր իմ, լսէ՛ սիրելի եղբայր իմ

Պետութիւնը չ’առերեսուիր իր ոճիրին հետ: Չ’առերեսուիր իր ոճիրին հետ, որ գործած էր մեզի իրար նոյնացնելու նպատակով: Այնքան ատեն որ չ’առերեսուիր եւ ոճիրը կը մնայ անպատիժ, պատահածները կը մնան ձեռքբերում ոճրագործին համար: Այսպէ՞ս երկրի մը մէջ կ’ուզես ապրիլ եղբայր իմ: Կ’ուզե՞ս ապրիլ երկրի մը մէջ, ուր մեռցնողին մօտ ոճիրը կը մնայ ձեռքբերում ու կը վարձատրուի անարդարութիւնը: Ո՞ւր են Հրանդի սադրիչները: Ո՞ւր են Սեւակ Պալըքճըյի, Մարիցա Քիւչիւքի յանցագործները: Ազատ են: Բոլորն ալ ազատ են: Մեր քովէն կ’անցնին թեւերը թափ տալով, եղբայր իմ…

Ինչո՞ւ եղբայր իմ

Ինչո՞ւ անոնք իրենց ձեռքերը թափ տալով ազատօրէն կը քալեն: Մենք 1915-ին հետ հաշուեյարդար չենք եղած, չենք դատապարտած եղբայր իմ: 1915-ին հայ մեռցնողները անպատիժ մնացած են, եւ անպատիժ մնալով, այս վիճակը ինքնին կրկնած է ու մինչեւ օրս կը շարունակէ կրկնել: Այնքան ատեն որ առերեսում չկայ, կը շարունակենք մեռցուիլ եղբայր իմ: Մենք այլեւս չենք ուզեր մեռցուիլ: Մենք չենք ուզեր վախով դուրս գալ մեր տուներէն, դպրոցներէն, եկեղեցիներէն, գործատեղիներէն. «արդեօ՞ք մեր գլխուն բան մը կու գայ» ըսելով չենք ուզեր թաքցնել մեր անունը, չենք ուզեր պահուըտիլ: Ուրկէ՞ կը կարծես յառաջացած է այս «աղաւնիի անհանգստութիւնը», եղբայր իմ: Այնքան ատեն որ առերեսում չկայ եւ ոճիրը կը մնայ անպատիժ, ոճիրները կը բազմանան: 1915-ին հայերուն եւ ասորիներուն պատահածը, պատահած է նաեւ հրեաներուն Թրաքիոյ ջարդին, 6-7 Սեպտեմբերին յոյներուն, Սիվազի մէջ ալեւիներուն, Տիգրանակերտի խուցերուն մէջ քիւրտերուն, 1977-ի Մայիս մէկին եւ տակաւին այսօր բանուորներուն, աշխատանքային ոճիրներու պատճառով, եւ ի վերջոյ մեր բոլորին: Ո՞ւր են յանցաւորները եղբայր իմ: Ինչո՞ւ չենք հարցներ: Ինչո՞ւ եղբայր իմ:

Դուն անոնցմէ չես եղբայր իմ

Քու տեղդ մեր կողքին է սիրելի եղբայր իմ: Հերքումը ցեղասպանութեան վերջին հանգրուանն է: Հերքելով ցեղասպանութեան չե՛ս մեղսակցիր դուն: Ականատեսն ես կորուստին, ժողովուրդի մը ոչնչացման:  Չե՛ս անտեսէր, կը կարեւորես տատիկին, պապիկին ու դրացիին պատահածը: Քո՛ւ ապագայիդ համար կը կարեւորես, արդարութեա՛ն համար կը կարեւորես, քո՛ւ զաւակներուդ համար կը կարեւորես եղբայր իմ: Կը կարեւորես, զաւակներուդ արդա՛ր երկիր մը ժառանգելու համար:

Պատասխանատուութիւն չունի՞ս եղբայր իմ

Դուն ցեղասպանութիւն ընողը չե՛ս եղբայր իմ: 1915-ին չկայիր ու այդ ոճիրները դուն չես գործած: Գիտենք որ մեզի նկատած ես որպէս քու եղբայրդ: Սակայն բնաւ պատասխանատուութիւն չունի՞ս եղբայր իմ: Որպէս այս հողին զաւակները, արդար ապագայ մը կառուցելու համար մերժումի քաղաքականութիւնները չսատարելու պատասխանատուութիւնը չունի՞նք: Եթէ հերքող կուսակցութիւններուն ձայն կու տաս, հերքողներուն կը սատարես, մի՛ ըներ եղբայր իմ: Մեզի վերստին մի՛ մեռցներ սիրելի եղբայր իմ: Ցեղասպանութիւնը շարունակողներուն գործակից մի՛ ըլլար…

Արդարութիւն, Հաւասարութիւն, Եղբայրութիւն
NOR ZARTONK /
ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ

www.NorZartonk.org