Յիշելով Տողան Աքհանլըն

[ A+ ] /[ A- ]

Սելտա Աքսոյ*

Խորապէս ցնցո­ւեցայ իմ սի­րելի բա­րեկամ Տո­ղան Աք­­հանլըի յան­­կարծա­­կան մա­­հով։ Աք­­հանլը թէեւ մի­­ջոցէ մը ի վեր կը տա­­ռապէր քաղցկե­­ղէ, բայց ես պատ­­րաստ չէի իր մա­­հուան գոյ­­ժը լսե­­լու։ Այդ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ 31 Հոկ­­տեմբեր 2021-էն այս կողմ հա­­զիւ հի­­մա իմ վրայ ուժ կը գտնեմ անոր մա­­սին ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւելու։ Այս պա­­հուն կը հա­­ւատամ թէ Աք­­հանլը ֆի­­զիքա­­պէս մեզ­­մէ հե­­ռացած է, բայց իր գոր­­ծե­­­րը եւ թո­­ղած աւան­­դը շատ եր­­կար ժա­­մանակ մեզ հետ կը մնայ։

Տո­­ղան Աք­­հանլը ծնած էր 18 Մարտ 1957-ին Արթվի­­նի Շաւ­­շատ գա­­ւառը։ Նա­­խակրթա­­րանը աւար­­տե­­­լէ ետք իր աւագ եղ­­բօր ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ կը տե­­ղափո­­խուի Իս­­թանպուլ։ Կ՚ու­­սա­­­նի Գա­­րատե­­նիզ Թեք­­նիկ Հա­­մալ­­սա­­­րանի պատ­­մութեան եւ ման­­կա­­­վար­­ժութեան բա­­ժին­­նե­­­րը։ 1975-ին դեռ հա­­զիւ 18 տա­­րեկան պա­­տանի մըն էր, կ՚են­­թարկո­­ւի ոս­­տի­­­կանա­­կան հե­­տապնդու­­մի։ Գաղտնի ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը անոր թեր­­թած պար­­բե­­­րակա­­նին կող­­քին վրայ կար­­միր աստղ մը նկա­­տելով կաս­­կածներ սե­­ւեռած են եւ այդ կաս­­կածնե­­րը ապա­­ցու­­ցե­­­լու հա­­մար ալ կ՚ու­­զեն տան­­ջանքնե­­րով բա­­ցայայ­­տումներ լսել իր բեր­­նէն։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ այդ կաս­­կա­­­ծով եւ կաս­­կա­­­ծին հե­­տեւող տան­­ջանքնե­­րով ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը իրենք են որ Տո­­ղան Աք­­հանլըն կ՚ուղղեն դէպն ձա­­խակող­­մեան գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւններ։

12 Սեպ­­տեմբե­­րի զի­­նուո­­րական ֆա­­շիստ յե­­ղափո­­խու­­թե­­­նէն ետք Աք­­հանլը եւ կի­­նը Այ­­շէ կը ձեր­­բա­­­կալո­­ւին։ Այ­­շէ իր մէ­­կու­­կէս տա­­րուայ որդւոյն հետ կը հար­­կադրո­­ւի բանտ մտնե­­լու։ Մեթ­­րի­­­սի զի­­նուո­­րական ար­­գե­­­լանո­­ցին մէջ Եր­­կո­­­ւու­­կէս տա­­րի տե­­ւող այդ բան­­տարկու­­թե­­­նէն ետք, երբ ազատ կ՚ար­­ձա­­­կուին Աք­­հանլըի ըն­­տա­­­նիքը կ՚ապաս­­տա­­­նին Գեր­­մա­­­նիա։ 1998-ին Թուրքիա կը ջնջէ իր քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւնը եւ 2001-ին ալ կը ստա­­նայ Գեր­­մա­­­նական քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն։

Աքհանլը այդ հանգրո­­ւանին կը ծա­­նօթա­­նայ նաեւ հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան նիւ­­թին։ Նոյն տա­­րինե­­րու կը սկսի անոր գրա­­կան գոր­­ծունէու­­թիւնը։ Իրե­­րայա­­ջորդ կը հր­­ատա­­­րակէ երեք վէ­­պեր։ Չոր­­րորդ վէ­­պը նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ Երկրորդ Հա­­մամշխար­­հա­­­յին պա­­տերազ­­մի տա­­րինե­­րուն հրեայ փախստա­­կան­­նե­­­րով լե­­ցուն Սթրու­­մա նա­­ւու ող­­բերգու­­թիւնը։ Այդ նա­­ւը Ռու­­միաիայէն 791 հրեայ փախստա­­կան­­նե­­­րով կը հաս­­նի Պո­­լիս։ Թուրքիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը կը մեր­­ժեն նա­­ւուն քա­­րափ մտնե­­լը։ Ամիս­­ներ շա­­րու­­նակ նա­­ւը կը ստի­­պուի Իս­­թանպու­­լի նա­­ւահան­­գիստը սպա­­սելու։ Վեր­­ջին վճի­­ռով մը պե­­տու­­թիւնը նա­­ւուն կը պար­­տադրէ դէ­­պի Սեւ Ծով հե­­ռանալ եւ 24 Փետ­­րո­­­ւար 1942 թո­­ւակա­­նին Շի­­լէ գիւ­­ղի մեր­­ձա­­­կայ ափե­­րուն Խորհրդա­­յին Միու­­թեան ընդծո­­վեայ մը կը ռմբա­­կոծէ խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­նե­­­րով լե­­ցուն նա­­ւը։ Սթրու­­մա­­­յի դէպ­­քը Թուրքիոյ պե­­տու­­թեան ցե­­ղաս­­պան աւան­­դութեան օրի­­նակ­­նե­­­րէն մէ­­կը ըլ­­լա­­­լով կ՚անցնի պատ­­մութեան էջե­­րուն։

Տո­­ղան Աք­­հանլը Գեր­­մա­­­նիոյ մէջ կը ծա­­ւալէ հա­­սարա­­կական գոր­­ծունէու­­թիւն։ Թուրքիա-Գեր­­մա­­­նիա Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Միու­­թիւն, Թուրքիա-Գեր­­մա­­­նիա Մշա­­կու­­թա­­­յին Ֆո­­րում, Ցե­­ղապաշ­­տութեան Դէմ Քէօլ­­նեան Կոչ, Բռնու­­թեան Դէմ Հա­­սարա­­կու­­թիւն եւ նման հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու մէջ զա­­նազան պաշ­­տօններ կը ստանձնէ։ Թարգմա­­նու­­թիւններ կ՚ընէ Գեր­­մա­­­ներէ­­նէ թրքե­­րէնի եւ ռա­­տիօ հա­­ղոր­­դումնե­­րով կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ գրա­­կան յայ­­տա­­­գիր­­ներ։

Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան Հե­­տազօտ­­ման Մի­­ջազ­­գա­­­յին Կեդ­­րո­­­նի մէջ եւս աշ­­խա­­­տու­­թիւններ կը ծա­­ւալէ։ Հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րէն կ՚ըլ­­լայ Քէօլ­­նի մէջ Ռա­­ֆայէլ Լեմ­­քի­­­նի անո­­ւան գրա­­դարա­­նին։ Աք­­հանլը 10 Օգոս­­տոս 2010 թո­­ւակա­­նին հի­­ւանդ հայ­­րը վեր­­ջին ան­­գամ տես­­նե­­­լու նպա­­տակով Թուրքիա կ՚եր­­թայ եւ օդա­­կայա­­նին մէջ կը ձեր­­բա­­­կալո­­ւի։ Այդ ձեր­­բա­­­կալու­­մով իս­­կոյն շարժման կ՚անցնին իր ալ ան­­դա­­­մակ­­ցած Գրող­­նե­­­րու Մի­­ջազ­­գա­­­յին (Փեն) Միու­­թիւնը, Գեր­­մա­­­նական Փե­­նը, Գեր­­ման Գրող­­նե­­­րու Միու­­թիւնը եւ Մի­­ջազ­­գա­­­յին Ներ­­ման Կազ­­մա­­­կեր­­պութե­­նէն, Պեր­­լի­­­նի Գե­­ղարո­­ւես­­տի Ակա­­դեմիայէն, Դե­­մոկ­­րա­­­տիկ Իրա­­ւապաշտպան­­նե­­­րու Միու­­թե­­­նէն, Կա­­նանչնե­­րու Կու­­սակցու­­թե­­­նէն, Աւստու­­րիոյ Գրող­­նե­­­րու Միու­­թե­­­նէն զա­­նազան գոր­­ծիչներ դա­­տապար­­տե­­­ցին Թուրքիոյ Պե­­տու­­թեան այս որո­­շու­­մը եւ սկսան ճնշում բա­­նեց­­նել Թուրքիոյ դէմ։ Այդ ճնշու­­մը տո­­ւաւ ակնկա­­լուած ար­­դիւնքը եւ Տո­­ղան Աք­­հանլը 2010- Դեկ­­տեմբե­­րին ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցաւ։ Սա­­կայն մինչ այդ ար­­դէն մա­­հացած էր իր սի­­րելի հայրը, խոր սու­­գի մատ­­նե­­­լով իր որ­­դին։

Տո­­ղան Աք­­հանլըի հետ իմ ծա­­նօթու­­թիւնն ալ ազատ ար­­ձա­­­կու­­մէն ետք Քէօլ­­նի մէջ կա­­յացաւ։ Իր ձեր­­բա­­­կալու­­թեան շրջա­­նին Անգլիոյ մէջ զա­­նազան ար­­շաւներ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լով զօ­­րակ­­ցած էինք իրեն առանց իր հետ ան­­ձամբ ծա­­նօթա­­նալու։ Առիթ ու­­նե­­­ցայ իրեն պար­­զե­­­լու ձեր­­բա­­­կալու­­թեան շրջա­­նին մօ­­տէն հե­­տեւած եմ, մտա­­հոգո­­ւած եմ իր հա­­մար եւ շատ ու­­րախ եմ զինք ազա­­տու­­թեան մէջ տես­­նե­­­լով։ Տո­­ղան Աք­­հանլը շատ հան­­դարտ բնա­­ւորու­­թիւնով, խօ­­սակիցն ալ հան­­դարտեց­­նող կազմ մը ու­­նէր։ Հե­­տաքրքրա­­կան դրո­­ւագ­­ներ պատ­­մեց ձեր­­բա­­­կալու­­թեան օրե­­րէն։ Անոնց մէջ եր­­կու դէպք ին­­ծի ալ տպա­­ւորած է, որոնցմէ առա­­ջինը զի­­րեն տան­­ջանքներ կի­­րար­­կող ոս­­տի­­­կանին հետ միասին եր­­գե­­­լու պահն է։ Թէեւ շա­­տեր չեն գի­­տեր, բայց Տո­­ղան Աք­­հանլը երաժշտա­­կան հա­­կումներ ու­­նէր եւ նո­­ւագա­­րան­­ներ կրնար սար­­քել։ Զինք տան­­ջող ոս­­տի­­­կանը գոր­­ծադրած տան­­ջանքնե­­րէն յոգ­­նե­­­լով պահ մը կ՚ընդհա­­տէ իր չար գոր­­ծը եւ կը սկսի երգ մը մռմռալ։ Այդ եր­­գը ծա­­նօթ է նաեւ Տո­­ղանին ու ինք ալ կը ձայ­­նակցի։ Զինք տան­­ջող ոս­­տի­­­կանի հետ այդ ներ­­դաշնակ եր­­գե­­­ցողու­­թիւնը կ՚աւար­­տի այդ վեր­­ջի­­­նին յոգ­­նութիւ­­նը թօ­­թափե­­լով ու վերսկսի տան­­ջանքի գոր­­ծադրու­­թեան։

Երկրորդ դրո­­ւագը Թե­­քիր­­տա­­­ղի Ար­­գե­­­լանո­­ցին մէջ Դաշ­­նակցա­­յին Գեր­­մա­­­նիոյ Իս­­թանպու­­լի աւագ հիւ­­պա­­­տոսու­­հիին այ­­ցե­­­լու­­թիւնն է։ Հիւ­­պա­­­տոսու­­հին նախ այ­­ցե­­­լած է բան­­տի տնօ­­րէնը եւ անոր յայտնած թէ Տո­­ղան Աք­­հանլը իրենց հա­­մար շատ կա­­րեւոր անձնա­­ւորու­­թիւն մըն է եւ յա­­ռաջի­­կային ալ մերթ ընդ մերթ պի­­տի այ­­ցե­­­լէ զի­­րեն։ Աւե­­լի ետք հիւ­­պա­­­տոսու­­հին ու Աք­­հանլը գլուխ գլու­­խի կը զրու­­ցեն եւ հիւ­­պա­­­տոսու­­հին կը պատ­­մէ թէ իր եր­­կի­­­րը մօ­­տէն կը հե­­տաքրքրո­­ւի Աք­­հանլըի հետ եւ ինք ալ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ ու­­շադրու­­թեամբ հե­­տեւիլ բո­­լոր զար­­գա­­­ցումնե­­րուն։ Երբ հիւ­­պա­­­տոսու­­հին հրա­­ժեշտ կ՚առ­­նէ բան­­տի տնօ­­րէնը հե­­տաքրքրու­­թեամբ կը հարցնէ Աք­­հանլըին թէ ինք ո՞վ է։ «Ի՞նչ կ՚ընես որ Գեր­­մա­­­նիոյ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը այսքան մօ­­տէն կը հե­­տաքրքրո­­ւի քե­­զի հետ»։ Շատ պարզ ու կտրուկ է Աք­­հանլըի պա­­տաս­­խա­­­նը. «Ես Գեր­­մա­­­նիոյ քա­­ղաքա­­ցի եմ»։ Իր քա­­ղաքա­­ցինե­­րուն դէմ այսքան դա­­ժան վե­­րաբեր­­մունք ցու­­ցա­­­բերող պե­­տու­­թեան մը բան­­տի տնօ­­րէնը պար­­զա­­­պէս շան­­թա­­­հարո­­ւած է նման պա­­տաս­­խան մը լսե­­լով։

Նշեմ որ Տո­­ղան Աք­­հանլըի Թե­­քիր­­տա­­­ղի ար­­գե­­­լանո­­ցը գտնո­­ւած օրե­­րուն ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նէն ստա­­ցած առա­­ջին նա­­մակը ուղղար­­կո­­­ւած է Երե­­ւանէն, բա­­րեկա­­մէ մը, որ մեծ ու­­րա­­­խու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռած է Տո­­ղանին։

Դա­­տական նիս­­տե­­­րու ըն­­թացքին զօ­­րակ­­ցութեան հա­­մար Իս­­թանպուլ եկող­­նե­­­րու մէջ կը գտնո­­ւէր նաեւ Նո­­պելի Գրա­­կանու­­թեան Մրձա­­նակի դափ­­նե­­­կիր, Գեր­­մա­­­նացի անո­­ւանի գրող Կիւնթեր Կրաս։ Ան դա­­տարա­­նի մուտքին լրագ­­րողնե­­րուն կը յայտնէ թէ ան­­հիմն են Աք­­հանլըի ուղղո­­ւած բո­­լոր մե­­ղադ­­րանքնե­­րը։ «Ես գի­­տեմ որ Տո­­ղանը ան­­մեղ է եւ ան իմ ըն­­կերն է, ես կ՚երաշ­­խա­­­ւորեմ իր ան­­մե­­­ղու­­թեան»։

Թուրքիոյ պե­­տու­­թեան Տո­­ղան Աք­­հանլըի դէմ հա­­լածան­­քը շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցաւ աւե­­լի ետք ալ։ Երբ ան ար­­ձա­­­կուրդի հա­­մար կը գտնո­­ւէր Սպա­­նիայ, սպա­­նական ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը գոր­­ծադրե­­լով Թուրքիոյ «Ին­­թերփոլ»ի մի­­ջոցաւ կա­­յացու­­ցած որո­­շու­­մը, բեր­­ման կ՚են­­թարկէ զինք դար­­ձեալ Թուրքիա ուղղար­­կե­­­լու հա­­մար։ Գեր­­մա­­­նիոյ պե­­տու­­թիւնը եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րաու­­թիւնը ան­­գամ մը եւս ահա­­զանգ հնչե­­ցու­­ցին եւ կան­­խե­­­ցին այդ որո­­շու­­մը։

Քէօլն, ճա­­շարա­­նի մը մէջ կա­­յացած այս առա­­ջին հան­­դի­­­պու­­մէն ետք ես զինք հրա­­ւիրե­­ցի Լոն­­տոն։ Ըն­­դա­­­ռաջեց իմ այդ հրա­­ւէրին եւ այ­­ցե­­­լեց իմ ապ­­րած քա­­ղաքը, ուր ես առի­­թը ու­­նե­­­ցայ ամ­­բողջ շա­­բաթ մը իր հետ Լոն­­տո­­­նի բո­­լոր տե­­սար­­ժան վայ­­րե­­­րը այ­­ցե­­­լելու։

Ինչպէս այս գրու­­թեան մէջ ալ յայտնի կը դառ­­նայ Տո­­ղան Աք­­հանլըի կեան­­քի ու­­ղին ու­­նե­­­ցաւ եր­­կու երե­­սակ։ Մէ­­կը երի­­տասար­­դութեան տա­­րինե­­րէն սկսեալ ընդմիշտ իրեն հե­­տեւող Թուրքիոյ հա­­լածանքն էր, իսկ երկրոր­­դը հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ճա­­նաչ­­ման մէջ դրսե­­ւորած ան­­զի­­­ջող պայ­­քա­­­րը։ Վեր­­ջին ան­­գամ մա­­հէն եր­­կու օր առաջ 29 Հոկ­­տեմբե­­րին գրած էր ին­­ծի ու կը շնոր­­հա­­­ւորէր ծնունդս։ «Աշ­­խարհի բո­­լոր լե­­զու­­նե­­­րով ծնունդդ շնոր­­հա­­­ւոր սի­­րելի Սեր­լտա։ Եր­­ջա­­­նիկ բա­­զում տա­­րինե­­րու մաղ­­թանքով…» ըսած էր այդ գրա­­ռու­­մին մէջ։

Հա­­զիւ եր­­կու օր անց 31 Հոկ­­տեմբե­­րի երե­­կոյեան ժա­­մերուն ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րով լսե­­ցի մա­­հուան գոյ­­ժը։ Քա­­րացած մնացի, ան­­հա­­­ւատա­­լի թո­­ւեց։ Մին­­չեւ լու­­սա­­­ծագ յի­­շատակ­­նե­­­րով տո­­ւայ­­տե­­­ցայ։ Այս պա­­հուն ու­­րախ եմ որ կեան­­քը ին­­ծի պար­­գե­­­ւեց Տո­­ղան Աք­­հանլըի հետ ծա­­նօթա­­ցած ըլ­­լա­­­լու բա­­ցառիկ եր­­ջանկու­­թիւնը։ Վստահ եմ որ ժա­­մանա­­կի ան­­հունին մէջ մեր ճա­­նապարհնե­­րը կրկին ան­­գամ կը խա­­չաձե­­ւուին։

9 Փետ­­րո­­­ւար 2022 Լոն­­տոն

* Ծնած է 29 Հոկ­­­տեմբեր 1969-ին Մա­­­րաշի Էլ­­­պիստան գա­­­ւառը։ Նախ­­­նա­­­­­­­կան եւ երկրոր­­­դա­­­­­­­կան ու­­­սումը ծննդա­­­վայ­­­րին մէջ ստա­­­նալէ վերջ գաղ­­­թած է Իս­­­թանպուլ։ Պաշ­­­տօ­­­­­­­նավա­­­րած է Ելմտա­­­կան Նա­­­խարա­­­րու­­­թեան Հար­­­կե­­­­­­­րու Գրա­­­սենեակին մէջ։ 1998-ին քա­­­ղաքա­­­կան պատ­­­ճառնե­­­րով պաշ­­­տօ­­­­­­­նազրկո­­­ւած է եւ յա­­­ջորդ տա­­­րի ալ դստեր հետ գաղ­­­թած Անգլիա։ 2007-ին աւար­­­տած է Լոն­­­տո­­­­­­­նի Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի Քա­­­ղաքա­­­կան Գի­­­տու­­­թիւննե­­­րու Բա­­­ժինը։

Արտատպուած՝ Ակօսէն