«ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ»Ի ԽՕՍՆԱԿ՝ ՍԱՅԱԹ ԹԷՔԻՐ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

ՊՈՍԹԸՆ.- Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» հասարակական կազմակերպութեան գործունեայ անդամ եւ պաշտօնական խօսնակ՝ Սայաթ Թեքիր, վերջերս այցելեց Միացեալ Նահանգներու գաղթօճախներ: Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս, ան այցելեց Նիւ Եորք, Պոսթըն եւ Տիթրոյթ: Նախապէս, ան այցելած էր նաեւ Քալիֆորնիա: […]

Մինակ Չէք

Աբօ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Ասպարեզ   Անցեալ Ուրբաթ օր «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւն այցելեց Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» շարժումի գործիչներէն Սայատ Թեքիրը: Առաջին իսկ վայրկեանէն անմիջական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, գլխաւորաբար՝ շնորհիւ իրմէ ճառագայթող ջերմութեան, համեստութեան եւ փայլփլող աչքերուն: Հազիւ խմբագրատունէն […]

Սայաթ Թէքիր. ««Արմէն Ճամբար»ի Հարցով Մենք Հասանք Մեր Նպատակին»

Արեւելք «Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Գամբ Արմէն»ը պիտի վերանորոգուի սակայն, տակաւին պարզ չէ, անոր օգտագործման եղանակը»,- «Արեւելք»ին ըսաւ «Նոր Զարթօնք» շարժումի պատասխանատու Սայաթ Թէքիր: Ան նաեւ նշեց, որ համայնքի Պատուելիին հետ խորհրդակցած են, եւ […]

«Արմէն» Ճամբարը Վերադարձուեցաւ Հայ Համայնքին

Էրմենիհապեր Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Արմէն» ճամբարը Հոկտեմբեր 27ին վերադարձուեցաւ Պոլսոյ Հայ աւետարանական համայնքին: Այս լուրը հաստատեց Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկի փաստաբան Սեպուհ Ասլանքիլը՝ նշելով, որ սեփականութեան վկայականը արդէն իսկ յանձնուած է հիմնարկին։ Լուրը […]

Ուրկէ՞ Ստացան Իրենց Ուժը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Asbarez Պարզ, համեստ, բայց եւ խօսուն յայտարարութիւն մը. «2015 թուականի Մայիս 6ին մեր սկսած պայքարը, դիմադրութեան 175րդ օրը՝ 2015ի Հոկտեմբեր 27ին, պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Ճամբարը վերադարձուեցաւ Կետիկփաշայի հայկական հիմնադրամին: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք պայքարի […]