Ա՛լ կը բաւէ…

[ A+ ] /[ A- ]

Ակօս Շաբաթաթերթ

Լման երկուուկէս տարի անցաւ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութենէն ասդին: Երկուշաբթի՝ 6 Յուլիսին, պիտի կայանայ դատավարութեան 10-րդ նիստը: Այսօր հասած ենք այն իրողութեան թէ անելի մատնուած է դատական ընթացքը, շնորհիւ իշխող «խորունկ կամքերու»: Կարելի չեղաւ դատարան բերել պետական այն պաշտօնեաները, որոնց պատասխանատուութիւնը եւ պաշտօնի թերացումը տեղի տուաւ այս ոճիրին: Եթէ յանցագործները միայն Սամաստը, Հայալը, Թունճէլն ու իրենց ընկերներն են, շուտով աւարտած կ՚ըլլար դատը: Կ՚երեւի թէ դատարանը խուսափելով հասարակութեան հակազդեցութենէն, կը նաըխնտրէ դատավարութիւնը երկարել ու ձգձգել: Անելէն ազատուելու միակ միջոցն է դատարանին ու պետութեան այս ուղղութեամբ ջանք վատնելը:

Վարչապետական քննիչ կազմի եւ պետական քննիչներու պատրաստած տեղեկագիրներուն մէջ պաշտօնի թերացումով մեղադրուած պետական պաշտօնեաներէն ոչ մէկուն դէմ դատական գործողութին կատարուած է: Ոճիրի թուականին Տրապիզոնի Ապահովութեան Տնօրէն՝ Րամազան Աքեիւրէք պաշտօնակոչուեցաւ որպէս Լրատուութեան Բաժնի նախագահ, եւ այսպիսով անկարելի դարձաւ դէպքին մութ երեսակները լուսաբանել:

Յայտնաբերուած էր Մուհիտտին Զէնիթ անուն ոստիկանի հեռախօսային զրոյցը, որ ոճիրէն կէս ժամ ետք կատարած էր Էրհան Թունճէլի հետ: Զէնիթ սպանութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն տեղեակ էր: Ան ալ նոր պաշտօնի կոչուեցաւ Աքեիւրէքի հրամանին ներքեւ: Գնդապետ Ալի Էօզ ոճիրէն 18 ամիսներ ետք, հազիւ ներկայացաւ դատարանւ եւ «չեմ յիշեր» պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Պետական քննիչներու տեղեկագրին մէջ ըսուած էր, թէ՝ «ամենավար պաշտօնէն մինչեւ ամենաբարձրը, թերացած են իրենց պարտականութեան մէջ եւ պատասխանատու են Իսթանպուլի Ապահովութեան ուժերուն համար»։ Իսթանպուլի Ապահովութեան Տնօրէնը գնահատուեցաւ որպէս կուսակալ Օսմանիյէ քաղաքի: Նոյնպէս քննիչներու կարծիքով հարցաքննուելու արժանի նկատուող Իսթանպուլի Ապահովութեան Տնօրէնութեան Լրատուական Բաժնի Վարիչ՝ Ահմէտ Իլհան Կիւլէր, կատարուած առարկութիւններով զերծ մնաց հարցաքննութենէ, եւ աւելի ետք փոխուեցաւ իր աշխատութեան վայրը: Վարչապետական քննիչները նախաքննութիւն պահանջած էին Տրապիզոնի Ապահովութեան Գ. Մասնաճիւղի Տնօրէն Ալի Ֆուատ Եըլմազէրի համար: Ան ալ նշանակուեցաւ աւելի բարձր պաշտօնի մը Իսթանպուլի Լրատուութեան Մասնաճիւղի կազմին մէջ: Հրանդ Տինքը Իսթանպուլի Կուսակալութիւն հրաւիրող եւ հոն սպառնացող ՄԻԹ-ի գործակալն ալ պաշտօնակոչուեցաւ Իզմիր: Փաստաբաններուն յիշեալ անձերուն հարցաքննութեան պահանջները ամէն անգամ մերժուեցան դատարանին կողմէ:

Դատավարութիւնը կ՚երկարի ու կ՚երկարի: Սակայն դատը իրականութեան մէջ տակաւին չէ սկսած իսկ, ո՛րքան ատեն որ դատարան չեն յայտնուիր Օկիւն Սամաստը, Եասին Հայալը, Էրհան Թունճէլը, Ահմէտ Իսկէնտէրը, Էրսին Եօլճուն ու ընկերներուն ետին գործող տարրերը:

Մնացեալը նիստերու ընթացքին թէ՛ ամբատանեալներուն եւ թէ իրենց փաստաբաններուն ցեղապաշտ յարձակումներուն ենթարկուող Տինք ընտանիքին եւ մեր տառապանքն է միայն:

Ա՛լ կը բաւէ, մի՛ տանջէք մեր խիղճերը: