Տարի մը Առաջ Քամփ Արմէնը Ազատագրուեցաւ

[ A+ ] /[ A- ]

Kamp Armen 175. Gün

Քամփ Արմէնը ճիշտ տարի մը առաջ 175 օրուայ դիմադրութենէ մը ետք հայ ժողովուրդին վերադարձուեցաւ:

Այս օրերուն, երբ ֆաշական մտայնութիւնը կը յարձակի ժողովուրդներուն , պէտք է վերյիշենք 175 օրուայ այս դիմադրութիւնը, որուն մաս կազմած էին բոլոր ճնշուողները: Քամփ Արմէնի դիմադրութիւնը յոյս ներշնչած է բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք իրենց դիմադրութիւնը կը շարունակեն այս հողերուն վրայ:

Քամփ Արմէնի վերադարձման վերաբերեալ 27 հոկտեմբեր 2015ին Նոր Զարթօնքի կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը.

Վերաբերեալ՝ Ուղղուած Մամլոյ եւ Ընդհանուր Հասարակութեան,

Քամփ Արմէնը 27 Հոգտեմբեր 2015ին, մեր դիմադրութեան 175րդ օրը, վերադարձուեցաւ Կէտիկփաշայի Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հիմնարկութեան, այսինքն հայ ժողովուրդին:

Նախ եւ առաջ, մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Քամփ Արմէնի փլուզումի ցանկության դրսեւորման օրուան ի վեր, տեղի ունեցած բոլոր ճնշումներուն եւ յարձակումներուն հանդերձ՝ առանց նահանջելու դիմադրող ու պայքարող եւ մեզ հետ զօրակցելով համերաշխութիւն ցուցաբերող տարբեր ազգութիւններու եւ կրօնքներու պատկանող բարեկամներուն, այս պայքարին երանգ եւ խրախուսանք ներշնջող արուեստագէտներուն, սոյն պայքարին համար հնարաւոր գետին մը պատրաստող Թուզլայի բնակիչներուն, դիմադրութեան հրապարակը կազմակերպուած ասուլիս եւ զրոյցներու իրականացման համար իրենց նպաստը բերող ակադեմականներուն, գրողներուն, հետազօտողներուն եւ լրագրողներուն, իրենց այցելութիւններով եւ աշխատանքով մեր դիմադրութեան նպաստող կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ բանուորական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, երեսփոխաններուն, իրենց նպաստը չզլացող Քամփ Արմէնի նախկին սաներուն, այս նիւթը օրակարգի բերող մամլոյ աշխատողներուն, այս հարցին լուծման համար կամաւորապէս ջանք թափող բարեկամներուն եւ իրենց կենսոլորտը 175 օր շարունակ մեզ հետ բաժնեկցող բոլոր կենդանիներուն եւ բոյսերուն: Անոնք միայն թէ քամփին վերադարձումին չնպաստեցին, ինչպէս նաեւ իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան ոգիով ու ներկայութեամբ Քամփ Արմէնը նոր նշանակութիւններ ստացաւ:

Դիմադրութեան ընթացքին, մենք միասնաբար ջանացինք Քամփ Արմէնի ոգիին համապատասխան քաղաքակրթութիւն մը կերտել: Յաջողեցանք զիրար լսել, մեր նախապաշարումները ոչնչացնել, առկայ հարցերուն միասնական լուծումներ որոնել, միասնաբար պայքարիլ եւ այսպէսով վառ պահել զօրակցութեան ոգին: Հետեւաբար, այս միատեղ գոյատեւումի եւ պայքարի գործադրութիւնը մեր բոլորիս համար շատ արժէքաւոր ու դրական հետեւանքներ նախատեսող պատմական փորձառութիւն մը եղաւ: Քամփ Արմէնի դիմադրութիւնը ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլ ժողովուրդավարութեան եւ հաւասարութեան ուղղուած պայքարի համար ալ կարեւոր ձեռքբերումներ ունեցաւ: Յուսով ենք, որ այս ձեռքբերումները այժմ շարունակուող դիմադրութիւններուն եւ դիմադրողներուն յոյս կը ներշնչէ:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին փլուզումը պահանջուող հայ որբանոց մը, տարակոյս չկայ որ հայ ժողովուրդին անընդհատ զգացած ցաւը աւելի կը խորացներ: Ինչպէս հարիւր տարի առաջ, վերստին մեր տարածքէն եւ բոյնէն բռնի ուժով կը հրաժարուէինք եւ այս փլուզումով մեր յիշողութիւնը կը փափաքէին ջնջել: Այս վտանգին չէինք կրնար անձայն եւ անշշուկ համակերպիլ: Ինչպէս Ռաքէլ Տինքը կը նշէ. «Եթէ դիմադրութիւն կայ, յոյս ալ կայ:» Ներկայ իրավիճակը մէկ անգամ եւս կը փաստէ կազմակերպուած պայքարին կարեւորութիւնը եւ ուժը: Այսօր ժողովուրդական միջոցներով եւ վճռանակօրէն մեր տարած պայքարը արդիւնաւէտ եղած եւ Քամփ Արմէնը իր պատկանած տեղը վերադարձուցած է:

Ինչպէս անընդհատ կը յայտնենք, տարակոյս չկայ, որ Հայ ժողովուրդին ուղղուած յարձակումները եւ բռնագրաւումները միայն Քամփ Արմէնով սահամանափակուած չեն: Լքուած կալուածներու մասին օրէնքներէն մինչեւ «1936ի յայտարարագիրը» բռնագրաւուած համայնքային կալուածներու վերադարձումը դեռ մեր հրատապ հարցերէն մէկը կը հանդիսանայ: Սակայն աւելի կարեւորը, Հրանդ Տինքի, Մարիցա Քիւչիւքի եւ Սեւակ Պալըգճըի ոճիռներուն դատավարութեան անարդար ընթացքն է: Առաւել եւս, շատ աւելի կարեւոր հարց մըն է մեր գոյատեւած տարածքին վրայ ո՛չ միայն հայոց, այլ ժողովուրդներուն ալ ամէն օր ֆիզիքական եւ մշակութային փլուզումներու, կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու ենթարկումն է: 6 մայիսէն ի վեր հարիւրաւոր անձինք մահացաւ: Խորապէս կը զգանք այս ցաւը: Կը մաղթենք, որ Քամփ Արմէնին վերադարձումը հաւասար քաղաքացիութեան հիման վրայ եւ խաղաղ միատեղ կեանք մը կառուցելու առաջին քայլը կը հանդիսանայ:

Քամփ Արմէնին վերադարձումը պէտք է գնահատուի ո՛չ թէ իբրեւ մեր պահանջատիրութիւնը ջրելու միջոց մը, այլ որպէս ձեռքբերում մը՝ յանուն անարդարութեան վերացումին, միատեղ գոյատեւումին եւ ժողովուրդավարութեան: Այս դիմադրութեան 175 օրէ ի վեր շարունակութեան, փոքր թէ երէց, իր նպաստը բերած եւ ժողվուրդավարական ու ազատական բարքերու շուրջ «Գոյութիւն ունէինք, կը գոյատեւենք եւ պիտի գոյատեւենք» բացագանչող հայ ժողովուրդը պարփակող պայքարի եւ զօրակցութեան ոգին ընկերային առումով մեր կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկը եղած է: Այժմ մեր պարտականութիւնը, մեր ապագային համար Քամփ Արմէնի ոգիին յարատեւ պահպանումն է: Սկիզբէն ի վեր, հաւատք եւ վճռականութիւնով Քամփ Արմէնին տէր կանգնող եւ իրենց ճիգերով մեր միասնական ուժը փաստող անհատները կ’ողջունենք մեր անկեղծ զգացումներով:

175 օր յետոյ, կոտորածներէն վերապրողներուն, Քամփ Արմէնի որբերուն եւ Հրանդ Տինքին յուշերուն, յիշողութեան, մանկութեան եւ իրենց կեանքը, զօրակցութիւնը ու վիշտը բաժնեկցելու փորձառութիւնը սորված քաղաքակրթութեան՝ Քամփ Արմէնին տիրանալու արդար հպարտութիւնը կը զգանք: Մենք միայն մեր պատմական պատասխանատուութիւնը եւ Հրանդ Տինքին տուած մեր խօստումը կատարելու համար ջանք թափեցինք: Այս յաղթանակը, գլխաւորաբար հայ ժողովուրդին եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն՝ Քամփ Արմէնի մէջ նոր կեանքը կերտողներուն է:

Ի յիշատակ պատմութեան ընթացքին հաւասարութեան, ազատութեան եւ արդարութեան համար պայքարողներուն, այժմ ամէն ուր Քամփ Արմէնի պիտի վերածենք, մեր ապրած դժոխքի հուրը պիտի մարենք եւ դրախտը միասին պիտի կառուցենք: Քամփ Արմէնի համար մղուած պայքարը ո՛չ թէ վերջաւորութիւն, այլ սկիզբ մըն է:

Հրանդ Տինքի խօսքերը թող մեր ճամբան լուսաւորէ.

«Եռացող դժոխքները» մէկ դի թողելով «պատրաստ դրախտները» խոյս տալ, նախ եւ առաջ, բնաւորութեանս հետ չէր պատշաճիր: Մենք իր բնակած դժոխքները դրախտի վերածել պահանջողներէն էինք: Թուրքիոյ մէջ մնալ ու ապրիլը թէ՛ մեր իսկական փափաքը եւ թէ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդավարութեան պայքար տանող, մեզ աջակցող ծանօթ ու անծանօթ հազարաւոր մարդկանց հանդէպ մեր յարգանքի տուրքն էր: Պիտի մնայինք ու պայքարէինք:»

Այո, մնացինք, պայքարեցինք եւ յաղթեցինք:

Կէցցէ՛ ժողովուրդներու զօրակցութիւնը:

Նոր Զարթօնք