Մեր Խօսքը

[ A+ ] /[ A- ]

1529902_1035876299774022_3423377759606165417_o

Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն
Ազդակ

Ընթերցումները, նկարները, հեռակայ զեկոյցները յաճախ բաւարար չեն տուեալ շրջանի մը մէջ ապրող ժողովուրդի մը մասին ճշգրիտ տպաւորութիւն ունենալու համար: Այս բացթողումը կը ստանայ կրկնակի տարողութիւն, երբ տուեալ շրջանը կը գտնուի հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանութեան զոյգ ոճիրներուն պատասխանատու պետութեան աշխարհագրական շրջագիծէն ներս:

Առաւել եւս, երբ խօսքը կը վերաբերի շրջանի մը, որուն հետ, գաղափարական կամ հոգեկան պատճառներէ մեկնած, ընդհանրապէս չունինք գործնական շփում, ուստի երեւակայական կամ չափազանցուած մտապատկերներ դիւրութեամբ կրնան հիւսուիլ հոն ապրող մարդոց, անոնց աշխարհայեացքին ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:

Այս պարագային տուեալ շրջանը Պոլիսն է, իսկ ժողովուրդը` հոն ապրող հայութիւնը, աշխարհագրականօրէն մեր ապրած երկրին այնքա՛ն մօտիկ, բայց միաժամանակ նոյնքան հեռու` հաղորդակցութեան ու համակարգուած յարաբերութիւններու անբաւարարութեան պատճառով:

Ինչպիսի՞ գաղութ մըն է պոլսահայ գաղութը (եթէ կարելի է նոյնիսկ գաղութ անուանել), որո՞նք են անոր ժամանակակից յատկանիշները, որո՞նք են անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Ինչպիսի՞ ընկերաքաղաքական առօրեայ մը կ՛ապրի տեղւոյն հայ ժողովուրդը: Տրուած ըլլալով, որ պոլսահայութիւնը Թուրքիոյ վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունեցող գաղութ մըն է, մեծ յոյսեր կը կապենք անոր դերակատարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան հարցի լուծման ընթացքին մէջ: Որքա՞ն արդարացի են մեր յոյսերը, որքա՞ն լայն է գաղութին դերակատարութեան դաշտ, որո՞նք են այսպիսի պայքարի մը կարելիութիւնները եւ վտանգները: Վերջապէս, ի՞նչ ձեւերով կարելի է գործակցութիւն յառաջացնել Լիբանանի եւ Պոլսոյ հայ գաղութներուն միջեւ: Ահա հարցումներ, որոնց պատասխանները անհրաժեշտ են իրապաշտօրէն ծանօթանալու համար պոլսահայութեան եւ բանալու համար դուռը մեր ու անոնց միջեւ կայանալիք գործակցութեան կարելիութիւններուն:

«Զաւարեանական էջ»-ը ունեցաւ հարցազրոյց մը «Ակօս» թերթի արձակագիր Բագրատ Էսդուքեանի եւ «Նոր զարթօնք» հասարակական կազմակերպութեան անդամ ընկերաբան Սայաթ Թեքիրի հետ: Յոյսով ենք, որ այս հարցազրոյցը, «Զրոյց մը Պոլսոյ հայերուն հետ» երեկոյին կողքին, մեզ կը մղէ աւելի առնչուած զգալու պոլսահայ գաղութի առօրեային: Անհրաժեշտ է, որ դառնանք նախանձախնդիր երկու գաղութներուն միջեւ համակարգուած յարաբերութիւններ մշակելու հրամայականը ներառելու ընթացիկ օրակարգերու ցանկին մէջ: