«Կեանքը կը շարունակուի եթէ յոյսը գոյութիւն ունի. կեանքը կը վերջանայ բայց պայքարը ՝ոչ»

[ A+ ] /[ A- ]

sayattekir

Նոր Զարթօնքի համաբանբեր Սայաթ Թէքիրի, հայոց ցեղասպանութեան 101րդ ամեակի առիթով ելոյթը՝ Արկենթինահայ Մշակութային Միութեան Հայաստանի Հրապարակին վրայ կազմակերպած «Յիշողութիւն, Արդարութիւն եւ Ճշմարտութիւն» փանելին եւ Հայ Մշակոյթի Միութեան Վիսենթէ Լոփեզի մէջ իրականացուցած միջոցառման մէջ:

Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է հոս ըլլալ:  Ձեզ կ՛ողջունեմ Թուրքիոյ եւ աշխարհի զանազան երկիրները բնակող Նոր Զարթօնքցի մեր ընկերներու անոնով:

Կուզեմ որ գիտնաք որ այս տարիներու ընթացքին շատ խոսուեցաւ Մարդկանց Իրավունքների վերաբերեալ Արժանթինի պետական քաղաքականութեան մասին, որը օրինակ է աշխարհին մէջ:

Մինչ այստեղ դեռ կը դատէք և կը պատճէք ցեղասպանութեան պարագլուխներուն և մեղսակիցներուն, մեր երկրին մէջ ոչ միայն ունինք պետական մակարդակի վրայ ժխտողական քաղաքականութիւն մը հայերու ցեղասպանութեան հանդէպ, այլ այսօր պետութիւնը կը շարունակէ գործել ուրիշ ազգերի վրայ այն նույն ոճրագործութիւնները որ կատարեց հարիւր տարի առաջ:

Պիտի սկսիմ նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքէն մէջբերուող հետեւեալ խոսքերով,««Եռացող դժոխքները» մէկ դի թողելով «պատրաստ դրախտները» խոյս տալ, նախ եւ առաջ, բնաւորութեանս հետ չէր պատշաճիր: Մենք իր բնակած դժոխքները դրախտի վերածել պահանջողներէն էինք: Թուրքիոյ մէջ մնալ ու ապրիլը թէ՛ մեր իսկական փափաքը եւ թէ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդավարութեան պայքար տանող, մեզ աջակցող ծանօթ ու անծանօթ հազարաւոր մարդկանց հանդէպ մեր յարգանքի տուրքն էր: Պիտի մնայինք ու պայքարէինք:» Հրանդ Տինք

Թերեւս ամէն ինչ այս նախադասութիւններով սկսաւ: Ճիշդ ժամանակն էր հեռանալու այս հողերէն, երբ 19 Յունուար 2007ին Ակօսին առջեւ Զայն սպաննեցին: Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ այլ ժողովուրդներու դէմ գործուած բոլոր ցեղասպանութիւնները, ջարդերը եւ խտրականութիւնները, զորս լսած էինկ մեր մեծերէն կամ կարդացած էինք գիրքերէն,  դուրս ելլելով հասարակական յիշողութենէն՝ մեր առջեւ ծառացած էին:

Քարոզչական մեքենան, միշտ յաջողած էր պատճառ մը հնարել անոնց համար՝ որոնք «ուրիշ» էին եւ մեր բաժինին ալ ինկած էր Հրանդը: Որն էր դժուարը. երթա՞լ  թէ ոչ մնալ: Գացողները երբեք չմեղադրեցինք, որովհետեւ ուրիշ դժուարութիւններ պէտք է դիմագրաւէին: Իսկ մենք, որ հոս մնացինք, Հրանդի խօսքով պէտք է աշխատէինք դժոխքը դրախտի վերածելու համար:

Նոր Զարթօնքն ալ այս նպատակով հիմնուեցաւ: Ջանացինք զարգացնել հաւաքական միտք եւ աշխատելու եղանակ՝ փոխանակ անձնական ելոյթներու: Պաշտպանեցինք կազմակերպուած պայքարը՝առանց դասակարգի, առանց սահմանի, առանց շահագործումի՝ ազատ աշխարհի մը համար: Մեր հաւասարութեան, ազատութեան եւ արդարութեան պահանջը, ելլելով Թուրքիոյ հայ հասարակութենէն, որուն մաս կը կազմէինք, ջանացինք տարածել ողջ հասարակութեան: Ունէինք այն գիտակցութիւնը, որ մեր խնդիրները անկախ չեն Թուրքիոյ մէջ ապրող այլ ժողովուրդներու եւ ճնշումի ենթարկուողներու խնդիրներէն: Առանց հեռանալու դասակարգային պայքարէն, բոլոր ճնշուողները բովանդակող, կանանց եւ համասեռականներու իրաւունքները պաշտպանող, միջավայրը, բնութիւնը եւ կենդանիները պահպանող պայքարի եղանակ մը իւրացուցինք

Մեր պայքարը շարունակեցինք առանձ հեռանալու փողոցէն: «Փողոց, պայքար, ազատութիւն» էր մեր լոզունքը: Յիշեցինք 1968ը եւ Կէզի Այգիի սալայատակներուն տակ փնտռեցինք աւազուտները: «Մեր գերեզմանոցը յափշտակեցիք, բայց այս անգամ պիտի չտանք մեր այգին» ըսինք եւ դիմադրեցինք մեր բարեկամներուն հետ: Դիմադրեցինք եւ չտուինք մեր այգին: «Մեր այգին չտուինք, մեր ճամբարն ալ պիտի չտանք« ըսինք եւ անգամ մը եւս դիմադրեցինք ամէն ժողովուրդէն մեր բարեկամներու հետ: Դիմադրեցինք եւ յաջողեցանք: Ինչպէս կըսէ Վոլ Սթրիթը գրաւող 99 առ 100ները, մենք «ապրելու համար կը դիմադրենք»:

Մենք՝«իրապաշտ ըլլալով անկարելին պահանջող»ներս, մենք՝«շղթաներէն դուրս կորսնցնելիք բան չ՛ունեցող»ներս, կը դիմադրենք այսօր եւս: Կը դիմադրենք անոնց դէմ, որոնք նոր-ազատական քաղաքականութիւններով կը սահմանափակեն մեր իրաւունքները, կը յափշտակեն մեր հացը: Կը պայքարինք մեր փողոցները Կարաժ Օլիմփիօ, մեր տուները Տիյարպաքըր բանտին դարձնող իբրեւ թէ ոչ զինուորական ֆաշիսթ իշխանութիւններու դէմ: Երախայ կամ ծերունի, կեանքը կը շարունակուի եթէ յոյսը գոյութիւն ունի: Կեանքը կը վերջանայ բայց պայքարը՝ ոչ:

Ուր որ ալ ապրինք, չմոռնանք Կէօթէի խօսքերը.«Ոչ ոք այնքան գերի է, որքան անոնք որոնք ազատ չ՛ըլլալով հանդերձ կը մտածեն թէ ազատ են:»: Կ՛ողջունենք մեր բոլոր ընկերները, որոնք  Zucottiի կամ Gezi Այգիի, Կալաթասարայի կամ  Plaza del Mayoի, Chipasի կամ Rojavaի մէջ, աղբերու հաւաքման կամ ելեկտրականութեան գինի յաւելումին դէմ հաւասարութիւն, ազատութիւն եւ արդարութիւն պահամջեցին: Իրենց պայքարը մեզի ուժ կու տայ եւ յոյս կը ներշնչէ:

Դատավարութիւններուն հետեւիլը, մամլոյ հաղորդագրութիւնները, քայլերթները, բողոքի ցոյցերը…այս բոլորը, որ 11 տարի շարունակ իրականացուցինք, արդար երկիրի մը մէջ հաւասար եւ խաղաղութեամբ ապրելու համար էր: Բազմաթիւ դատավարութիւններուն հետեւեցանք այնտեղ, ուր արդարութիւնը բնականոն դարձած, դատարանները փոքրամասնութիւններու համար վերածուած էին թատերասրահի:

Ինչպէս կ՛ըսէ Subcomandante Marcos եւ Moisés, « Իրականութիւնը եւ արդարութիւնը, երբեք պիտի չշնորհուի վերէն, այլ մենք պէտք է կառուցենք սկսեալ հիմքէն»: Մենք ալ արդարութիւնը իրականացնելու համար կը պայքարինք հիմքէն սկսեալ, որովհետեւ ինչպէս ըսած է Ժան Ժորէ, այլեւս «մարդկային մառանի մէջ գտնուող դիակ»ի մը հետ սպրիլ չենք ուզեր:

Այո, 1915ին ցեղասպանութիւն մը իրականացաւ, բայց չենք ուզեր կրկնել նոյն խօսքերը.« մեզ՝հայերը, ջարդեցին, կոտորեցին, ոչնչացուցին:» Այո, մեզ ջարդեցին այնպէս, որ պատմութեան մէջ նմանը չկայ, բայց մեզ չկրցան ոչնչացնել եւ պիտի չկարենան: Մենք հոս ենք: Իշխողներուն եւ ոճրագործներուն աչքերուն նայելով պիտի բացագանչենք.«Մենք հոս ենք,միշտ հոս ենք եւ չվերջացանք»:

Այսօր Թուրքոյ մէջ ուրուական մը կը շրջագայի: Ուրուական, որ պետութիւնը եւ իշխողները կը սարսափեցնէ: Սա 1915ի նահատակներուն  ուրուականն է: Օր ըստ օրէ աւելի շատ Թուրքիացի կ՛ուսումնասիրէ անցեալը եւ կը խօսի անցեալի դէպքերուն մասին: Որացողականութեան դէմ կը կազմակերպուի բողոքներ, ցեղասպանութեան զոհերուն համար կը կատարուին ոգեկոչումներ: Աւելի պահանջատեր են քան անցեալը: Ուրուական մը կը շրջագայի Թուրքիոյ մէջ, որ կը պահանջէ առերեսում ոճրագործներէն:

Այսու ամենայնիւ որպէս ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը զաւակներ, առանց մոռնալու անցեալը, թշնամի չհամարելով մեր դիմացինը՝ պէտք է բաց ըլլանք նոր միտքերուն եւ կազմենք նոր քաղաքականութիւն մը: Մենք, Քամփ Արմէնի այդ առասպելական դարձած օրերուն ականատես եղանք ժողովուրդներու միասնական դիմադրութեան: Մեր արդարութեան պայքարին զօրակցող քիւրտեր, ալեւիներ, ժողովրդավար թուրքեր, այս բոլորը մեզի յոյս կը ներշնչէ:

Խօսքերս կը վերջացնեմ յայտնի բանաստեղծ Նազըմ Հիքմէթ Րանի տողերով.

«Ապրիլ՝ծառի մը պէս մինակ եւ ազատ եւ անտառի մը պէս եղբայրօրէն, սա մեր կարոտն է:»

Կեցցէ ժողովուրդներու Զօրակցութիւնը

Արդարութեան պայքարը դեռ նոր սկսաւ

 

NOR ZARTONK / ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ